Օրթոտոքսիի դաշտին վրայ (Ամման, Յորդանան) տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը իր երկրորդ մրցումին 14 կէտի տարբերութեամբ` 74-60 արդիւնքով, յաղթանակ մը արձանագրեց Սուրիոյ դէմ:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին Լիբանան 88-75 արդիւնքով յաղթեց Իրանին:
Երէկուան այս մրցումին Լիբանանէն Լամա Մըքատտեմ նշանակեց 13 կէտ:
Լիբանանի կազմին մէջ են երեք հայեր` Մեղրի Թորոսեան, Նարին Կէօքճեան եւ Նաթալի Սվաճեան, իսկ Սուրիոյ խումբին մաս կը կազմէ Աննա Աղնանեան-Ասլանեան:
Այսօր` շաբաթ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, Լիբանան կը կատարէ Ա. հանգրուանի իր երրորդ եւ վերջին մրցումը` Յորդանանի դէմ:
Վաղը` կիրակի, հանգիստի օր է: Երկուշաբթի օր դասաւորման առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը (ընդամէնը` 4 խումբ), աւարտականին կը մրցին իրարու դէմ եւ կը տիրանան ախոյեան տիտղոսին: