«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի հանգրուանը արդէն իսկ հասած է աւարտական հանգրուան եւ կը մնայ գիտնալ իւրաքանչիւր շրջանի ախոյեանին անունը, որմէ ետք երկու կազմեր իրարու դէմ կը մրցին տիրանալու համար տիտղոսին:
Արեւմտեան շրջանի աւարտականին, այսօր, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին, մինչ արեւելեան շրջանի աւարտականի առաջին ճակատումին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ վաղը հիւրը կ՛ըլլայ Միլուոքի Պաքսին: