Մուայ Թայի Լիբանանի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին Լիբանանի համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնի նախագահ Նասրի Լահուտ պարգեւատրեց բոլոր համալսարաններու ախոյեանները, որոնք աշխարհի համալսարաններու ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերելով հանդիսացած էին ախոյեան:
Պարգեւատրումի այս հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի Մուայ Թայի ֆետերասիոնի նախագահ Մասթըր Սամի Քըպլաուի, ընդհանուր քարտուղար Քասեմ Նունու եւ ուրիշներ:
Պարգեւատրուող մարզիկները եղան Ալի Շուքէյր եւ Ալի Ֆաքիհ:
Իրենց մրցանակները ստանալէ բացի, անոնք ստացան նաեւ նիւթական պարգեւներ: