Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ հենտպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցած աւարտական ճակատումին, Հարաւային Քորէա 26-19 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ճափոնի դէմ:
Երրորդ դիրքի մրցումին, Լիբանան 34-17 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Չինաստանէն, գրաւեց չորրորդ դիրքը:
Աւարտին Լիբանանի հենտպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ապտալլա Աշուր` ներկայութեամբ Ասիոյ հենտպոլի ֆետերասիոնի անդամներուն, կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը: