«Եթէ Նիկերիոյ կառավարութիւնը շարունակէ քրիստոնեաներու սպանութիւնները արտօնել, Միացեալ Նահանգները անմիջապէս պիտի դադրեցնեն Նիկերիոյ ցուցաբերուող ամբողջ օգնութիւնը եւ կրնան քայլերու ձեռնարկել այդ սարսափելի վայրագութիւնները կատարող իսլամական ահաբեկիչները վերացնելու համար», ըսած է Սպիտակ տան բանբեր Քերոլայն Լեւիթ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս Նիկերիոյ կառավարութիւնը մեղադրած էր քրիստոնեաները չպաշտպանելու յանցանքով եւ սպառնացած իսլամականներուն դէմ զինուորական ուժ կիրարկել:


