Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս երէկ` 11 ապրիլին, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանան, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ:
Պաապտայի մէջ կայացաւ հանդիպում հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, որ տեսակցութենէն ետք տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ բանակցութիւնները բացառիկ ներդաշնակութեամբ պարուրուած էին, մանաւանդ որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ունին պատմական ու խոր արմատներ, որոնք այսօր եւս կը շարունակուին, մանաւանդ որ Լիբանանի մէջ յունական աշխուժ գաղութ գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ Յունաստանի մէջ` գործօն լիբանանեան գաղութ: Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ իրենք հետամուտ են կայացման Լիբանանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի խորհրդաժողովին, որ պիտի գումարուի Կիպրոսի մայրաքաղաքին մէջ` տարբեր բնագաւառներուն մէջ եռակողմանի գործակցութեան ամրապնդման նպատակով: Ան աւելցուց, որ Պէյրութի մէջ երեք երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները արդէն տեսակցած են, որպէսզի կարելի ըլլայ կամուրջներ հաստատել եւ օգտուիլ մէկզմէկու փորձառութենէն` զանազան մարզերուն վերաբերող:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Յունաստանի իր պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ Լիբանան ամբողջական իրաւունքը ունի կազ եւ նաւթ արտահանելու` տնտեսական առանձնական տարածքին մէջ, շեշտելով, որ բացարձակապէս կը մերժէ մաս կազմել որեւէ համախմբումի կամ ձեւաչափի, որուն մասնակից է նաեւ Իսրայէլ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի կազի համախմբումի:
Նախագահ Աուն նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսին, որ միշտ Լիբանանի կողքին կանգնած է, ներկայ էր «Սետր» խորհրդաժողովին, նաեւ մասնակից է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ծովային բաժինին: Ան իր կարգին հաստատեց, որ Լիբանան եւս միշտ Յունաստանի նեցուկ է շրջանային եւ միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ:
Զօր. Աուն աւելցուց, որ քննարկումի նիւթ եղած է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու փշոտ թղթածրարը, որուն պատճառով Լիբանան բաւական ծանր բեռ կը կրէ իր ուսերուն, մանաւանդ որ աւելի քան մէկ միլիոն 800 հազար սուրիացի տեղահանուածներու հարցին կողքին տակաւին առկայ է պաղեստինցի գաղթականներուն տագնապը: Անոր համաձայն, այս հարցերու լուծման համար կարիք կայ միացեալ ջանքերու, համադրումի, իրարհասկացողութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ այս թղթածրարը փակել շուտով եւ դիւրացնել սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը:
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Երուսաղէմի եւ Կոլանի հարցերով Յունաստանի ցուցաբերած կեցուածքին համար` մատնանշելով, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Կոլանը Իսրայէլի սեփականութիւն, իսկ Երուսաղէմի Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելը ոչ մէկ ձեւով կը համընկնին միջազգային համաձայնագիրներուն եւ ուխտերուն:
Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանան տուած իր այս այցելութեան համար` նշելով, որ հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած են բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք ունին պատմական ագուցում, որ խարսխուած է երկխօսութեան նկատմամբ երկու երկիրներուն ունեցած խոր հաւատքին, ինչպէս նաեւ տարբեր մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միջեւ հանդիպումին վրայ: Արդարեւ, Լիբանանի եւ Յունաստանի կապը, որ բարեկամութեան վերածուած է, դարեր շարունակ անոնց ունեցած հասարակ յայտարարն էր` կառչածութիւնը մարդկութիւնը իբրեւ առանցք որդեգրած սկզբունքներուն եւ ուղղուածութեան:
Նախագահ Փաւլոփուլոս շեշտեց, որ խորքին մէջ քաղաքակրթական բախում գոյութիւն չունի, մանաւանդ եթէ իսկական քաղաքակրթութիւններու մասին է խօսքը, որովհետեւ անոնք իրարու հետ հաղորդակցելու եզրեր կը գտնեն անպայման, իսկ ներկայիս տեղի ունեցածը զարմանալի է, որովհետեւ կը բացակայի փոխադարձ հասկացողութիւնը ժողովուրդներուն միջեւ, իրարու հետ կապուելու եզրեր ու ուղիներ գոյութիւն չունին, ուստի բոլորին պարտքն է հաստատել այդ կամուրջները: Անոր համաձայն, Յունաստան պատրաստ է այս առումով յառաջատարը ըլլալու եւ տարբեր մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան դռներ բանալու: Նախագահ Փաւլոփուլոս անդրադարձաւ Յունաստանի այն իւրայատկութեան, թէ միշտ նախաձեռնած է այլ մշակոյթներու եւ կրօններու հետ երկխօսութեան, իսկ Լիբանանին աշխարհագրական իմաստով մօտիկ ըլլալով, այդ կապն ու գործակցութիւնը աւելի կը սերտանայ:
Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս նշեց, որ Լիբանանի եւ Յունաստանի պատկերը պէտք է օրինակ ծառայէ բոլորին. ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին, Միջին Արեւելքը եռեւեփող տարբեր տագնապներուն նկատմամբ ցուցաբերած կեցուածքին համար, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերեալ, որոնց հիւրընկալելը ինքնին մարդասիրական վեհ նկարագրային գիծի արտայայտութիւն է: Անոր համաձայն, Եւրոպան ճիշդ ժամանակին ներկայութիւն չեղաւ սուրիական տագնապին մէջ, իսկ եթէ ան յարգէր իր պատմութիւնը եւ միջամտէր ճիշդ պահուն, այս պատերազմը վաղուց եւ շատ աւելի նուազ վնասներով հասած պիտի ըլլար իր աւարտին: Յունաստանի նախագահը հաստատեց, որ իրենք միշտ անկեղծ եղած են ու չեն խուսափած իրենք զիրենք քննադատելէ:
Իր խօսքին վերջին բաժինով Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս դիտել տուաւ, որ, թէկուզ ուշացած, սակայն իր երկիրը պատրաստ է իր կարելին ընելու, որպէսզի այս պատերազմը աւարտի, այդ աշխատանքը պիտի տանի նաեւ Եւրոպական Միութիւնը` միշտ ի մտի ունենալով գործել այնպէս, որ այլ նմանօրինակ պատերազմներու առաջքը առնուի: Ան հաստատեց, որ Յունաստան միշտ պիտի օժանդակէ Լիբանանին` վերագտնելու իր բարգաւաճ վիճակը, տիրանալու իր իրաւունքներուն, մնալու ինքնիշխան:
Յունաստանի նախագահը հիւրընկալուեցաւ նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ, որուն հետ քննարկումի առանցքները հանդիսացան Լիբանանի եւ շրջանի վերջին զարգացումները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս տնտեսական եւ զբօսաշրջային բնագաւառներուն մէջ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ կայացած հանդիպումէն ետք Պըրրի դրուատեց դրացի եւ սերտ բարեկամ Յունաստանի հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները` նշելով, որ այս երկիրը լաւ կապեր ունի բոլոր արաբներուն հետ ընդհանրապէս եւ զօրակից է անոնց արդար դատերուն: Ան անդրադարձաւ Յունաստան-Լիբանան-Կիպրոս գործակցութեան, յատկապէս ծովային սահմաններուն ծիրին մէջ: Ըստ Նեպիհ Պըրրիի, քննարկումի նիւթ եղած են ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ յունական ներկայութիւնը, սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը, որուն մասին Յունաստանի նախագահը ըսած է, թէ տանելի չէ այլեւս, եւ թէ եւրոպացիներուն հետ այս մասին պիտի խօսի, որովհետեւ Լիբանանի մարդասիրական մօտեցումը խորքին մէջ նաեւ ձեւով մը ծառայութիւն է Եւրոպային, քան` Լիբանանի: