Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու ախոյեանութեան (16 տարեկանէն վար) մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 46-34 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քաննուպին Պշարրէն:
Իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը արձանգրած էր այլ տպաւորիչ յաղթանակ մը (64-44 արդիւնքով)` Ամալ Հատաս Ժըպպէի կազմին դէմ: