Երէկ յետմիջօրէին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Էներժի (Զուք Միքայէլ) եւ Ֆինիքիա (Պրէյզըրզ):

Էներժի հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` 73-51 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Այս մրցումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնի այլ անդամներ:
Մրցումին եւ Էներժիի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քարլ Քըզահ (34):
Օրուան իրաւարարներն էին Զիատ Թաննուս, Ժորժ Պաաքլինի եւ Ռոնի Ազար: