Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, Ռուսիոյ թիւ 1 դասուած հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով բարձրացաւ 8-րդ դիրք (նախապէս` 9-րդ)` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2890 վարկանշային կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ կը մնայ սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ քանի մը օր առաջ տիրացաւ Ուիմպըլտընի մրցաշարքին տիտղոսին:
Ան աւելի եւս ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` ունենալով 12.415 կէտ:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ բաւական հեռու է անկէ (7945): Իսկ երրորդ դիրքը կը գրաւէ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (7460):