Սպանական «Մարքա» մարզական հանրածանօթ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս այս տարեշրջանին աւարտէն ետք պիտի հեռանայ իր ակումբէն:
Արքայական ակումբին հիմնական բերդապահը պիտի ըլլայ պելճիքացի Թիպօ Քուրթուա: Քոսթա Ռիքայի բերդապահը` Նաւաս, չ՛ուզեր նկատի առնուիլ իբրեւ պահեստի բերդապահ:
Հակառակ ասոր սակայն, ան կ՛ուզէ մնալ խումբին մէջ, թէեւ ակումբին ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ բաժնուիլ անկէ:
Եթէ պատահի, որ ան հեռանայ խումբէն, Ռէալ Մատրիտի երկրորդ բերդապահը պիտի ըլլայ գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտանի զաւակը` Լուքա Զիտան:
Այլ գետնի վրայ, ըստ երեւոյթին, Ռէալ Մատրիտ համաձայնութիւն գոյացուցած է Չելսիի հետ` ձեռք ձգելու համար անոր պելճիքացի միջնապահ Էտեն Հազարը: Անոր փոխանցման համար, լոնտոնեան ակումբին կը վճարէ 100 միլիոն եւրօ:
Սակայն, ասիկա պիտի յստականայ 29 մայիսէն ետք միայն, երբ տեղի ունենայ Չելսի – Արսենալ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականի ճակատումը:
28 տարեկան Հազար, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն 37-ին ընթացքին նշանակեց 16 կոլ եւ կատարեց 15 էսիսթ: