Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն Լեռնային Ղարաբաղի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած հրադադարի համաձայնագիրի 25-ամեակին առիթով:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 25 տարի առաջ ուժի մէջ մտած է Կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին եռակողմ համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է Արցախի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ` Ռուսիոյ միջնորդութեամբ: 26-27 յուլիս 1994-ին, լրացուցիչ պայմանագիր ստորագրելով, բոլոր երեք կողմերը հաստատած են հրադադարի անժամկէտ բնոյթը` ընդհուպ մինչեւ ղարաբաղեան տագնապի վերջնական լուծումը:
«12 մայիս 1994-ի համաձայնագիրը ունի առանցքային նշանակութիւն, քանի որ ան վերջ դրաւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ սանձազերծուած պատերազմին, տագնապը տեղափոխեց քաղաքական-դիւանագիտական հուն եւ պայմաններ ստեղծեց, որպէսզի կողմերը, միջազգային միջնորդներու աջակցութեամբ, կարենան իրենց ջանքերը անմիջականօրէն կեդրոնացնել բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան վերջնական լուծման ուղիներ փնտռելու վրայ:
«Սոյն համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, որ ցարդ այս գործընթացին մէջ միակ իրական ձեռքբերումն է, կարելի դարձած է շարք մը գործօններու շնորհիւ: Նախ` Արցախի պաշտպանութեան բանակը յաջողեցաւ ետ մղել Ազրպէյճանի զինուած յարձակումը, լրջօրէն խաթարել Պաքուի ռազմական ներուժը եւ հարկադրել զայն բանակցային սեղան նստելու: Երկրորդ, յայտնուելով լուրջ ռազմական պարտութիւններու առջեւ, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը ո՛չ միայն դադրած էր խոչընդոտելէ բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի լիարժէք ներգրաւուածութիւնը` իբրեւ հակամարտութեան հիմնական կողմերէն մէկը, այլեւ ինք բազմիցս նախաձեռնած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հետ անմիջական կապերու, նաեւ` բարձրագոյն մակարդակով: Այս յարաբերութիւններուն շնորհիւ ձեռք բերուած է շուրջ 10 պայմանաւորուածութիւն` ռազմական գործողութիւններու սահմանափակման, ժամանակաւոր հրադադարի կամ ատոր երկարաձգման մասին, որ յանգեցուցած է կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին անժամկէտ համաձայնագիրի ստորագրութեան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը շեշտած է, որ այս համաձայնագիրը կը շարունակէ մնալ հրադադարի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման իրաւական հիմքը, որ անվերապահօրէն ընդունուած է միջազգային հանրութեան կողմէ: Յայտարարութիւնը դիտել տուած է, որ կրակի լիակատար դադրեցման համաձայնագիրի գործունէութիւնը կը հաստատէ, որ լուծման ուղիին վրայ իրական յաջողութեան կարելի է հասնիլ բանակցութիւններու լիարժէք եռակողմանի ձեւաչափով, որ, միջազգային իրաւունքին համաձայն, հաշուի կ՛առնէ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն շահերն ու մտահոգութիւնները:
«Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը նկատել կու տայ, որ տագնապի լուծման անհրաժեշտ խթան հաղորդելու համար հարկ է, մէկ կողմէ, վերսկսիլ ուղղակի եռակողմանի բանակցութիւններուն, միւս կողմէ, հետեւողականօրէն ամրապնդել հրադադարը, ընդ որում` անոր վերահսկման միջազգային մեքանիզմի ներդրման միջոցով, որ նախատեսուած է 2016-ի Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններով: Կարեւոր է նաեւ վերականգնել հակամարտող ուժերու սահմանազատման գիծը, որ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ժամանակ երեք կողմերուն միջեւ համաձայնեցուած եւ ամրագրուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջնորդութեամբ` իբրեւ հրադադարի բաղկացուցիչ մաս:
«Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը վերահաստատէ պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը տագնապը բացառապէս խաղաղ ուղիով լուծելու եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` հրաժարելու ուժային լուծման անհեռանկարային քաղաքականութենէն, որ առիթ պիտի տայ անշրջելի դարձնելու խաղաղ գործընթացը եւ տեւական խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: