Ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսըն, որ բանտարկուած էր Թուրքիոյ մէջ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրավիճակին` նշելով, որ հայերը եւս կը զգան «Էրտողանի թշնամանքին լարուածութիւնը»: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
«Էրտողանի վարչակարգը յատկապէս թշնամական է. շատ թուրքերու համար կարեւորը իսլամներու անհատականութիւնն է: Այո՛, ես կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները, պատմականօրէն քրիստոնեայ խումբերը, ինչպէս` հայերը կամ ուղղափառները, կը զգան լարուածութիւնը», ըսած է Պրանսըն:
Յիշեցնենք, որ պատուելին շուրջ երեք տարի բանտարկուած էր Թուրքիոյ մէջ: Ան կը մեղադրուէր քիւրտ զինեալ խումբերու հետ կապեր ունենալու եւ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենին աջակցելու յանցանքով:
Պրանսըն ազատ արձակուեցաւ հոկտեմբեր 2018-ին: