Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Բանակը Համայի Ամբողջ Հիւսիսը Առաւ Իր Հակակշռին Տակ Ու Պաշարեց Թրքական Բանակի Հսկողութեան Կէտը

August 24, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թուրքիա Իտլիպի Յարձակումները Կը Նկատէ
«Լուրջ Վտանգ»` Իր Ազգային Անվտանգութեան Համար

Սուրիոյ բանակը Համայի ամբողջ հիւսիսը վերստին իր հակակշիռին տակ առնելէն ետք,  հասաւ Մուրքի մէջ գտնուող թրքական հսկողութեան կէտ:

«Իխպարիա Սուրիա» հաղորդեց, որ բանակը իր վերջին գործողութիւններուն ընթացքին Համայի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ ազատագրած է աւելի քան 100 գիւղաքաղաքներ եւ գիւղեր, ինչպէս նաեւ` 12 ռազմավարական բլուրներ:

Զինուորական աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ ահաբեկչական խմբաւորումները մեծ կորուստներ ունեցած են եւ, իրենց զէնքն ու զինամթերքը լքելով, դիմած փախուստի: Այլ աղբիւրներու համաձայն, կարգ մը խմբաւորումներ ապաստանած են թրքական բանակի հսկողութեան կէտին մէջ եւ այդ կէտը շրջապատող սուրիական բանակը ներկայացնող տեսերիզներ կը սփռեն:

«Թոփ աֆ Ֆորմ» կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը ձախողած է Մուրքի կէտին մօտ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութիւն տրամադրելէ:

Թուրքիոյ նախագահութիւնը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով,  տեղեկացուց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, թէ Սուրիոյ բանակին Իտլիպի մէջ յարձակումները կը վնասեն Սուրիոյ հակամարտութեան լուծում մը գտնելու ջանքերուն եւ լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան:

Ան ըսած է, թէ Սուրիոյ բանակին կողմէ զինադադարին խախտումը «մարդկային մեծ ճգնաժամ» կը ստեղծէ:

Քրեմլին իր կարգին հաղորդեց, որ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին «քննարկուած են Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիէն ներս իրավիճակի կայունացման ծիրին մէջ ռուս-թրքական փոխադարձ գործակցութեան հարցերը: Կողմերը համաձայնած են աշխուժացնել միացեալ ջանքերը այդ տարածքէն ահաբեկչական սպառնալիքները վերցնելու համար եւ ապահոված 17 սեպտեմբեր 2018-ին Սոչիի մէջ ստորագրուած յուշագիրի իրականացումը»:

 

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Ընդունելու Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Անվտանգութեան Ապահովման Որեւէ Օգնութիւն» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Հրաժարած Է Թուրքիոյ «Փաթրիոթ» Վաճառելու Գաղափարէն

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.