Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Շապապ Սահել 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շապապ Ղազիէի դէմ: Մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ 16-րդ վայրկեանին:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Ղազիէ Սահելի հետ միասին ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ 600 հանդիսատես: