Կազմակերպութեամբ Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Պուտտա – Ատմայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քինտայի տարիքային ախոյեանութիւնը (6-11 տարեկան)` մասնակցութեամբ 96 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները.
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Պուտտա – Ատմա, Ռըսոլ – Ճիւնի, Պել Հորիզոն – Ատմա, Շաուլին – Պէյրութ, Շեպիպէ – Շիահ, Լուէյզի – Զուք Մոսպեհ եւ Սանթրալ – Ճիւնի:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ, Սանթրալ – Ճիւնի գրաւեց առաջին դիրքը` ապահովելով 94 կէտ: Երկրորդ հանդիսացաւ Պուտտա – Ատմա (72 կէտ), իսկ երրորդ` Պել Հորիզոն – Ատմա (61 կէտ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն: