ԼՈՆՏՈՆԵԱՆ Արսենալ ֆութպոլի խումբը յայտարարեց, թէ պրազիլցի ֆութպոլիստ Տաւիտ Լուիս միացաւ խումբին` լքելով լոնտոնեան այլ խումբ մը` Չելսին, որուն հետ ելոյթ ունեցաւ երեք տարեշրջան:
32 տարեկան պրազիլցին սպանացի Ունայ Էմերիի գլխաւորած խումբին հետ ելոյթ պիտի ունենայ կրելով թիւ 23 մարզաշապիկը:
Լուիս նախապէս իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ պրազիլեան, փորթուգալեան եւ ֆրանսական ախոյեանութիւններուն:
ՊԵԼՃԻՔԱՑԻ յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտէն տեղափոխուեցաւ Ինթեր Միլան` անոր հետ կնքելով հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը, յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս փոխանցումին համար Ինթեր Մանչեսթըրին պիտի վճարէ 65 միլիոն եւրօ, որուն վրայ կու գայ աւելնալու 12 միլիոն եւրօ` յաւելավճարներու դրութեամբ:
26 տարեկան Լուքաքու 2017-էն ի վեր մաս կը կազմէ Եունայթըտի: