Լիւքսամպուրկ այցելած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 13 մայիսին հանդիպում ունեցած է Լիւքսամպուրկի վարչապետ Խավիեր Պեթելի հետ, որ վստահութիւն յայտնած է այն մասին, թէ հայ ժողովուրդին կողմէ ստացած վստահութեամբ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնը պէտք է հասնի յաջողութիւններու եւ իրականացնէ նախանշուած ծրագիրները, Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններն ու բարեփոխումները: Ան հաստատած է, որ յառաջիկային երկու երկիրներու կառավարութիւնները պիտի շարունակեն համագործակցութիւնը` ի նպաստ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ ժողովուրդներու միջեւ առկայ կապերու ամրապնդման:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատած է տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացումն ու առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումը: Ան ընդգծած է երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան աշխուժացման եւ յստակ քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները մեծապէս պիտի նպաստեն նաեւ գործարար միջավայրի բարելաւման, նաեւ ներդրումային արդիւնաւէտ ծրագիրներու իրականացման համար պիտի ստեղծեն անհրաժեշտ բարենպաստ պայմաններ:
Հայաստանի վարչապետը անդրադարձած է այս աշնան Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին` կարեւոր նկատելով լիւքսամպուրկեան ընկերութիւններուն մասնակցութիւնը այդ կարեւորագոյն ներկայացուցչական ժողովին:
Կողմերը քննարկած են տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու` տեղեկատուական արհեստագիտութեան, վերամշակուող արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները: Գործարար կապերու աշխուժացման նպատակով անոնք անհրաժեշտ նկատած են գործարար ժողովներու կազմակերպումն ու իրականացումը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Խավիեր Պեթել շրջած են Լիւքսամպուրկի մէջ, այցելած քաղաքապետարան, ուր Հայաստանի վարչապետը կարճատեւ հանդիպում մը ունեցած է քաղաքապետ Լիտի Պոլֆերի հետ:
Հայկական պատուիրակութիւնը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին առիթով կայացած պաշտօնական ընթրիքին: