Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Մարտ 13, 2019
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրական Եւ Ստեղծագործական Աշխատանքներ

– Օսմանեան Առաջին Սահմանադրութիւնը
Եւ Հայրիկի Տեղեկագիրը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Խրիմեան Հայրիկ, Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող եւ իրեն յատկացուած խուցին մէջ առանձնացած, նուիրուեցաւ գրական եւ ստեղծագործական աշխատանքներու:

Հայրիկ «Հրաւիրակ Արարատեան»-ի չորս «նուագ»-ներուն վրայ աւելցուց «նուագ հինգերորդ»-ը, ուր ան կը ներկայացնէր Տարօնի աշխարհը եւ Մամիկոնեան նախարարական տունը: «Հրաւիրակ Արարատեան»-ի այս երկրորդ տպագրութիւնը` 1876-ին, Եղիա Տնտեսեանի տպարանէն, «ընծայեցաւ ի լոյս շնորհիւ ազնուամեծար Յակոբ էֆէնտի Նորատունկեան»:

Խրիմեան Հայրիկ այնուհետեւ տպագրութեան յանձնեց «Դրախտի ընտանիք»-ը, որ «ընծայեցաւ ի լոյս շնորհիւ գերազնիւ Ասպետի Աստուածատուր Ջունդ», 1876-ին, Զարդարեան տպարանէն:

Նախաբանին մէջ Հայրիկ կ՛ըսէր. «Ո՛վ հայոց ընտանիք ճանչցէք ձեր չափն ու վիճակը. դուք շատ աղքատ էք ոսկւով ու մտքով. աղքատ էք գործունեայ աշխատասիրութեամբ, աղքատ էք արուեստական հանճարով, աղքատ էք իմաստուն տնտեսագիտութեամբ:… Ես կը գովեմ քո եռանդը որ կը ձգտիս դէպ ի յառաջդիմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն, միայն թէ սխալ ըմբռնած ես, թէ որպէս զեղխութիւն, զեղծմունք, նորասիրութեան բուռն տենչանքը, ճշմարիտ քաղաքակրթութեան նմանողութիւն է: Դու ազնիւ եղիր ու ազնիւ ժողովրդոց բարի ու պարկեշտ օրինակին հետեւիր, որոնց ամենայն ինչ կշռով ու չափով է, որոնց ընտանեկան կեանքին լոյս եւ առաջնորդ` ուսումն, դաստիարակութիւն եւ տնտեսութիւն է: Քաղաքակիրթ ժողովուրդ այս երեք բառերով կը վարէ իւր ընտանեկան կեանք. այս երեք բառերն են, որով նոքա բարեպաստիկ եւ երջանիկ կ՛ապրին աշխարհիս վերայ, վասնզի ուսման լուսով հաց կը գտնեն, դաստիարակութեամբ հոգին եւ սիրտ կրթելով բարի ընտանիք կը կազմեն, իսկ տնտեսութեամբ հացին սեղան եւ այլ կեանքի պիտոյքները չափով ու կշռով կը մատակարարեն միշտ հոգալով ապագայի անստոյգ օրերն: Ո՛վ դուք ընտանիք հայոց,  ուղղեցէք ձեր ներկայն, որ ապագայն ուղիղ լինի, տնտեսեցէք ձեր ներկայն, որ ապագային հացը չի պակսի: Մի՛ մոռնաք վերոյիշեալ երեք պայմանները, որ մեր թշուառ կեանքը կը բարւոքեն. եւ այս է` լուսով հաց գտէք, դաստիարակութեամբ բարի ընտանիք կազմեցէք, իսկ իմաստուն տնտեսութեամբ հոգացէք միանգամայն ձեր ներկայն եւ ապագայն»:

«Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ խաչի ճառ» գրքոյկը Հայրիկ տպագրութեան յանձնեց նոյն տարին` 1876-ին, «Ի նուէր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ուխտին. ընծայեցաւ ի լոյս շնորհիւ եւ արդեամբ Մեծ. Ռուբէն էֆէնտիի Կիւմիւշկէրտանեան»: Իր այս աշխատութիւնը Հայրիկ նուիրած է «առ հօրեղբայր իւր որ ի տէր ննջեր է»: Հայրիկ սրտառուչ բառերով կը խօսի իր հոգելոյս Խաչատուր հօրեղբօր հետ.

