«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ:
Սաքրամենթոյի մէջ, Քինկզ 130-105 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Հիուսթըն Ռոքեթցէն: Յաղթական կազմէն Ճէյմզ Հարտեն նշանակեց 36 կէտ:
Օքլահոմա Սիթի 119-103 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզին: Օքլահոմայէն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Ռասըլ Ուեսթպրուք (20 կէտ, 20 ռիպաունտ, 21 էսիսթ):
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 116-102 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցին: Տեմարքուս Քուսինս (Ուորիըրզ) նշանակեց 28 կէտ:
Իսկ վերջին մրցումին, Սան Անթոնիօ Սփըրզ 117-111 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Աթլանթա Հոքսի դէմ: Տեմար Տերոզան (Սփըրզ) նշանակեց 29 կէտ: