ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Թատրոնի միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Երեւանի Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ ներկայացուց Սաշա Կիթրիի «Արի` երազենք» (Faisons un rêve… 1916) կատակերգութիւնը` բեմադրութեամբ ֆրանսահայ բազմակողմանի արուեստագէտ Ժիրայր Փափազեանի:
Հեղինակը.- Ալեքսանտր (Սաշա) Կիթրի (1885-1957) որդին է կնամոլ դերասան Լիւսիէն Կիթրիի: Ծնած Է ցարական Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ, երբ հայրը այդտեղ ֆրանսական թատրոն մը կը վարէր: Բազմաթիւ վարժարաններ փոխելէ ետք, 16 տարեկանին ուսումը լքած է եւ միացած` հօր թատերախումբին, որ կը կոչուէր «Վերածնունդի թատրոն»: Վերածնունդի յատկանիշներէն մէկն էր սեռային սանձարձակութիւնը: Կիթրի հետեւեցաւ հօր օրինակին նաեւ իր կնամոլութեամբ: Սկսնակ դերասանուհիներու հետ պաշտօնապէս ամուսնացած եւ շուտով ամուսնալուծուած է հինգ անգամ, իսկ անպաշտօն … (1):
Կիթրի ունեցած է մեծ ժողովրդականութիւն: Հեղինակած է 120 թատրերգութիւն, (!) որոնք անձամբ բեմադրած է եւ ստանձնած` գլխաւոր դերը, իր եսակեդրոնութեամբ վաստակելով Monsieur Moi (Տիար ես) մականունը» (2): Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին Կիթրի լաւ յարաբերութիւններ ունեցած է Նացի իշխանաւորներուն հետ, որոնք արտօնած են, որ Կիթրի շարունակէ զուարճացնել գերման սպաները ոչ միայն իր թատրոնով, այլեւ` իր շարժապատկերով, երբ դուրսը արիւն կը հոսէր: Հետագային ֆրանսական իշխանութիւնները անվաւեր յայտարարած են Կիթրիի ուղղուած քաղաքական ամբաստանութիւնները, այդուհանդերձ…
Կիթրիի թատրոնը «պուլվարային» է: Արական տիպարներու սրախօսութիւնները ունին հասարակ շարժավարի մը մշակութային մակարդակը: Կիթրիի հերոսները փոքր, իրենց կիրքերուն գերի, շնական մարդիկ են, այսուհանդերձ` սրամիտ: Դիպաշարերը թոյլ են (2): Պարզ է ուրեմն, թէ Կիթրի ինչպիսի՛ հանդիսատեսի կը միտի հաճոյանալ: Կիթրի յաճախ հեգնական կեցուածք ունի կիներու հանդէպ: Կու տամ լոկ երկու օրինակ. «Հոգի՛ս, միւսները իմ կիներս էին, դուն իմ այրի՛ս պիտի ըլլաս»: «Ես համաձայն եմ կիներու ձեռքը համբուրելու սովորութեան, ի վերջոյ հարկ է որեւէ տեղէ սկսիլ»:
Դիպաշարը.- Կնամոլ երդուեալ ամուրի փաստաբան մը իր տուն կը հրաւիրէ հազիւ ծանօթ այլ կնամոլ մը` հեռաձանելով … անոր կնոջ: Առաջին տեսարանէն իսկ կ՛իմանանք, որ զոյգին յարաբերութիւնները պաղ են, եւ թէ` կինը մինչեւ կոկորդ կշտացած է ամուսինին սեռային արկածախնդրութիւններէն: Կինը մեծապէս տպաւորուած է փաստաբանի կահաւորումի ճաշակէն: Երբ ամուսինը անհաւատալի պատրուակ մը կը հնարէ իր յաջորդ հանդիպումին համար, կինը կ՛առաջարկէ կնքել համաձայնագիր մը, թէ` երկու կողմերը ազատ են սեռային արկածախնդրութիւններ ունենալ` առանց բացատրութիւն տալու իրարու, պայմանաւ որ պահպանուին ձեւականութիւնները: Ամուսինը կը համաձայնի եւ կը մեկնի առանձին: Իր թաքստոցէն դուրս կու գայ տանտէրը եւ անմիջապէս կը ձեռնարկէ իր նոր նուաճումին: Բերդը կը գրաւուի առանց լուրջ դիմադրութեան: Յաջորդ առաւօտ կը ցցուի միակ իսկական հարցը. ինչպէ՞ս պահպանել երեւոյթները: Այդ արագ կը լուծուի, երբ կը պարզուի, որ ամուսինը եւս գիշերած է ամուսնական բոյնէն դուրս: Փաստաբանը ամուսինին կը թելադրէ երկու օրով հեռանալ քաղաքէն` պատրուակելով, որ իբր թէ շտապած է իր մահամերձ հօրաքրոջ մօտ: Զոյգը ուրեմն ունի երկու ազատ օր:
Բեմայարդարում եւ այլն.- Համացանցի վրայ դիտած եմ երեք կատարումներ: Ինծի ծանօթ ամենաշքեղ տարբերակը տեղի ունեցած է 2007-ին «Edouard VII» փառաւոր թատրոնին մէջ, հովանաւորուած է France 2 հեռատեսիլի կողմէ: Սիրահարի դերը ստանձնած է Pierre Arditi-ն, որ … 63 տարեկան էր (տես youtube v=gXH-MeYBA3s): Պարզ է, որ բացի շլացուցիչ բեմայարդարումէն` շեշտը պիտի դրուէր լեզուականին վրայ, այսինքն` Կիթրիի գերազանցօրէն ֆրանսական սրախօսութուններուն: Փափազեան չէր կրնար ընտրել այդ լուծումը ոչ միայն անոր ահաւոր ծախսալից ըլլալուն պատճառով, այլ որովհետեւ որեւէ թարգմանութիւն անխուսափելիօրէն կը կորսնցնէ ե՛ւ ֆրանսականութիւնը, ե՛ւ հումորը:
Բեմայարդարումը Հայաստանի մէջ, առաւել եւս այստեղ, դիտաւորեալ կերպով համեստ է: Բեմին վրայ ամէնէն իշխող տարրն է խորապատկերի հսկայ սպիտակ շղարշ՛ վարագոյրը, որ ոչ միայն կը ծառայէ որպէս պատկերներու ցուցադրութեան պաստառ, այլեւ` ննջարանի առագաստ: Ափսոս, որ այդ տեսարանը չէ լուսանկարուած:
Ի տարբերութիւն այս կատակերգութեան դասական կատարումներուն` կարեւոր դեր տրուած էր երաժշտութեան, ի մասնաւորի` երգերու, որոնք կ՛արտայայտեն կնոջ հոգեվիճակը: Կ՛ուզեմ նշել երկուքը. «Parlez-moi d’amour», որ կ՛ըսէ. «Դուք շատ լաւ գիտէք / որ խորքին մէջ, ոչ մէկուն (խօսքի) կը հաւատամ / բայց այսուհանդերձ կ՛ուզեմ տակաւին / լսել բառեր զորս կը պաշտեմ» (3) եւ «C’est si bon» .- «…անուշ բառեր / փոքրիկ ոչինչներ / որոնք այսուհանդերձ, կ՛ըսեն ամէն ինչ» (4): Տիկինը քաջ գիտէ, որ փաստաբանը հասարակ շառլաթան մըն է, գիտէ, որ անոր շատախօսութիւնը «փոքրիկ ոչնչութիւններ»-ու շարան մըն է, այսուհանդերձ, կը ցանկայ լսել զինք շոյող բառեր: Բանալի բառն է «այսուհանդերձ»-ը:
Թարգմանութիւնը կատարած է Նունէ Աբրահամեանը: Իրենց ներդրումը ունեցած են նաեւ բեմադրիչը եւ թատերախումբին անդամները: Թարգմանութիւնը տժգոյն է` բաղդատած բնագրին: Կը թուի, թէ թատերախումբը այս հարցին լիարժէք չէ վերաբերած: Անյաջող է նոյնիսկ վերնագիրը: Ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի մէջ այդ կ՛ըսէ` «Երազ մը շինենք» (Faisons, Let՛s Make): Շինելը դիտումնաւոր, գիտակից արարք է, մինչդեռ երազը կը պատկանի անգիտակիցին: Այստեղ կայ սեւ հումոր:
Տիպարներ եւ մեկնաբանութիւն.- Կը փութամ յստակացնել, որ թատերախումբը արհեստավարժ է, ուրեմն այստեղ հարցը ոչ թէ խաղարկութեան մակարդակի՛ն մասին է, այլ` մեկնաբանութեա՛ն:
Կիթրիի տիպարները անբովանդակ կեանք կ՛ապրին: Կը փորձեն դատարկութիւնը լեցնել արկածախնդրութեամբ:
Այստեղ գլխաւոր կերպարը փաստաբանն է, որ իր վրայ վերցուցած է շատախօսութեան … ներողութիւն, պիտի ըսէի` երկխօսութեան մեծագոյն բաժինը: Մխիթար Աւետիսեանը համակրելի եւ կարող արուեստագէտ է ե՛ւ որպէս դերասան, ե՛ւ որպէս երգիչ: Այսուհանդերձ, անոր ընտրութիւնը անյարմար էր, որովհետեւ Մխիթար իր արտաքինով եւ խառնուածքով առնական կոշտ կերպար է: Հակառակ իր ջանքերուն` համոզիչ չէր թուեր անոր սմսեղուկ շառլաթանի մարմնաւորումը: Նրան չէր սազում, էլի՛: Կինը գրաւուած էր փաստաբանի նրբութեամբ, այլ ոչ` առնականութեամբ: Ի վերջոյ ամուսինը նուազ առնական չէր: Նրբաճաշակ եւ վայելուչ Arditi ուրեմն այս պատճառով ընտրուած էր:
Կնոջ կերպարը յոյժ երկբայական էր: Ներկայ ելոյթին մէջ փորձ եղած է զայն ներկայացնել որպէս պարկեշտ կին, որ յանկարծ կը սիրահարի: Ելոյթին պրոշիւրը եւս կը խօսի «սիրոյ պատմութեան» մասին: Այդ կարելի չէ հիմնաւորել Կիթրիի բնագրով: Ելոյթի մը բացման տեսարանը կու տայ մեկնաբանութեան բանալիները: Այստեղ առաջին տեսարանին մէջ կինը ամուսինէն չի թաքցներ իր համակրանքը փաստաբանին հանդէպ: Քանի մը վայրկեան ետք, ինչպէս վերը յիշած էի, զոյգը կը կնքէ փոխադարձ անհաւատարմութեան պայմանագիր: Երկրորդ արարին մէջ, երբ ամուսինը կը հարցնէ, թէ բաղնիքին մէջ ո՞վ է պահուըտած, փաստաբանը կը պատասխանէ, թէ գիշերը անցուցած է ամուսնացած «femme du monde»-ի մը հետ: Մեր փողոցի բարբառով` «աշխարհ տեսած կնոջ» մը հետ: Ո՞վ կրնայ այս հարցը աւելի լաւ դատել քան փաստաբանը:
Կինը (Նարինէ Գրիգորեան) ի հարկէ խորապէս յուսախաբ էր իր ամուսինէն, որ չէր փորձեր շոյել իր կնոջական եսը: Չէր դարձած զինք պաշտող սիրահար մը: Ուրեմն կը յուսար այդ շոյանքը գտնել այլուր: Ան հաւանաբար միայն մօտիկ անցեալին դարձած էր «տղամարդարած»: Այլապէս պայմանագիրը պէտք էր, որ վաղուց կնքուած ըլլար: Ան որոշած էր «արածել» փաստաբանը` նախքան զայն տեսնելը: Փաստաբանի շատախօսութիւնը ծիծաղելի էր, որովհետեւ նուաճումի որեւէ կարիք չկար: Ան պարզապէս անգիտակցաբար վճարում կը կատարէր: Եթէ հանդիսատեսը կեդրոնանար ոչ թէ Գրիգորեանի շարժուձեւերուն, այլ երկխօսութեան վրայ, ապա պիտի նկատէր, որ անոր մտահոգութիւնը գործնապաշտ էր, ոչ` բարոյական: Ինչպէ՞ս տունէն գիշերանց բացակայութիւնը բացատրել սպասուհիին եւ կամ տալոջ` Անրիեթին: Չէ՞ որ պարտաւորուած էր պահպանել ձեւականութիւնները: Իմ դիտած ֆրանսական ելոյթներուն մէջ կինը անմեղ չէր ձեւանար:
Ամուսինը (Արման Նաւասարդեան) ունի համեմատաբար սահմանափակ դեր: Ան կրնայ ըլլալ ոեւէ Կասթոն կամ Կիւսթաւ: Առ երեւոյթ կարծրատիպ մըն է` կազմուած 17-րդ դարու «բարքերու կատակերգութեան» մէջ (comédie de mœurs): Մենք ծանօթ ենք Մոլիերի (1622-1673) գործերուն: Պարտադիր է, որ ըլլայ տկարամիտ, որպէսզի սիրահարը զինք խաբէ, ինչպէս եւ պարտադիր է, որ ըլլայ աննկարագիր եւ ոչ հետաքրքրական, որպէսզի արդարացուի ամուսնական դաւաճանութիւնը: Այստեղ մենք կը տեսնենք բթամիտ գինեմոլ առնէտ մը, որ առիւծի նման կը մռնչէ: Կարելի է նաեւ հասկնալ ա՛յլ կերպ: Ամուսինը պարզապէս կը ձեւացնէ խաբուիլ, որպէսզի պահպանուին կնոջ հետ կնքուած համաձայնագրի պայմանները, եւ ինք կարողանայ ազատօրէն շարունակել ի՛ր սեռային արկածախնդրութիւնները:
Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. արու էակներ «կնարած» են, որովհետեւ բնազդաբար կ՛ուզեն իրենց ծիները առաւելագոյնս տարածել: Իսկ կիներ կը փնտռեն ապահովութիւն, որպէսզի կարենան խնամել երեխաները:
Բնագրին մէջ սպասաւորը ունի աննշան դեր: Բեմի վրայ շատ կարճ կը տեսնուի, լոկ` երկու անգամ: Բեմադրիչը, սակայն, ուռճացուցած է դերը, որովհետեւ նկատած է, որ Նարեկ Բաղդասարեանը տաղանդաւոր դերասան է: Անոնք, որոնք դիտած են ելոյթը, պիտի յիշեն, որ Բաղդասարեանին ելոյթները գրեթէ ամբողջութեամբ մնջախաղեր էին, ի բաց առեալ` բեմադրիչի կողմէ աւելցուած մռնչիւններու տեսարանը, որ անձնապէս չեմ կրցած տեղադրել կատակերգութեան ընդհանուր պարունակին մէջ:
Այլ բեմադրութիւններու մէջ սպասաւորին տրուած են բացման խօսքի եւ կամ միջնարարի նկարագրով ելոյթներ: Այս ուղղութեամբ «Le Petit Théâtre»-ի լուծումը իմաստալից էր (2017), ուր սպասաւորը փոխարինուած է սպասուհիով մը, որ իր երազին մէջ շատ գեղեցիկ եւ յուզիչ կը պարէ … իր աւելին հետ: Երիտասարդ աղջիկը, ինչպէս` տիկինը, իր երազին մէջ իսկ ունի լոկ սուտ պարընկեր, լոկ պատրանք: Յիշեցնեմ, որ աւելի հետ շփումը գործածուած էր Նարեկ Դուրեանի «Շէնք»-ին մէջ:
Յաւելումներ.– Թերեւս որովհետեւ գրեթէ անկարելի էր պահպանել լեզուական իւրայատուկ սրախօսութիւնները, բեմադրիչը այդ կորուստը փորձած է փոխարինել ծիծաղելի ներմուծումներով: Ինչպէս յիշած էի, սպասաւորին տրուած էին մնջախաղային ելոյթներ: Առաջին տեսարանին մէջ ամուսինը պատահմամբ կը կոտրէ թանկարժէք արձանիկ մը: Զոյգը չորեքթաթ, յատակի կը փնտռէ արձանիկին բեկորը: Ինչո՞ւ, սակայն, բանալի տեսարանի մէջ փաստաբանին առջեւ նուաստացնել զոյգը: Ծիծաղաշարժ յաւելումներ էին լեցուն բերնով խօսիլը, ամուսինի գրպաններէն դուրս կախուած ժապաւէններն ու կրծքալը, երկու տղամարդոց մենամարտ-մնջախաղը, ամուսինի գլխուն բուսած կոտոշները, առիւծի մռնչիւնները եւ այլն:
Գեղեցիկ ներդրում էր վարագոյրին վրայ ցուցադրուած կնոջ երազը, եւ` ոչ միայն: Շա՛տ բարի: Գեղագիտական առումով, ներդրումը շատ դրական է: Բայց գաղափարական գետնի վրայ դրական համարելու համար հարկ է ընդունիլ բեմադրիչին մեկնաբանութիւնը:
Հիմնական յաւելումը 4-րդ արարի, այսինքն կնոջ նամակի ներառումն էր ելոյթին մէջ: Բնագիրը ունի չորս արար: Չորրորդ արարը կնոջ մենախօսութիւնն է: Այստեղ Ա-Բ եւ Գ-Դ արարները միացուած են: Աւելի քան քառորդ ժամ տեւող այդ մենախօսութիւնը շատ վաղուց զանց առնուած է բեմադրիչներու կողմէ: Բոլոր ելոյթները կ՛աւարտին երրորդ արարով, երբ փաստաբանը կ՛ըսէ. «Մենք իրարու հետ պիտի ըլլանք ոչ թէ յաւիտեանս, այլ աւելի՛ լաւ, երկու օրուան համար» (toujours – deux jours նկատել հանգաւորումը): Կինը ուրախ կը նետուի անոր գիրկը: Ամէն ինչ յստակ է: Երկու կողմերուն համար ալ տեղի ունեցած է անցողակի շարքային արկածախնդրութիւն մը:
Ներկայ ելոյթին մէջ, սակայն, փորձ կայ ցոյց տալու պարկեշտ կին մը, որ կամքէ անկախ սիրահարած է: Կին մը, որ կը գիտակցի, թէ կարելի չէ շարունակել իր առաջին ու միակ արկածախնդրութիւնը: Այս խոտոր է նախորդ արարներու տրամաբանութեան:
Այս հակասութեան վրայ կու գայ աւելնալու կիներու ազատագրութեան բներգը: Կինը կ՛անդրադառնայ, թէ ինք պէտք է, որ ըլլայ իր ճակատագրին տէրը: Ի՛նք սահմանէ իր ընտրանքները եւ ի՛նք որոշէ իր յաջորդ քայլը: Այս կը յիշեցնէ Իպսենի «Նորան» (1879), որ մեր բեմերուն վրայ դիտած ենք, բայց որ այսօր 140 տարեկան է: Ա. Աշխարհամարտին կիներու ազատագրական շարժումները մեծ թափ առած էին: Կիթրի հաւանաբար փորձած է օրուան իրադարձութիւններուն հետ քայլ պահել:
Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ կինը իր ազատութիւնը փնտռէր աւելի իմաստալից մարզի մը մէջ` անկողինի ընկերներ փոխելու փոխարէն: Բայց Կիթրիի տիպարները սին են, եսակեդրոն, հաճոյամոլ… Երկար մենախօսութենէ ետք (որուն տոկալը դժուար պիտի ըլլար, եթէ բեմի վրայ չտեսնէինք Նարինէ Գրիգորեանին նման գրաւիչ էակ մը), կինը կ՛արձակէ վճիռը: Փաստաբանին հետ եւս պիտի անցընէ ոչ թէ երկու օր, այլ աւելի՛ լաւ … երկու ժամ: Այստեղ բներգը ոչ թէ սէրն է, ինչպէս կ՛իմանանք ելոյթի գրքոյկէն եւ մամլոյ անդրադարձէն(5), այլ` սիրոյ պատրանքը, ուր դերակատարները փոխարինելի են: Կիթրիի աշխարհին մէջ չի՛ք սէր:
Կիթրիի ասքը ոչ թէ անբարոյ է, այլ` ապաբարոյ (amoral): Բարոյական հարցերը պարզապէս օրակարգի վրայ չեն: Այդ աւելի ահաւոր է ընկերային առումով:
Հուսկ բանք.- Կատակերգութիւնը կարելի չէ կուռ թատրերգութիւն համարել: Ան ծանրաբեռնուած է անհատնում շաղակրատութեամբ, որուն միակ նպատակը ծիծաղ յառաջացնելն է: Այս իմաստով աւելի նման է «talk show»-ի:
Գաղափարական գետնի վրայ կան անհասկնալի թուլութիւններ:
