Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բացում` Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ընդարձակուած Բաժինի Առաջին Փուլին

June 4, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Եուսեֆ Ֆինիանոս եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` 3 յունիսին, բացումը կատարեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանի մեկնողներու բաժինի ընդարձակուած սրահներուն առաջին փուլին` ներկայութեամբ օդակայանի պատասխանատուներուն եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն:

Նախարարները շրջագայեցան օդակայանի այն բաժինին մէջ, ուր բարեփոխումներ կատարուած են, ապա տուին մամլոյ ասուլիս մը:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ երբ որոշեց իր գրասենեակը փոխադրել օդակայան, տուեալներ ունէր, թէ այս եղանակը հարուստ պիտի ըլլայ լիբանանցի եւ օտար այցելուներով: Ան դիտել տուաւ, թէ մտավախութիւն ունէր, որ տրուած խոստումները կարելի չըլլայ իրականութիւն դարձնել, սակայն հանրօգուտ շինութեանց նախարարը եւ օդակայանի պատասխանատու մարմինները` ներքին գործոց նախարարութեան հետ համադրաբար, կրցան յարգել տրուած խոստումը, եւ լիբանանցին այսօր ունի իր պատկերացուցածէն շատ աւելի լաւ օդակայան մը: Ըստ անոր, աշխատանքները կը շարունակուին, եւ յաւելեալ բարեկարգումներ պիտի կատարուին յառաջիկայ ամիսներուն:

Զբօսաշրջութեան նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց ներքին գործոց եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւններուն հետ մնայուն գործակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ծառայել Լիբանանին, զայն ներկայացնել գրաւիչ պատկերով` նշելով, որ օդակայանը արդէն առաջին դրական ցուցանիշը կը հանդիսանայ, որովհետեւ արաբ թէ օտար զբօսաշրջիկներուն նկատմամբ վերաբերումը նոր ձեւ ստացած է:

Այս առիթով ան դրուատեց հանրօգուտ շինութեանց նախարարին եւ օդակայանի պատասխանատուներուն աշխատանքները` խոստանալով շատ լաւ ամառ մը ունենալ, իսկ յառաջիկայ ամառ ներկայանալ այլ կարեւոր նուաճումով:

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Եուսեֆ Ֆինիանոս նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանին, որուն հետ գործակցաբար կարելի եղաւ իրականացնել այս աշխատանքը: Ան ըսաւ, թէ ինչպէս խոստացուած էր լիբանանցիներուն, արդէն իսկ բացումը կատարուեցաւ տարուած աշխատանքներու առաջին փուլին` աւելցնելով, որ անոնք պիտի շարունակուին: Ֆինիանոս դիտել տուաւ, որ իրենց նպատակն է դիւրացնել եւ արագացնել Լիբանանէն մեկնողներուն եւ Լիբանան եկողներուն օդակայանի գործընթացները` տեղեկացնելով, որ արդէն իսկ բացումը կատարուած է 24 ընդունարանի, իսկ յառաջիկային այդ թիւը պիտի հասնի 34-ի: Անոր համաձայն, բարեկարգումներ կատարուած են նաեւ պատուոյ սրահին եւ մեկնումի կէտին մէջ:

Նախարար Եուսեֆ Ֆինիանոս յայտնեց, որ այս աշխատանքներուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի մեծ թիւով ճամբորդներու ծառայել:

 

Նախորդը

Լարուած Կացութիւն Թրիփոլիի Մէջ. Բանակային Մը Նահատակուեցաւ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Եւրոպական Միութեան` Զօրակցելու «Երկխօսութեան Եւ Համագործակցութեան Մարդու Ակադեմիա»-ի Հիմնումին

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.