«Խաչի ճառ քո յիշատակին կը նուիրեմ, ո՛վ հանգուցեալ Հոգի, զի պարտական եմ ես քեզ. յիսուն տարի կը լինի որ մեր աշխարհէն` յաւիտենական աշխարհ գնացեր ես. այլ քո անուն եւ յիշատակ մանուկ Մկրտչի հոգւոյն ու սրտին մէջ անեղծ պահեր եմ:

«Չեմ մոռնար, այլ կը յիշեմ մանկութեանս գարնան քաղցր օրերը, երբ միմիայն մանուկ Մկրտիչ քո սիրոյ ծաղիկն էր: Սորա համար ես մոռցած էի ծնողք եւ բոլոր Խրիմեան գերդաստանի մերձաւորներ. զի դու էիր ինձ համար հայր, մայր, դաստիարակ, վարժապետ, խնամածու եւ այլն: Ամուրի կեանք ընտրեցիր ու սիրեցիր, որպէս զի քո սիրեցեալ եղբօրորդին որդեգրես քեզ:

«Դու մեռար, դեռ ողջ էին ծնողքս եւ երիցագոյն եղբայրս. բայց ես յայնժամ զգացի թէ` սիրոյ եւ դաստիարակութեան գրկէն որբացած եմ: Ոչինչ մեծ ժառանգութիւն աշխարհիս հարստութենէն չթողիր քո հոգեհատոր մանուկ Մկրտչին. ոչ ոսկի, ոչ արծաթ, այլ մի Աստուածաշունչ եւ մեր սուրբ նախնեաց մի քանի մատեաններ, զորս յաճախ կարդալ տալով` ընտանի լեզուով կը բացատրէիր ինձ:

«Այլ քան զամէն աւելի գործնական օրինակովդ Աւետարանի գթասիրութեան հոգին թողիր ինձ ժառանգութիւն: Երանի՜ թէ տիրապէս ժառանգէի զայն. բարեգորով մի սիրտ ունէիր եւ անխտրապէս կը գթայիր ամէն տառապեալ թշուառին վերայ: Երբ աղքատ դուռը դփէր, կը կանչէիր, Մկրտի՛չ, հաց տուր, եւ երբ մերկ լինէր աղաչաւոր թշուառ հրաման կ՛անէիր որ մի քանի կանգուն կտաւ տամ:

«Արթուն աչքով կը հսկէիր, եւ ոչ փոքրիկ պակասութեանս կը ներէիր դու: Կը յիշեմ որ մի օր ժամու պատկերի առջեւէն մի փոքրիկ մոմ առնելով բերի տունը, հարցուցիր եւ ես առանց ժխտելու խոստովանեցայ, հետեւեալ օր զիս տարիր եկեղեցին եւ նոյն մոմ խաչի պատկերի առաջ վառել տուիր, եւ քաղցրութեամբ խրատեցիր որ այլ եւս սեղանակապուտ չլինիմ:

«Ծանր հիւանդացայ մի նուագ, քառասուն օր ամբողջ գլխուս վերայ կեցար, ամէն ճար եւ դարման կը հայթայթէիր, եւ մերթ եւս կ՛երթայիր եկեղեցին, լալով կը պաղատէիր Աստուծոյ որ ապրի մանուկ Մկրտիչ:

«Ապրեցայ քո հաւատով, եւ դեռ կ՛ապրիմ Աստուծոյ նախախնամութեամբ, վաթսուն եւ վեցերորդ տարին լրացուցի: Եւ դու եւս, եթէ ճիշդ կը յիշեմ, այնչափ տարի ապրեցար ու մեռար:

«Ես քո խօսուն գառնուկն էի, բայց դու մի անխօսուն գառնուկ եւս ունէիր, զոր ամբողջ եօթն տարի պահեցիր. ուր երթայիր քո ետեւէն կու գար, երբեք չէր բաժանուեր: Ո՜հ, մահուանդ օր այդ գառնուկ մորթեցին եւ հոգւոյդ համար ճաշ տուին աղքատներուն»:

«Այժմ մանուկ Մկրտիչ ծերացեր Հայրիկ եղեր է, ես ալ պիտի գամ հասնիմ քեզ. սակայն դու հոգւովդ մօտ ես կենաց աղբիւրին, աղօթէ որդեգրիդ համար, դեռ անվճար պարտք ունիմ առ Աւետարան, առ Ազգն եւ Եկեղեցին, պարտքերս վճարեմ եւ ապա մեռնիմ»:

***

Հերցեկովինայի մէջ սերպեր 1875-ի յուլիսին ապստամբութիւն բարձրացուցին օսմանեան իշխանութիւններուն դէմ: Ապստամբութիւնը հետզհետէ ծաւալեցաւ եւ տարածուեցաւ Պոսնիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ: Սերպիայէն եւ Մոնթենեկրոյէն մեծաթիւ կամաւորներ միացան ապստամբներուն:

Ռուսիա, Գերմանիա եւ Աւստրիա 30 յունուար 1876-ին ծանուցագիր մը ներկայացուցին օսմանեան կառավարութեան եւ պահանջեցին վերջ տալ ճնշումներուն: Ապրիլ 11-ին Պոլսոյ իսլամ կրօնական մետրեսէներու ուսանողները պալատ դիմեցին եւ զօրաւոր դահլիճի մը կազմութիւնը պահանջեցին: Ապրիլ 20-ին ապստամբութիւն բարձրացուցին պուլկարները: Մայիս 12-ին մեծ վեզիր նշանակուեցաւ Մեհմէտ Ռուշտի փաշա, փոխարինելով Մահմուտ Նետեմ փաշան: Մայիս 30-ին սուլթան Ապտիւլ Ազիզ գահընկէց հռչակուեցաւ եւ գահ բարձրացաւ եղբօր` սուլթան Ապտիւլ Մեճիտի որդին` Մուրատ: Յունիսին Սերպիա եւ Մոնթենեկրօ պատերազմ յայտարարեցին Օսմանեան կայսրութեան դէմ:

Պալատական ներքին յեղաշրջումով մը 31 օգոստոս 1876-ին սուլթան Մուրատ գահընկէց հռչակուեցաւ եւ գահ բարձրացաւ Ապտիւլ Համիտ:

Սուլթան Համիտ 19 դեկտեմբեր 1876-ին Միտհաթ փաշան մեծ վեզիր նշանակեց, իսկ դեկտեմբեր 23-ին հրովարտակ մը հրապարակեց, որպէսզի կիրարկութեան դրուի սահմանադրութիւնը: Թնդանօթի 101 հարուածներ ողջունեցին սահմանադրութեան հռչակումը: Սահմանադրութիւնը խմբագրուած էր Միտհաթ փաշայէն եւ Զիա ու Նամըք Քեմալ պէյերէն կազմուած յանձնաժողովի մը կողմէ:  Խմբագրութեան մէջ բաժին ունեցած էր նաեւ պետական խորհուրդի անդամ Գրիգոր Օտեան:

***

Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակման առիթով Խրիմեան Հայրիկ գրեց եւ տպագրութեան յանձնեց «Ժամանակ եւ Խորհուրդ իւր»ը, որ լոյս տեսաւ շնորհիւ վանեցի Համբարձում Պոյաճեանի:

Հայրիկ կը գրէր. «Մարդ չէր հաւատար որ հինգ հարիւր տարեկան Թուրքիոյ պառաւած եւ ամուլ մայր երկնելով հին աշխարհին համար նոր մանուկ սահմանադրութիւն մը ծնէր: Ծնաւ, այո՛, եւ ստրկացած ժողովուրդներ իբրեւ ազատարար կը համարին զայն. բայց տեսցուք թէ դայեակներ ի՞նչպէս պիտի պահեն զայն, որ ապրի, երբ նոր վերածնած մանուկ Թուրքաստան կռուով եւ սրով մանկակոտոր կը լինի: Դժխեմ ժամանակ երկու ձեռք միանգամայն բերաւ Թուրքաստանի վերայ. նոր օրէնք` սահմանադրութիւն բերաւ, որ նորա աւերակներ շինէ. պատերազմ բերաւ, որ նոր հին աւերակաց վերայ նորանոր աւերակներ կուտէ:

«… Ժամանակ ստրկութեան եւ ժամանակ փրկութեան. ժամանակ չարչարանաց եւ ժամանակ հատուցման. ժամանակ կործանելոյ եւ ժամանակ կանգնելոյ, ժամանակ ինքնահրաման պետութեան եւ ժամանակ սահմանադրութեան:

«Ո՛վ ժամանակ, դու գիտես որ հարուածող գաւազանին տակ ստրկական երկիւղով փակուած ժողովուրդին բերանն ու լեզուն` իւր կեանք պահելու համար սովորած էր միայն լռութիւն պահել եւ ապտակողին դէմ անմռունչ կերպով միւս երեսը դարձնել. եթէ մերթ ընդ մերթ ազատ մամուլ իւր ազատութեան ճիգ եւ ձայն հանէր, այն եւս կը ճնշուէր խիստ օրինաց ներքեւ. ուստի մեր աշխարհի զրկանաց եւ անիրաւութեան բազմատեսակ  վէրքեր միշտ ծածուկ մնաց, վերջապէս նեխեցաւ ու փտեցաւ, ամէն ոք դարմա՜ն դարմա՜ն կ՛աղաղակեն: Արդեօք խորհելոյ, գրելոյ եւ խօսելոյ ժամանակ հասա՞ւ:

«Հասա՛ւ, հասա՛ւ այն ազատաբեր ժամանակ. քեզ աւետիս կու տամ ժողովուրդ. լռած լեզուդ եւ փակուած բերանդ բա՛ց այսուհետեւ, խօսիր եւ գրէ՛ որչափ սահմանադիր օրէնք քեզ ազատութիւն կու տայ. խօսի՛ր երբ կը զրկուիս. խօսի՛ր դատաւորաց առաջ երբ ապիրատ ձեռք զքեզ կ՛ապտակեն, խօսիր եւ իրաւունք խնդրէ: Գիտցիր որ ազատ օրէնք զքեզ չի փրկեր, եթէ դու դարձեալ ստրկութեամբ վարուիս քո ոսոխ դատախազիդ առաջ»:

Սակայն Հայրիկ չի կրնար հաւատալ որ «հին ժողովուրդ նոր օրէնքով կը վերանորոգի»: Ան հարց կու տայ. «Ո՛վ սահմանադրութիւն, ի՞նչպէս պիտի շրջիս մեր մութ ու աներեւոյթ աշխարհին մէջ. մենք այնպէս գիտեմք որ լոյս, դաստիարակութիւն եւ գիտութիւն միշտ յառաջընթաց կարապետն են. դու առանց քո կարապետին եկար մտար մեր աշխարհ: Չգիտեմք. լոյս զքե՞զ հետ պիտի բերես թէ առանց լուսոյ խարխափելով պիտի շրջիս, որ չկարենաս տեսնել այն մեծամեծ վհեր որ կը բացուին քո առաջ»:

***

Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք կազմուեցաւ պետական քննիչ յանձնաժողով մը, մշակելու համար բարենորոգմանց ծրագիր մը: Յանձնաժողովին մէջ մտան նաեւ պետական հայ պաշտօնատարներ:

Իբրեւ երկիրն ու ժողովուրդը լաւ ճանչցող եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող անձ, յանձնախումբը դիմեց Խրիմեան Հայրիկի, իր կարծիքն ու նկատողութիւնները տեղեկագիրով մը արտայայտելու համար:

Իր տեղեկագիրին մէջ Հայրիկ կը գրէր. «Այսպէս կը համարիմ եւ կը հաւատամ այժմէն որ գաւառացի գիւղական ժողովրդոց այցելութեան ժամանակն հասած է:… Շատ զարմանք է, որ տէրութեան երկրին մէջ զինուորական բանակին մօտ, տեղական կառավարութեան աչքին առաջ ի՞նչպէս կը համարձակին նոքա (քիւրտեր) կռուոյ բանակներ կազմել. եթէ այնպէս կարծուի թէ տեղական կառավարութիւն իւր սահմանապահ զօրքերով կարող չէ քիւրտերու արշաւանքները զսպել, սուտ կը խօսիմք, այլ ստոյգ խօսելով պէտք է խոստովանիմք թէ տեղական կառավարութիւնք այս մասին շատ պարտազանց գտնուած են իրենց պաշտօնին մէջ:

«… Ուստի ճշմարտութեամբ պէտք է այս եզրակացութիւն հանեմք թէ քիւրտերուն բազմադիմի հարստահարութիւնը` իրենց վայրենութենէն ու զօրութենէն չէ այնչափ, որչափ տեղական կառավարութեաց անփոյթ եւ ապիկար դրութենէն, եւ մերթ եւս նոցա նպաստաւոր թոյլտուութենէն, որպէսզի առիթ ունենան մեծամեծ կաշառութեամբ, այսինքն ոչխարով, իւղով, պանրով, նժոյգ ձիերով, գեղեցիկ գորգերով եւ ոսկւով իսկ տուժել զքիւրտն:

«Ո՛վ չգիտեր եւ չվկայեր թէ երբ տեղական կառավարութիւնք կը զեղծանին եւ այս կերպով կը վարեն իրենց քաղաքային պաշտօնին մէջ, որ իսպառ ընդդէմ է տէրութեան կամաց եւ օրինաց, քիւրտերն եւս իբրեւ իրաւունք կը համարին իրենց կաշառատուութեան փոխարէն` երկրագործ ժողովուրդը հարստահարել. եւ առ այս` նորա փաստ եւս ունին եւ յառաջ կը բերեն ասելով, թէ մենք եւս կառավարութենէն կը հարստահարուինք»:

Խրիմեան Հայրիկ կ՛առաջարկէր քիւրտերը  զինաթափ ընել եւ նստակեաց կեանքի վարժեցնել, զանոնք որոշ վայրերու մէջ համախմբել եւ հսկողութեան տակ պահել, եւ քրիստոնեաներուն դէմ մոլեռանդութիւն քարոզող շէյխերն ու մոլլաները սանձահարել:

Հայրիկ տեղեկագիրը եզրափակելով կ՛ըսէր. «Քիւրտերուն եւ այլեւայլ գաւառաց կարգադրութեան համար առաջին պէտք բարեկարգիչ ձեռքն է, աշխարհաշէն մարդն է, Բ. Դրան արդար եւ  անխաբելի կամքն է, տէրութեան օրինաց անթերի գործադրութիւնն է, հպատակ ժողովրդոց հաւասար եւ անխտիր ազատութիւնն է, հաւատարիմ ու կարող պաշտօնէից  փորձառական ընտրութիւնն է, գաւառական պաշտօնէից անփոփոխ շարունակութիւնն է, եւ այս ամէնուն պսակը` Բ. Դրան անխաբ եւ անդրժելի պահանջումն է եւ այլ ուրիշ ոչինչ, եւ այս է միայն կայսերական երկրին բարեկարգութեան կատարումն եւ վախճան»:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Մարտ 1969)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?