ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեանէ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ եւ վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեանէ երկուշաբթի, 29 ապրիլին այցելեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ ներկայացուց միութեան աշխատանքներն ու ապագայի ծրագիրները:
Այս առիթով, նախագահ Սարգսեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ միաւորելու, համախմբելու եւ կրթելու կարեւոր դեր ունի սփիւռքի մէջ: Անհրաժեշտ է, որ ան մեծ եռանդով շարունակէ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ մայր հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման աշխատանքը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութեան գործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով` նշեց, թէ սփիւռքի մէջ կարիքները շատ են: Անհրաժեշտութիւնը կայ նոր ժամանակներու նորահաս սերունդներու պահանջներուն եւ խնդիրներուն համահունչ նոր մօտեցումներու:
Այցելութեան աւարտին, պատուիրակութիւնը նախագահ Արմէն Սարգսեանին յանձնեց միութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակուած յատուկ նամականիշը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Մօտ
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը ընդունելով` վարչապետ Փաշինեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը հայապահպանման գործին մէջ եւ կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ի զանազան նախաձեռնութիւններուն աջակցելու:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուց միութեան ծրագիրները եւ յատկապէս մայիսին Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական համագումարը:
Այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի, յատկապէս մարզերուն մէջ սկաուտական շարժման աշխուժացման վերաբերող զանազան հարցեր եւ նախաձեռնութիւններ:
… Նաեւ` Հայաստանի Կրթութեան, Պաշտպանութեան Նախարարներուն
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին:
Նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին հետ պատուիրակութիւնը քննարկեց նախարարութեան հետ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կապերու սերտացման եւ համագործակցութեան կարելիութիւնները: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը նախարար Յարութիւնեանին ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը եւ նշեց, որ այս տարի կ’ամբողջանայ Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 30-ամեակը: ՀՄԸՄ-ը ոչ կառավարական կազմակերպութիւն է, որ 1997-էն ի վեր մաս կը կազմէ Համաշխարհային սկաուտական շարժումին: Ան մասնաճիւղեր ունի Երեւանի եւ Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ:
Իր կարգին, նախարար Արայիկ Յարութիւնեան փափաք յայտնեց մօտէն ծանօթանալու ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի դաստիարակչական ծրագիրներուն եւ համապատասխան ձեւերով օգտագործելու զանոնք:
Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանին այցելելով, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն անոր ցուցաբերած աջակցութեան եւ գործակցութեան համար: Պատուիրակութիւնը արծարծեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւն-ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ համագործակցութեան հեռանկարները:
… Եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ներկայացուցիչին Մօտ
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Էջմիածին եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նաթան արք. Յովհաննիսեանի հետ ու միութեան շնորհակալութիւնը յայտնեց 100-ամեակի տօնակատարութեան Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հովանաւորութեան համար: Պատուիրակութիւնը վեհափառ հայրապետի ներկայացուցիչին հետ քննեց ՀՄԸՄ-ի հայաստանեան կառոյցին հետ գործակցութեան կարելիութիւնները: Այս առիթով, պատուիրակութիւնը Նաթան սրբազանին յանձնեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին յանձնուելիք 100-ամեակի յուշանուէրը: