Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեմ Կրնար Քնանալ

Ապրիլ 6, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ մենք ժամացոյցները մէկ ժամ յառաջացուցինք: Այս ձեւով մենք հիմա ստիպուած ենք առտուն մէկ ժամ կանուխ արթննալ. օդը տակաւին ցուրտ է, դուրսը` գրեթէ մութ: Երբեմն դժուար կը թուի այս ժամանակի փոփոխութիւնը կառավարելը: Ան կը խանգարէ քունի մեր ժամերը: Իսկ մենք գիտենք, որ քունը կարեւոր է: Քունի ընթացքին է, որ մենք օրուան յոգնութենէն կը ձերբազատինք եւ կը հանգչինք: Սակայն քունի ընթացքին է նաեւ, որ մենք մեր բոլոր սորվածները կը դասաւորենք մեր ուղեղի փոքրիկ «դարակներուն» մէջ:

***

Գիտնականները ապացուցած են, որ քունի պակասը միայն յոգնութիւն չի պատճառեր: Ան կրնայ նաեւ ծանր հետեւանքներ ունենալ առողջութեան վրայ, ինչպէս` չափազանց գիրութիւն, կամ մարմնին դիմադրականութեան տկարացում: Քունի պակասը մեծ թիւով անձերու գլխաւոր հարցն է: Աւելի փոքր տարիքովներն ալ կրնան տառապիլ ասկէ: Ըստ ուսումնասիրութեան մը, 10 պատանիէն 5-ը կը տառապի քունի պակասէ: Ասոր գլխաւոր պատճառն է մեզ շրջապատող ելեկտրոնային գործիքները (բջիջային հեռաձայն, համակարգիչ, պատկերասփիւռ…), որոնք մեզ արթուն կը պահեն: Ըստ նոյն ուսումնասիրութեան, անոնք, որոնք համացանցը գիշերը կը գործածեն, 45 վայրկեան նուազ կը քնանան, քան` գիրք կարդացողները: Հետեւաբար աւելի լաւ քնանալու եւ աւելի լաւ ապրելու համար ճիշդ ընտրութիւններ պէտք է ընել:

Կերպընկալը Կը Բաւէ՛ Այլեւս

Ամէն տարի 8 միլիոն թոն կերպընկալ վերջաւորութեան կը հասնին ովկիանոսին: Պէտք է շարժիլ:

Մեր գործածած կերպընկալներուն մեծ մասը կարելի չէ վերամշակել. կերպընկալէ տոպրակներ, գաւաթներ, ըմպաձողիկներ (շալիւմօ)… միլիոնաւոր առարկաներ ամէն օր աղբը կը թափուին, եւ այդ պատճառով կը յառաջանայ ապականում, որ մեծ վտանգի կ՛ենթարկէ ծովային միջավայրը, բոյսերն ու անասունները:

***

Գիտէի՞ր, թէ կերպընկալէ ըմպաձողիկ մը, օրինակի համար, պէտք ունի 200 տարուան` փճանալու համար, կամ` երբ կրիաներուն նման անասուններ այդ ըմպաձողիկը կը կլլեն, անոնք կը սատկին: Կը կարծէ՞ք, որ ասիկա տրամաբանական է, պարզապէս 20 վայրկեան գործածել այդ առարկան, ապա զայն թափելու համար: Գիտէի՞ք, որ գոյութիւն ունին ըմպաձողիկներ, զորս կարելի է լուալ եւ դարձեալ գործածել:

***

Բազմաթիւ երկիրներ որոշած են վերամշակել իրենց կերպընկալին 100 առ հարիւրը, կամ ամբողջովին դադրեցնել կերպընկալէ թափուող առարկաներու գործածութիւնը: Դուն ալ, քու կարգիդ, կրնաս վճռական քայլեր առնել ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ, օրինակի համար, մերժելով գործածել կերպընկալէ ըմպաձողիկներ, կամ երբ գնումի կ՛երթաս` աւելորդ տոպրակներ հաւաքելէ խուսափիլ, կամ նոյնիսկ հետդ կտորէ տոպրակ մը տանելով` գնածներդ անոնց մէջ դնելու համար` առանց կերպընկալէ տոպրակ գործածելու:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Ի՞նչ Երաժշտութիւն` Ձեր Պանիրին Համար

Պանիր մը ժամանակի պէտք ունի հաստատուն դառնալու եւ կատարեալ համը ստանալու համար: Ասիկա կը կոչուի զտում:

Զուիցերիոյ մէջ պանիրները զտումի կ՛ենթարկուին երաժշտութեան ընկերակցութեամբ. ռոք, հիփ, հոփ, կամ դասական երաժշտութիւն… Իւրաքանչիւր պանիր իր զտումի ժամանակը անցուցած է տարբեր մթնոլորտի մը մէջ: Վեց ամիս ետք դատական կազմ մը զանոնք համտեսած է եւ անդրադարձած է, որ գոյութիւն ունին համի տարբերութիւններ: Հիփ-հոփ երաժշտութեամբ զտումի շրջանը անցուցած պանիրը աւելի մեղմ է. մինչ ռոք երաժշտութիւնը տուած է աւելի համեմուած պանիր:

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Տուրմի Կտորը 5792 Քիլօ Կը Կշռէ

Աշխարհի ամէնէն մէկ տուրմի կտորը շինուած է անգլիական «Թորնթընզ» ընկերութեան կողմէ, Անգլիոյ մէջ, 7 հոկտեմբեր 2011-ին: Աւելի քան 50 անձեր մասնակցած են այս մօտ 4 մեթր կողմեր ունեցող քառակուսի տուրմի կտորին պատրաստութեան. ան կը կշռէր աւելի քան 5,7 թոն (5792 քիլօ):

Այս տուրմի կտորը շինող ընկերութիւնը յայտարարած է, որ այդ հսկայական կտորը կտոր-կտոր պիտի ծախուի խանութներու մէջ` բարեսիրական նպատակներու համար:

Ջուրի Իրաւունքը

Գիտէի՞ր, թէ երկրագունդին մակերեսին 71 առ  հարիւրը ծածկուած է ջուրով: Սակայն գիտէի՞ր նաեւ, որ մօտաւորապէս 3,5 միլիոն անձեր ամէն տարի կը մահանան ջուրի վատ որակին հետ կապ ունեցող հիւանդութիւններու պատճառով:

Գիտէի՞ր, թէ 800 միլիոն անձեր դիւրութիւնը չունին հասնելու ըմպելի ջուրի:

Սակայն «մաքուր, ըմպելի եւ որակաւոր ջուրի, ինչպէս նաեւ առողջապահական հասանելիութեան իրաւունքը» մարդկային իրաւունք դարձած է 28 յուլիս 2010-էն ի վեր:

Ինչպէ՞ս …

… Է Վիճակը Տիեզերքին Մէջ

Տիեզերքին մէջ մութ ու լուռ է: Ամէն ինչ մութի մէջ թաղուած է եւ ուր ո՛չ մէկ աստղ կամ մոլորակ կայ արեւուն լոյսը ցոլացնելու համար: Իսկ ամէն ինչ լուռ է, որովհետեւ մթնոլորտ չկայ: Մթնոլորտին շնորհիւ է, որ ձայները կրնան տեղափոխուիլ. մթնոլորտն է, որ կապոյտ գոյնը կու տայ մեր երկնքին: Տիեզերքին մէջ անուշ չի բուրեր, հոն կայ ծուխի եւ մետաղի հոտ:

… Կը Քնանանք

Երբ մեր ուղեղը մեզի նշան ընէ: Գիշերը, երբ լոյսը տկար է, աչքին ցանցենիին բջիջները լուր կը ղրկեն ուղեղի բջիջներուն: Ան կ՛արտադրէ նիւթ մը, որ մեզի յօրանջել կու տայ. ասիկա քնանալու ժամանակի նշանն է: Ապա շնչառութիւնը կը դանդաղի, մեր մարմնին ջերմաստիճանը կ՛իջնէ, եւ մենք կը քնանանք:

… Կը Պատրաստուի Քորն Ֆլէյքսը

Քորն ֆլէյքսը շինելու համար եգիպտացորենի հատիկները կը խառնուին շաքարի, ջուրի, գարիի եւ աղի հետ, ապա այս խառնուրդը շոգիով կ՛եփուի:

Ապա հատիկները կը ճզմուին երկու մեքենային մէջ եւ կը խորովուին. այս փուլին է, որ կը կազմուին եգիպտացորենի այդ թերթիկներուն վրայի փոքրիկ գունդերը:

… Սարդերը Կը Շինեն Իրենց Թելերը

Իր ծնունդէն արդէն սարդը կրնայ մետաքսեայ թելեր շինել: Ան կ՛արտադրէ նիւթ մը, որ ան տարբեր արագութեամբ կը հանէ իր որովայնէն` տարբեր տեսակի թելեր ստեղծելու համար. տոկուն թելեր` ոստայնը շալկելու համար, բարակ թելեր` թրթռացումները զգալու համար, չոր թելեր` անոնց վրայէն շրջելու համար կամ կպչուն թելեր` որսեր բռնելու համար:

… Մարդիկ Կը Ճամբորդէին, Երբ Օդանաւեր Չկային

1950-ական թուականներէն ի վեր օդանաւով ճամբորդութիւնները յաճախակի դարձած են: Այդ թուականներէն առաջ ովկիանոսները եւ ծովերը կտրելու համար մարդիկ մեծ նաւերով կը ճամբորդէին:

Ցամաքին վրայ շոգեկառքը ճամբորդները կը տանէր Եւրոպայի չորս կողմերը, նոյնիսկ` մինչեւ Չինաստան: Սակայն 19-րդ դարէն առաջ մարդիկ կը տեղափոխուէին յատկապէս ոտքով կամ ձիով:

… Կը Կազմուի Աւազը

Հովը կը փչէ, եւ ալիքները անդադար կը հարուածեն ժայռերը եւ ժամանակի ընթացքին զանոնք կը մաշեցնեն:

Այս մաշումէն կը յառաջանան ժայռի մանր կտորներ, որոնք իրարու կը քսուին եւ կը կազմեն միլիառաւոր աւազի հատիկներ:

… Մեր Մորթը Կը Սեւնայ

Արեւուն շնորհիւ: Անոր ճառագայթները կ՛ազդեն մորթին վրայ. մեր մորթին եւ մազերուն գոյն տուող նիւթը` մելանինը կը շատնայ մեր մարմինը պահպանելու համար արեւու այրուածքէն: Իբրեւ արդիւնք` մորթը կը գունաւորուի եւ թուխ կը դառնայ: Սկայն այս պահպանումի հակազդեցութիւնը անմիջական չէ, եւ եթէ մենք չպաշտպանուինք, մեր մորթը կրնայ այրիլ:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել սքէյթպորտին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Ապրիլ 1969)

Յաջորդը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ` Մուտն Ի Վիրապ

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?