Հարաւային Քորէացի զինուորականները յայտարարած են, թէ Հիւսիսային Քորէա երկու անյայտ հրթիռներ արձակած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռիոնհափ» լրատու գործակալութիւնը:
«Այս առաւօտ Հիւսիսային Քորէան երկու անյայտ հրթիռներ արձակած է Քոնվոնտոյի նահանգի Թհոնչհոն շրջանէն դէպի Ճափոնական ծով», յայտնած են Հարաւային Քորէայի շտապներու պետերու միացեալ յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
Հիւսիսային Քորէա 25 յուլիսէն ի վեր` Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Քորէայի կողմէ միացեալ ռազմափորձերը չջնջելու լոյսին տակ նոր մարտավարական հրթիռներու փորձարկումներ կը կատարէ: Այս հրթիռներու արձակումը արդէն վեցերորդ փորձարկումն էր:
Սէուլի եւ Թոքիոյի մէջ այդ հրթիռարձակումները կ՛որակուին իբրեւ նոր տիպի փոքր հասողութեան թեւաւոր հրթիռներու փորձարկում: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պատժամիջոցներու խստացման սպառնալիքով Հիւսիսային Քորէային կ՛արգիլէ թեւաւոր հրթիռներու մշակումը եւ արձակումը: