Ինչպէս ծանօթ է, իտալացի գործակատար Մինօ Ռայոլա կախակայուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ ՖԻՖԱ-ին կողմէ:
Եթէ այս վճիռը ուժի մէջ մնայ, անոր յաճախորդները այդ ժամանակամիջոցին չեն կրնար փոխել իրենց խումբերը:
Ժամկէտը կ՛աւարտի 12 օգոստոսին, երբ արդէն իսկ Անգլիոյ մէջ փակուած կ՛ըլլայ մարզիկներուն փոխանցման ժամանակը. անիկա բաց է մինչեւ 9 օգոստոս:
Ասիկա կը նշանակէ, որ Արսենալի հետ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կեցութիւնը վճռուած է, որովհետեւ ան չի կրնար այլ խումբ տեղափոխուիլ:
Ամրան ընթացքին մեծ գործարքներ կը սպասուէին Ռայոլայի յաճախորդներէն Մաթիաս Տէ Լայթի եւ Փոլ Փոկպայի տեղափոխութիւններուն ընթացքին: