Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Մայիս 1969)

Մայիս 11, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարօրինակ Զրոյցներ

Մերձաւոր Արեւելքի Քարտէսը
Փոփոխութեան Պիտի Ենթարկուի…

Լիբանանեան պաշտօնական շրջանակները, ըստ «Լ՛Օրիան»-ի, մտահոգուած են զանազան աղբիւրներէ հասած այն տեղեկութիւններով, որոնց համաձայն, ծրագիր կայ Մերձաւոր Արեւելքի քարտէսը ենթարկելու փոփոխութեան մը` ցեղային եւ համայնքային հիմունքներով: Հին ծրագիր մըն է այս, որ շրջանային իւրաքանչիւր տագնապի երեւան կու գայ: Ըստ այդ ծրագրին, պիտի ստեղծուին քրտական պետութիւն (որ պիտի պարփակէ Սուրիոյ մէկ մասը), ալեւիական պետութիւն, քրիստոնեայ պետութիւն մը (որ պիտի ըլլայ անդամահատուած Լիբանան մը), արաբ պաղեստինեան պետութիւն մը, որուն պիտի մաս կազմէ նաեւ հարաւային Լիբանանը:

Այս զանազան պետութիւնները պիտի արժանանան արտաքին օժանդակութիւններու, որոնց շնորհիւ պիտի կրնան ապրիլ եւ կազմաւորուիլ:

Այս զրոյցները նոր չեն: Թերթերը վերջերս արձագանգ եղան անոնց, երբ Դամասկոսի մէջ տագնապ ստեղծուեցաւ Պաասի համագումարին առիթով: Այդ մասին խօսուեցաւ նաեւ անցեալ տարի, երբ Յորդանան դժուարութիւններ ունեցաւ ֆետայիներուն հետ: Նոյն այս զրոյցները կը տարաձայնուին հիմա, լիբանանեան տագնապին առիթով:

Կասկած չկայ, որ Իսրայէլի համար նպաստաւոր պիտի ըլլայ կազմութիւնը փոքր պետութիւններու, որոնց նմուշ պիտի ծառայէ եբրայական պետութիւնը եւ պիտի կրնայ զանոնք դիւրաւ իր հակակշռին ենթարկել` շնորհիւ հրէական ֆինանսին համաշխարհային ցանցին:

Վեհափառ Կաթողիկոսը Ուաշինկթըն Կը Հասնի Մայիս 13-Ին

Նորին Սրբութիւնը Ծաղկեպսակ Մը
Պիտի Դնէ Նախագահ Ուիլսընի Շիրիմին Վրայ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. Ուաշինկթըն պիտի ժամանէ մայիս 13-ին:

Ուաշինկթընի օդակայանին մէջ կաթողիկոսը պիտի ընդունուի մեծ թիւով ամերիկահայ անձնաւորութիւններու կողմէ: Օդանաւէն իջնելուն, ըստ Հայաստանեայց եկեղեցիի աւանդութեան, աղ ու հացը օրհնելէ ետք, պիտի երթայ Ս. Փրկիչ եկեղեցի, ուր պիտի տայ իր օրհնութիւնը:

Առաջին անգամն է, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոս մը կ՛այցելէ Ուաշինկթըն: Իր նպատակն է ամրապնդել Հայաստանեայց եկեղեցիին եւ հիւսիս-ամերիկեան թեմին մէջ ապրող հայերու միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերը ու հանգանակութիւն մը ընել Նիւ Եորքի մէջ Կիլիկեան Աթոռի ընդհանուր կեդրոն մը շինելու համար:

Մայիս 15-ին Ուաշինկթընի Սենթ Մեթիուզ տաճարին մէջ կաթողիկոսը եւ Ուաշինկթընի արքեպիսկոպոս Օ՛Պոյլ պիտի նախագահեն տիեզերական պատարագի մը` վասն քրիստոնէական միութեան: Քրիստոնեայ զանազան եկեղեցիներու բազմաթիւ անդամներ հրաւիրուած են` մասնակցելու արարողութեան:

Խորէն Ա. պիտի երթայ Արլինկթընի ազգային գերեզմանատունը` ծաղկեպսակ մը դնելու համար ամերիկացի Անծանօթ զինուորի դամբանին վրայ, ինչպէս նաեւ` կիլիկեան խաչ մը, որ մնայուն կերպով պիտի ցուցադրուի այդ գերեզմանատան մէջ:

Եպիսկոպոսական ազգային տաճարին մէջ կաթողիկոսը ծաղկեպսակ մը պիտի դնէ նաեւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի շիրիմին վրայ: Այսպիսով, իր յարգանքը մատուցած պիտի ըլլայ այն ճիգերուն, որ Ուիլսըն թափեց Ա. Աշխարհամարտի վախճանին` օգնութեան փութալու համար ջարդերու եւ տարագրութեան զոհ հայ բնակչութեանց:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպանը մայիս 15-ին ընդունելութիւն մը պիտի տայ ի պատիւ կաթողիկոսին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մետաքսը` Ամէնէն Շքեղ Կերպասը (Բ. Մաս)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?