
Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտ մարզական լրատուամիջոցներու ներկայութեան պաշտօնապէս ներկայացուց իր նոր ֆութպոլիստը` թունուզցի միջազգային մարզիկ Ահմետ Աքայշին (30 տարեկան):
Ան իր նոր ակումբին մարզաշապիկը ստացաւ Ահտի նախագահ Թամիմ Սլէյմանէն, նախքան նոր տարեշրջանի իր փորձերը սկսիլը: