Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը ինքզինք լուծարեց եւ Իսրայէլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով խորհրդարանական ընտրութիւնները կրկնելու որոշում տուաւ: Այս մասին յայտարարեց Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտելշթայն:
Խորհրդարանի ինքնալուծարման օրինագիծին թեր քուէարկեցին 74 երեսփոխաններ, իսկ դէմ` 45 երեսփոխաններ: Քնեսեթի նախագահը նշեց, որ մինչեւ ինքնալուծարումը խորհրդարանը յաւելեալ երկու նիստեր պիտի գումարէ:
Նիստի ընթացքին բոլոր երեսփոխանները Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած աջակողմեան «Լիքուտ» կուսակցութեան առաջարկած օրինագիծին վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը արտայայտեցին:
Նշենք, որ 29 մայիսի կէս գիշերին աւարտեցաւ 9 ապրիլին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Իսրայէլի վարչապետին համախմբական կառավարութիւն կազմելու համար տրուած 42 օրուան ժամկէտը: Նեթանիահու չյաջողեցաւ համաձայնութիւն գոյացնել միւս քաղաքական ուժերուն հետ:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ վերջին քննարկումները տեղի ունեցած են քուէարկութենէն մէկ ժամ առաջ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու աւելի ուշ յայտարարեց, թէ իր ղեկավարած կուսակցութիւնը յաղթական դուրս պիտի գայ արտակարգ ընտրութիւններէն:
«Քնեսեթի ինքնալուծարման ի նպաստ քուէարկութենէն ետք պիտի մղենք աշխուժ եւ յստակ ընտրապայքար մը, որ մեզի յաղթանակ պիտի բերէ, եւ ժողովուրդը պիտի յաղթէ», լրագրողներուն ըսաւ Նեթանիահու: