Այսօր, երբ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կը գումարուին Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, յանուն մեր Ս. Աթոռի թեմերու ժողովուրդին, ջերմօրէն կ՛ողջունենք Շուշիի ազատագրումը, 8 մայիս 1992-ին:
Արդարեւ, պատմական ու ռազմավարական եզակի կարեւորութիւն ունեցող դէպք մըն էր Շուշիի ազատագրումը: Արցախի արի ժողովուրդը իր հաւաքական հաւատքով ու կամքով վերատիրացաւ իր բռնաբարուած իրաւունքին, իր պապերուն աղօթքով ու արիւնով շաղախուած հայրենի հողին:
Մայիս 8 թուականը յաղթանակի ու ցնծութեան օր է: Ան պէտք է դառնայ նաեւ յանձնառութեան եւ ուխտի վերանորոգման օր:
Արցախի մեր ժողովուրդը պէտք է ամրօրէն կառչած մնայ ծով զոհողութեամբ վերատիրացած իր ինքնորոշման իրաւունքին` առաւել ծաղկեցնելով եւ հզօրացնելով Արցախը:
Արցախի քաջ բանակը վստահաբար պիտի շարունակէ իր հայրենի հողին արթուն պահապանն ու հզօր պաշտպանը մնալ:
Հայ ժողովուրդն ու յատկապէս սփիւռքը կոչուած է իր անվերապահ զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու Արցախի նկատմամբ:
Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը վերահաստատէ իր ամբողջական յանձնառութիւնը` մասնակից դառնալու Արցախի հզօրացման հրամայական գործին:
Փա՜ռք Շուշիի ազատագրութեան ճանապարհին իրենց արիւնը թափած մեր հերոսներուն:
Պատի՜ւ Արցախի անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանող հայոց բանակին:
8 մայիս 2019
Անթիլիաս