Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխատողներուն Երկընտրանքը, Երբ Անհանգիստ Են

Մարտ 15, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Քիչ չեն այն մարդիկ, որոնք անհանգիստ վիճակով աշխատանքի կ՛երթան. ոմանք ծայրայեղ պարտաճանաչութեամբ, ուրիշներ չափազանցուած զգուշաւորութեամբ, շատեր ալ` վախնալով վարպետէն… Անշուշտ անհանգիստ վիճակով աշխատանքի երթալը իր անխուսափելի անպատեհութիւնները ունի. առողջութեան վատթարացում, ապարդիւն աշխատանք եւ այլն: Այս երեւոյթին անդրադարձած է Քափիթըլ կայքը:

Ն.

Ինչպէ՞ս Վարպետիդ Ըսել,
Որ Անհանգիստ Ես

Անհանգստութեան պատճառով աշխատանքէ բացակայողներուն թիւը, ըստ ուսումնասիրութիւններու, վերջին քսան տարիներուն բաւական նուազած է: Եթէ 1990-ական թուականներուն տարին միջին հաշուով աշխատաւոր մը անհանգստութեան պատճառով 7 օր կը բացակայէր, այժմ այդ թիւը նուազած է եւ հասած` չորսի:

«Դժուար է այս փոփոխութիւնը վերագրել բժշկութեան ընդհանուր յառաջդիմութեան, մարդիկ անպայման աւելի նուազ չեն անհանգստանար», կ՛ըսէ  Քայլի Այնսիլ` Լոնտոնի Արքայական քոլեճի ուսումնասիրողներէն:

Փոխարէնը` մասնագէտները կը նշեն, որ պէտք է մեղադրել աշխատանքի փոփոխուող մշակոյթը, որ անհանգստութեան արձակուրդին շուրջը խառնաշփոթ ստեղծած է:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ գործատէրերու, տնօրէններու անվստահութիւնն ու վախը ստիպած են, որ յաւելեալ թիւով հիւանդ աշխատաւորներ գործի գան: Հարբուխի եղանակը ընդհանրապէս դեկտեմբերէն փետրուար կ՛երկարաձգուի: Այդ ժամանակամիջոցին է, որ բացակայութիւնները կը բազմանան: Տարուան ամէնէն ցուրտ շրջանն է, երբ տենդախառն հարբուխը արագօրէն վարակիչ կ՛ըլլայ:

Բժիշկները համաձայն են, որ հարբուխի կանուխ  փուլերուն` առաջին երկու օրուան ընթացքին, երբ վտանգը կը գտնուի ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ,  տունը մնալը կարեւոր է ե՛ւ հիւանդներուն, ե՛ւ անոնց   գործընկերներուն առողջութեան համար:

Ըստ մասնագէտներու, աշխատանքի փոփոխուող մշակույթը մեղաւոր է անհանգստութեան արձակուրդի շուրջը ստեղծուած խառնաշփոթին համար:

Բրիտանիոյ մէջ պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ աշխատաւորներուն շուրջ 40 առ հարիւրը չ՛ըսեր իր տնօրէնին իսկական պատճառը, երբ կը հեռաձայնէ անհանգիստ եղած ատեն, վախնալով, որ կը յանդիմանուի կամ անվստահելի կը դառնայ:

Անբախտ մարդոց համար, որոնց գործատուները աշխատանքէ չբացակայելու ճնշում կը բանեցնեն, գիտնալը, թէ ինչպէ՛ս արդիւնաւէտ հաղորդակցիլ ազատ օրուան մը պահանջին մասին, կարեւոր քայլ է ինչպէս իրենց առողջութեան եւ արտադրողականութեան, այնպէս ալ աշխատակիցներու պահպանութեան ուղղութեամբ:

Անհանգստութեան դրոշմ

Ուրեմն ինչո՞ւ շարք մը պոսեր աշխատաւորին անհանգստութեան հանդէպ անտարբեր են:

Մինչ  նոր արհեստագիտութիւնները եւ ակնթարթային հաղորդակցութիւնը թափանցած են համաշխարհային առեւտուրի ասպարէզ, աշխատանքային նոր ներուժ, աշխուժութիւն մը ստեղծուած է: Կախուած արհեստագիտութենէն` գրասենեակին մէջ գտնուիլը այլեւս անհրաժեշտ չէ արտադրողական ըլլալու համար: Բազմաթիւ  աշխատողներ հագեցած են բոլոր անհրաժեշտ սարքերով, գործիքներով` համակարգիչ եւ ՈւայՖայ, գրասենեակէն հեռու աշխատելու համար:

Սակայն որեւէ վայրի մէջ աշխատելու ազատութեան հետ յառաջացած է անվստահութեան ալիք մը տնօրէններու կողմէ, որոնք չեն կրնար հետեւիլ, հսկել  իրենց ենթականերուն:

Մարդկային աղբիւրներու առեւտրական «Սթայլզ» ընկերութեան փոխ տնօրէն Ճորճ Պուէ կ՛ըսէ.«Դրոշմը կու գայ աւելի հին սերունդներէն: Անոնք բնաւ չեն ընդունած, որ անձ մը կրնայ նոյն արդիւնաւէտութեամբ աշխատիլ տունէն: Ատիկա  կ՛արտացոլայ` որպէս դիմադրութիւն ապակեդրոնացած աշխատավայրի հայեցակարգի մը, ուր աշխատակիցներուն կը վստահին իրենց գործի ատեն:

Անվստահութեան եւ առաւելագոյն արտադրողականութեան մնայուն ձգտումի համադրութիւնը պատճառ դարձած է, որ  կարգ մը տնօրէններ հիւանդութեան կապուած բացակայութիւնը այդպիսի քննադատական աչքով նային:

Հարբուխի եղանակի ատեն հրամայական է, որ վարակուածները տունը մնան, որպէսզի իրենց գործընկերներուն չփոխանցեն:

Ուսումնասիրութեան մէջ գործատուներու, տնօրէններու միայն 42 առ հարիւրը ընդունած է, որ հարբուխը բաւարար չափով լուրջ անհանգստութիւն է, որպէսզի ենթական բացակայի: 40 առ հարիւրը նոյնը ըսած է կռնակի ցաւի, կամ որեւէ վիրաբուժութեան համար:

Ուսումնասիրութիւնը նոյնպէս բացայայտած է, որ բացակայելու, տունը մնալու պատճառին մասին աշխատաւորները աւելի հաւանական է, որ ստեն իրենց պոսերուն, եթէ պատճառը առնչուած է մտային-հոգեկան առողջութեան (39 առ հարիւրը ճշմարտութիւնը պիտի ըսէ), քան` ֆիզիքական առողջութեան (77 առ հարիւր):

Բայց միայն գործատիրոջ, տնօրէնին  վերաբերմունքը չէ, որ մեզի կը ստիպէ աշխատիլ, երբ անհանգիստ ենք: Բազմաթիւ աշխատանքներ, որոնք անցեալին օրինական եւ մնայուն ժամանակով էին, դարձած են խախուտ եւ անցաւոր` խարխափող  տնտեսութեան մէջ:

Էտինպորոյի Նափիէր համալսարանի դասախօս Փիթ Ռոպերթսըն 2017-ին գրած է.

«Այսօր աշխատանքը, գործը կրնան ժամանակաւոր ըլլալ` ճշդուած ժամկէտով, նախագիծի մը վրայ հիմնուած, կարճ ժամանակով, առանց պայմանագիրի, պատահական, միջնորդութեամբ, ֆրիլենս , արտաքին, անկանոն, անպաշտօն, չյայտարարուած, անապահով, լուսանցքային կամ անկայուն»:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու աշխատանքի վիճակագրութիւններու գրասենեակին, ե՛ւ աշխատանքի տեղաբաշխման ե՛ւ աշխատանքի բաժանման թիւը վերջին երկու տարիներուն ընթացքին աճած են: Երբ շրջանառութեան կշռոյթը կը բարձրանայ, զարմանալի չէ, որ աշխատողները խիստ զբաղած են աշխատանքով, նոյնիսկ եթէ անոնք հիւանդ են:

Ասիկա կը կոչուի presenteeism. մարդիկ աշխատանքի կու գան, երբ անոնք հիւանդ են:

Առողջական վիճակի մասին հաստատագիր մը. աւելի շատ գործատուներ թերահաւատ են աշխատողներու հանդէպ, որոնք անհանգստութեան պատճառով տունը կը մնան

Ներկայութեան կապուած խնդիր

Ներկայութիւնը աւելի քան եռապատկուած է  վերջին տասնամեակին` ըստ Անհատական զարգացման հիմնարկին:

2018 թուականի ուսումնասիրութեան մէջ շուրջ հազար մասնակիցներուն 86 առ հարիւրը ըսած է, որ իրենց կազմակերպութեան մէջ անցեալ տարուան ընթացքին ներկայութիւնը 2010 թուականի 26 առ հարիւրէն բարձրացած է:

Մասնագէտ Կլեն Փարքինսըն 2015 թուականին գրած է. «Գործատուները եւ տնօրէնները այժմ շատ քիչ հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն, կամ կ՛աջակցին այն աշխատաւորներուն, որոնք կը տառապին հիւանդութենէ: Այնպէս որ դժուար չէ տեսնելը, թէ ինչո՛ւ աշխատողները կը զգուշանան անոնց  հեռաձայնելէ, երբ անհանգիստ են: Գործատուները պէտք է վստահին աշխատաւորներուն` անհանգստութեան պատշաճ արձակուրդը առնելու, եւ ուր որ կարելի է, արտօնեն տունէն աշխատիլ»:

Ներկայութիւն արտօնելը շատ աւելի ծախսալից կրնայ ըլլալ  ընկերութեան մը, քան` ստեղծելը միջավայր մը, ուր մարդիկ զգան, որ կրնան անհանգստութեան համար արձակուրդ առնել: Հիւանդութենէ վարակուած աշխատաւորները աւելի վնասակար են աշխատավայրին մէջ:

Իսկ երբ հարցը կը վերաբերի մտային-հոգեկան առողջութեան կամ հիւանդութեան, մարդոց արտօնելը, որ բուժումի համար կանուխ արձակուրդ առնեն, ապաքինումի ժամանակը աւելի նուազ կ՛ըլլայ:

Անհանգիստ վիճակով աշխատանքի ներկայութիւնը, վերջին տասնամեակին եռապատկուած է

Ըստ 2013 թուականին Փիցպուրկ համալսարանին պատրաստած ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն, անհանգիստ վիճակով գրասենեակին մէջ ամբողջ օր մը անցընելը կրնայ աշխատավայրին մէջ 40 առ հարիւրով աւելցնել հարբուխէ վարակուողներուն թիւը: Ուսումնասիրողները գործածած են 500.000 աշխատաւորներու տուեալները Փենսիլուանիոյ մէջ` ստուգելու համար հարբուխի վարակման պայմանները:Պարզուած է, որ 66.000 հիւանդներ(ա շխատաւորներու ընդհանուր թիւին 11,5 առ հարիւրը)  վարակուած են աշխատավայրին մէջ:

Մինչ մէկ կամ երկու օր տունը մնալով` ե՛ւ հիւանդները շուտ ապաքինած են, ե՛ւ անոնց գործընկերները առողջ մնացած են:

Խիստ ներկայութեան սովորութենէն հրաժարիլը յստակ օգուտներ ունի աշխատատեղիին մէջ երկարատեւ առողջութիւն ապահովելու իմաստով:

Այն գործերուն մէջ, ուր չկայ պաշտօնական, օրինական ձեւականութիւն,  աշխատաւորներուն կը մնայ անհրաժեշտութեան պարագային հաղորդակցիլ իրենց տնօրէններուն հետ այնպիսի ձեւով մը, որ չխանգարէ աշխատանքի ընթացքը:

Պարկեշտութեան քաղաքականութիւն

Մասնագէտներ կ՛ըսեն, թէ որքա՛ն կանուխ աշխատաւորը իր մեծաւորին տեղեկացնէ, այնքան լաւ է: Անհանգստութեան պարագային, պոսին հետ կանուխ հաղորդակցիլը երկուստեք նպաստաւոր է` բացակայութեան համար ծրագրումի ժամանակ ունենալու:

Ամէնէն կենսականը` անկեղծ, պարկեշտ  ըլլալը լաւագոյն ձեւն է անհասկացողութիւններէ եւ տհաճութիւններէ խուսափելու համար:

«Ճիշդ ձեւը հետեւիլն է կազմակերպութեան, ընկերութեան օրէնքներուն, քաղաքականութեան: Ամէնէն սխալ ձեւը ստելը կամ չափազանցելն է», ըսած է Մարդկային աղբիւրներու ընկերակցութեան տնօրէն Մարք Մարսըն:

Ան աւելցուցած է.« Երկու տեսակ տնօրէններ, գործատուներ կան: Առաջին խումբը կը հաւատայ, որ աշխատաւորները ի բնէ չեն ուզեր աշխատիլ եւ ուրեմն օրէնքներու պէտք ունին: Այս տնօրէնները կանխատրամադրուած պիտի ըլլան ամէնէն վատը մտածելու որեւէ աշխատաւորի մասին, յատկապէս երբ հիւանդութիւնը նշուի որպէս պատճառ աշխատանքէ բացակայութեան:

«Տնօրէններու միւս տեսակը պիտի փորձէ տրամաբանական չափանիշներ հաստատել եւ վստահիլ աշխատաւորներու հասունութեան: Պատասխանատուութիւնը տնօրէններուն վրայ է` ստեղծելու մշակոյթ, մթնոլորտ մը, ուր աշխատաւորները իրաւասու զգան անհանգստութեան պարագային արձակուրդ առնելու: Լաւագոյն ձեւը անձնական օրինակով առաջնորդելն է»:

«Ասիկա կը նշանակէ տունը մնալ, երբ իսկապէս շատ անհանգիստ կը զգաս, այնպէս, որ քու ղեկավարած խումբդ գիտնայ, թէ կարելի է նոյնը ընել, երբ իրենք լաւ չեն զգար: Նոյնպէս կարեւոր է խուսափիլ հաղորդակցելէ այն աշխատաւորներուն հետ, որոնք անհանգստութեան պատճառով տունն են, բացի եթէ շատ անհրաժեշտ հարց մը ըլլայ»:

«Հաւասարակշռութիւնը գտնելը միշտ երկկողմանի պիտի ըլլայ: Աշխատաւորներէն եւ պոսերէն կը պահանջուի նկատի առնել պատասխանատւութիւններն ու առողջութիւնը միւսներուն` նախքան ճնշում բանեցնելը: Մանաւանդ հարբուխի եղանակին, անհրաժեշտ է նուազեցնել ներկայութեան դէպքերը»:

Լաւ պոս մը պէտք է խոհեմ եւ հասկցող ըլլայ: Ոչինչ կրնայ աւելի սերտ կապ ստեղծել մեծաւորին եւ իր ենթակային միջեւ, քան` իսկական, անկեղծ հոգատարութիւն ցուցաբերելը:

Նախորդը

Ժամանա՛կն Է Արդէն

Յաջորդը

Թազեանին Բազմաշերտ Ու Բազմախորհուրդ Արուեստը

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?