Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցութեամբ «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբին. Համազգայինի «Այգ» Երիտասարդական Երգչախումբի Հոգեւոր Համերգ

Ապրիլ 15, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, նախագահութեամբ նախկին նախարար Արթիւր Նազարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին` մասնակցութեամբ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի:

Համերգը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով: Այնուհետեւ «Այգ» եւ «Կարկաչ» երգչախումբերը մեկնաբանեցին Եկմալեան պատարագը, որ խմբավար Զաքար Քէշիշեան վերամշակած է մանկական եւ իգական կազմով երգչախումբի համար: Այնուհետեւ «Այգ» երգչախումբի աղջիկներու կազմը մեկնաբանեց Մեսրոպ Մաշտոցի ապաշխարութեան ութ շարականները` Գէորգ Արմէնեանի մշակումով, որմէ ետք անգլերէնով երեք «սբիրիչուըլ»-ներ` «Սամթայմզ այ ֆիլ լայք ը մատըրլես չայլտ», «Ըմէյզինկ կրէյս», «Քումպայա»: Յայտագիրի վերջին բաժինով «Այգ» եւ «Կարկաչ» երգչախումբերը երգեցին «Աւէ Մարիա», «Փուր թուա Արմենի» եւ «Երեւան – Էրեբունի» երգերը:

Համերգի աւարտին իր պատգամը ուղղեց Նարեկ արքեպիսկոպոս, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն համերգը յիշատակելի երեկոյի մը վերածած բոլոր անձերուն: «Կը հաւատամ, որ մեր յաջողութեան կախարդական բանալին մեր մասնակցութիւնն է, որուն արդիւնքն է այս հոգեւոր համերգը: Երգչախումբը` իր ժամանակով, շնորհներով եւ իր ձայնով մասնակցեցաւ, խմբավարը` իր մասնագիտութեամբ, դաշնակահարը` իր արուեստով, բարերարը` իր հովանաւորութեամբ, եւ մենք բոլորս` մեր ներկայութեամբ», ըսաւ սրբազան հայրը` հաստատելով, որ այսպէս եղած է մեր կեանքը եւ այսպէս ալ պիտի շարունակուի: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Համազգայինը զանազան համերգներ տուած է եւ կը շարունակէ տալ, սակայն տարբեր նշանակութիւն ունի, երբ Ազգային առաջնորդարանը կու գայ մեր հաւաքական կեանքին մէջ ըսելու, թէ ինք պարզ գրասենեակ մը չէ, այլ` մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ իր տիրութիւնը եւ ծառայութիւնը ընող առաքելութիւն է ինք, եւ ասոր ամէնէն պերճախօս արձագանգը լսեցինք, ապրեցանք եւ մեզի հետ պիտի տանինք այս եկեղեցիէն:

Առաջնորդ սրբազանը ներկայացուած համերգը մասնաւորեց քանի մը իմաստներով. ա) Համերգի օրը նախախնամական է, որովհետեւ նոյն օրը աւարտեցաւ Մեծ պահքը մեր եկեղեցիներուն մէջ, եւ մենք զայն աւարտեցինք Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ս. Սահակ հայրապետի ապաշխարութեան շարականներով, բ) Կիրակի պիտի տօնենք ծաղկազարդը, որուն նախատօնակը եղաւ երգչախումբը, որ պատարագի շարականներով մեզ պատրաստեց այդ մթնոլորտին, գ) «Քումպայա» երգը զինք յիշեցուց Ափրիկէն, ուր միջեկեղեցական համագումարի մը առիթով երբ ներկայ գտնուած է առաջին անգամ, հոն լսած է զայն, որ կը կապուի մեր ապրիլեան պահանջատիրութեան, երբ կը պատրաստուինք մեր սուրբ նահատակներուն յիշատակով օծուն ապրիլ 24-ը միասնաբար նշելու, որովհետեւ «Քումպայա» երգը Ափրիկէի ժողովուրդին ազատագրութեան երգն է, եւ այս երգով Ափրիկէի ժողովուրդը իր արդարութիւնը գտաւ եւ իր իրաւունքներուն տիրացաւ: Ակնարկելով «Փուր թուա Արմենի» երգին` առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ հայ եկեղեցին եւ հայ մշակոյթը առանց Հայաստանի չեն կրնար իմաստ ունենալ մեր կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ մենք հաւաքաբար ըսինք, որ բոլորս Հայաստանին ենք եւ Հայաստանը բոլորիս է: «Համերգը այս պատգամը կ՛ուղղէ մեզի, եւ ես վստահ եմ, որ մենք այս թրթռացումներով պիտի բաժնուինք այս եկեղեցիէն եւ պիտի շարունակենք մեր հայ քրիստոնեայի հաւաքական երթը», հաստատեց սրբազան հայրը:

Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը եղբայրական ջերմ սիրով ողջունեց ներկայութիւնը Եփրեմ արք. Թապաքեանի, որ կանուխ ժամերուն հասած էր Լոս Անճելըսէն եւ ընդառաջելով իր հրաւէրին ներկայ գտնուած էր այս հոգեւոր համերգին: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ ինք փափաքած է, որ Եփրեմ արք. Թապաքեան ներկայ գտնուի սոյն համերգին, որովհետեւ ան երկար տարիներու վաստակ ունի մեր «Շարակնոց»-ի գրաբարէն աշխարհաբար թարգմանութեան մէջ` աւելցնելով, որ այդ «Շարակնոց»-ը 3-4 անգամ վերահրատարակուած է եւ Հայաստանի մէջ` եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին փնտռուած հատոր մըն է: «Այդ «Շարակնոց»-ին հաւատարմութեամբ երգչախումբը արձագանգեց եւ այդ արձագանգին մէջ ես կ՛ուզեմ նաեւ, որ դուք լսէք մեր ժողովուրդի երախտագիտութիւնը ձեր կատարած եզակի աշխատանքին համար», ըսաւ սրբազանը` խօսքը ուղղելով Եփրեմ արք. Թապաքեանի եւ եզրափակելով իր  խօսքը անգամ մը եւս իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սոյն համերգը իրականութիւն դարձուցին եւ յորդորեց ներկաները շարունակելու մեր յաղթական երթը դէպի հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան:

 

 

Նախորդը

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Կատարէ Վերաբացումը Վերանորոգուած Եւ Բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցին Ծաղկազարդուեցաւ Իր Ժողովուրդով

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?