Որպէս գործող անձինք, կը յիշուին` Lui, Elle, Le mari եւ Le valet de chambre կամ կոշտ ըսուած` մարդը, կինը, ամուսինը եւ սպասաւորը: Ոչ ոք անուն ունի: Այդ կը նշանակէ, որ տիպարները տիեզերական են, կը ներկայացնեն ԲՈԼՈՐ տղամարդիկն ու կիները: Բայց ելոյթի ընթացքին կ՛իմանանք, որ ամուսինին անունը Կիւսթաւ է, կնոջ անունը` Ժերմեն, իսկ սպասաւորին անունը` Էմիլ: Անունները կ՛իմանանք անուղղակիօրէն, որովհետեւ տիպարները երբեք իրարու չեն դիմեր անուններով: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել թերեւս ոչ դիտաւորեալ այդ երկբայութիւնը: Փաստաբանը միակն է, որ անուն չունի: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել: Միայն փաստաբա՞նն է իսկական «տիեզերական տիպար»-ը:
Ի՞նչ կարիք կայ տքնելու, որպէսզի խաբենք ամուսին մը, որ իր գրաւիչ կինը անձամբ կը տանի ամուրի տղամարդու մը տունը եւ շտապ կը հեռանայ: Ի դէպ, մի՞թէ այս տիեզերական երեւոյթ է, որ կը «բխի մեր առօրեայ կեանքէն», ինչպէս կը նշէ ելոյթին պրոշիւրը: Վա՛յ մեզ:
Կնոջ վարմունքը աներկբայ չէ: Սակայն այդ ոչ թէ կը բխի տիպարի գեղարուեստական բարդութենէն, այլ հեղինակին վերամբարձ, հեգնական մօտեցումէն` կիներու հանդէպ: Կիթրիի կինը պարզապէս չէր գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ: Փաստաբանը կ՛ըսէ, որ կինը անխուսափելիօրէն յիմարութիւններ պիտի գործէ, եթէ մտածելու սկսի: Արդեօք տղամարդոց ծա՞ղր է, ձեւով մը` ինքնաքննադատութի՞ւն …
Եւ վերջապէս, միթէ՞ հարկ կայ վերակենդանացնելու «բարքերու կատակերգութիւնը» (comռdie de mœurs), որպէսզի մեզի բերէ «նոր շունչ», ինչպէս ելոյթի յայտագիրը կ՛աւետէ: Անձնապէս կշտացած եմ դիտելէ Կոլտոնիի եւ այլոց գողտրիկ ստախօսները եւ ճարպիկ սիրահարները: Բայց այսօր հայրենի մամուլէն իմացայ, որ «Արեւմտեան նորագոյն կատակերգութիւնները … գտնւում են այսպէս կոչուած «սիրային խառնաշփոթ» շրջանակում» (6): Հայաստանի մէջ, թէ այլուր, որո՞նք են, որ կարիք կը զգան ջատագովելու յաւելեալ ապաբարոյական սանձարձակութիւն:
12 ապրիլ 2019
- Brewster Mat, «Sacha Guitry: A Historical Bore», Arrow Academy Blu-ray Review, 7 April 2018:
- Անուշ Ասլիբեկեան, մտորումներ «Արի երազենք» բեմադրութեան շուրջ, Իրատես 15-10-2016:
- Parlez-moi d’amour, Jean Lenoir 1930. «Vous savez bien / Que dans le fond, je n’en crois rien, /Mais cependant je veux encore, / Ecouter ce mot que j’adore»:
- C’est si bon, 1947 by Henri Betti with the lyrics by André Hornez. «De se dire des mots doux /De petit rien du tout /Mais qui en disent long»:
- «Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի բարձրորակ ներկայացումները Լիբանանի մէջ», Անդրադարձ, «Ազդակ» 12 ապրիլ 2019:
- Նորայր Ադալեան, «Երեւանի դրամատիկականի նոր բեմադրութիւնը», «Ազգ» Մշակոյթ, 12 ապրիլ 2019: