Պարսելոնայի նախկին բերդապահ Վիքթոր Վալտես նշանակուեցաւ ակումբի 19 տարեկանէն վար խումբի գլխաւոր մարզիչ:
Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020: Շատ հաւանաբար կարելի ըլլայ զայն երկարաձգել տարիով մը:
Ան ամիս մը առաջ մարզիչի «Փրօ» կարգի արտօնագիր ստացած էր:
Ան նախքան իր այս պաշտօնը ստանձնելը մարզիչն էր Մորաթալաս պատանեկան խումբին, որ մատրիտեան արուարձանի իր ենթախումբին ախոյեանը հանդիսացաւ: