Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

August 15, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի տեսակապի միջոցով «Թերթ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ սփիւռքի մէջ կ՛ողջունեն համահայկական օրակարգ ստեղծելու գաղափարը, սակայն ասիկա նոր բան չէ. նախապէս ալ` թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ այս հարցը եղած է օրակարգային: Հարցազրոյցը` ստորեւ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Բագրատունի, լիբանանահայ համայնքը հայկական սփիւռքի ողնաշարն է: Մօտաւոր հաշուարկներով` այսօր Լիբանանում բնակւում է շուրջ 140 հազար հայ, ի հարկէ թիւը զգալի կրճատուել է: Ի՞նչ վիճակում է այսօր գտնւում Լիբանանի հայկական համայնքը` հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական դրութիւնը Մերձաւոր Արեւելքում:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Բնականաբար, լիբանանահայութիւնը կղզիացած վիճակի մէջ չէ, երբեմն դրական, երբեմն բացասական ազդեցութիւններ կ՛ըլլան լիբանանահայութեան վրայ: Լիբանանահայութիւնը այսօր կ՛ապրի իր սովորական առօրեայով. կը գործեն ազգային, եկեղեցական, բարեսիրական, մարզական, մշակութային կառոյցները: Այսօր ունինք տնտեսական խնդիր, որուն պատճառով ալ շատ լիբանանահայեր կը բռնեն հայրենադարձութեան ուղին. ասոր համար մենք միայն ուրախ ենք:

Լիբանանի մէջ հայութիւնը ունի քաղաքական ներկայութիւն պետական համակարգին մէջ: Երկրին սահմանադրութեամբ ասիկա ամրագրուած է, եւ մենք կ՛օգտուինք մեր իրաւունքներէն: Լիբանանահայութիւնը ազատ է քաղաքական դիրքորոշում ունենալու առումով, սակայն իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ` մենք ունինք պարտականութիւններ, որոնք պէտք է կատարենք այն խոր հաւատքով, որ Լիբանանը պէտք է մնայ  միասնական` հեռու ըլլայ արտաքին միջամտութիւններէ, պէտք է պահպանէ տարածքային ամբողջականութիւնը, միջհամայնքային յարաբերութիւնները պէտք է խաղաղ ըլլան:

Հ.- Ասացիք, որ տնտեսական դրութեամբ պայմանաւորուած` լիբանանահայ համայնքը նօսրանում է: Առհասարակ ի՞նչ վտանգներ էք տեսնում այսօր սրա հետ կապուած: Ինչի՞ կը յանգեցնի այն փաստը, որ Հայաստանը Մերձաւոր Արեւելքում քիչ-քիչ կորցնում է հարիւրամեայ իր համայնքը:

Պ.- Տասնամեակներ շարունակ ըսած ենք, որ սփիւռքը կը կառուցենք հայրենիքի համար եւ օր մը պէտք է սփիւռքի ներուժը օգտագործել ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի: Այսօր մենք այն իրավիճակին մէջ չենք, որ արհեստականօրէն հայրենադարձութիւն սկսինք: Անհրաժեշտ է, որ սփիւռքի ներկայի վիճակը պահպանուի, աւելի՛ն` պէտք է այնպէս մը ընել, որ սփիւռքը հզօրանայ: Մենք այս պահուն կը տեսնենք այլ առաջնային հարց մը եւս. եթէ տնտեսական, ընկերային եւ այլ պատճառներով արտագաղթ տեղի կ՛ունենայ սփիւռքի մէջ, ապա ատիկա պէտք է ուղղուի դէպի Հայաստան: Հակառակ պարագան ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ Արցախի եւ ո՛չ ալ սփիւռքի համար օգտակար է: Կարելի չէ քանդել արդէն իսկ եղած համայնքները եւ ստեղծել նոր համայնքներ, որոնք ունենան հայապահպանութեան, ինքնութեան պահպանման խնդիր:

Հ.- Նշեցիք` սփիւռքի ներուժը պէտք է օգտագործել ի շահ Հայաստանի: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստեփանակերտեան իր ելոյթում խօսեց համահայկական օրակարգ ձեւաւորելու մասին: Իշխանութիւնների գործողութիւնների յաջորդականութիւնն արդեօ՞ք կը բերի նրան, որ իսկապէս ձեւաւորուի համահայկական օրակարգ: Դուք դրա միտումը տեսնո՞ւմ էք:

Պ.- Վարչապետ Փաշինեանի` համահայկական օրակարգ ստեղծելու առաջարկը, ձգտումը ողջունելի է, սակայն համահայկական օրակարգ ստեղծելու այս ձգտումը նոր բան չէ. նախկինին ալ թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ այս հարցը եղած է օրակարգային: Մենք անվերապահօրէն կ՛աջակցինք այս գաղափարին: Սակայն երբ կ՛ըսենք համահայկական օրակարգ, այդ բառը, ինքնըստինքեան, կը պարտաւորեցնէ, այսինքն` անիկա իսկապէս պէտք է ըլլայ  համահայկական` Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի բոլոր քաղաքական, հասարակական ու այլ ուժերու մասնակցութեամբ: Այս ծիրին մէջ  անպայմանօրէն պէտք է նկատի առնուի Ցեղասպանութեան, Արցախի հարցը, Հայաստանի հզօրացման, անվտանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման հարցը:

Հ.- Վարչապետ Փաշինեանը նշեց նաեւ հայկական դրամագլուխը Հայաստան բերելու մասին: Առհասարակ ի՞նչ տրամադրութիւններ կան սփիւռքում նոր իշխանութիւնների նկատմամբ: Սփիւռքը պատրա՞ստ է դրամագլուխը Հայաստան բերելու:

Պ.- Ներդրումային առումով սփիւռքի մէջ ապրող հայը միշտ պէտք է ազգային իր պարտականութիւնը կատարէ, սակայն Լիբանանի մէջ ասացուածք կայ` «դրամագլուխը վախկոտ է»: Ներդրողի տեսանկիւնէն` ներդրումները հայրենասիրութեան հետ կապելը ճիշդ չէ: Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները առաւելագոյնը ընեն` Հայաստանը վերածելու ներդրումային միջավայրի, ուր թէ՛ հայը, թէ՛ օտարերկրացին ներդրումներ կատարեն ու գիտնան, որ կան անվտանգութեան երաշխիքներ, միջավայրը ապահով է, կը գործեն բոլոր օրէնքները: Մենք ալ պէտք է սփիւռքի մէջ աշխատինք հայ ու ոչ հայ ներդրողները ուղղորդելու դէպի Հայաստան: Անկէ, մեծ հաշուով, կ՛օգտուին բոլորը` թէ՛ հայաստանցիները, թէ՛ սփիւռքի մէջ ապրող հայերը:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Տըրղամի Եւ Հիւսէյնի Հետ Քննարկեց Աքքարի Կարիքները

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի Նախարարութիւնը Պատժամիջոցներ Հաստատած Է Հայկական Երկու Ընկերութիւններու Դէմ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։