Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Փետրուար 12, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ռուբէն Տէր Մինասեան


Ռուբէն Տէր Մինասեան.- Հայ ազատագրական շարժման նշանաւոր գործիչ, քաղաքական-պետական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ռազմական նախարար, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1882-ին, Ախալքալաք, Ջաւախք: Իր նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ մեկնած է Էջմիածին եւ ուսումը շարունակած` Գէորգեան ճեմարանին մէջ: Պատանի տարիքէն Ռուբէնը կ՛երազէր «Հայաստան» երթալ: Ան կրցած էր հասկնալ, որ բուն Հայաստանը ռուսական սահմանին միւս կողմն է, այսինքն` Արեւմտեան Հայաստանը, որ բռնագրաւուած էր Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:

Քսան տարեկանին կը մտնէ ռուսական բանակին մէջ` պահեստի սպայի աստիճանով: Ապա կ՛անցնի Մոսկուա` որպէս Լազարեան ճեմարանի բարձրագոյն դասընթացքի ուսանող: Մոսկուա եղած ժամանակ կը մասնակցի յեղափոխական ուսանողներու խմբական գործունէութեան եւ կ՛անդամագրուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն:

Ռուբէն Տէր Մինասեան հայ ազատագրական շարժումին եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամակցած է 1902-ին: Ան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ առաջին իսկ օրէն կրցաւ աչքառու դէմք դառնալ իր կուսակցական պատասխանատուութիւններու իրագործման մէջ:

1903-ին Մոսկուայէն կ՛անցնի Թիֆլիս` Երկիր անցնելու որոշումով: Այդ օրերուն հայ յեղափոխականները երկու հնոցներ ունէին` Սասուն եւ Պաթում, Ռուբէն կը նախընտրէ Սասունը: Իր առաջին գործունէութեան փորձառական դաշտը եղաւ Կարսը` Արամի շունչին տակ, որ այդ օրերուն Կարսի կեդրոնական դէմքն էր, Ռուբէն ազդուեցաւ անոր յեղափոխական գաղափարներէն:

1905-ին աւելի փորձուած ու յեղափոխութեան հնոցին մէջ դարբնուած` Ռուբէնը կը մեկնի Վան, ուր Իշխանին հետ կը զբաղի Լեռնապարի շրջանի կազմակերպութեամբ: Արամը կ՛անցնի Վան, իսկ Ռուբէնը Վարդան Շահպազի մօտ` լեռները, այնտեղ սորվելու ֆետայական կեանք:

Ռուբէնի յեղափոխական կեանքը կամաւոր նահատակութիւն էր, ան կը գործէր սուրբ գաղափարի համար, նախընտրեց անցնիլ Սասուն ու Տարօն եւ իր մասնակցութիւնը բերել իր հարազատ ժողովուրդի պայքարին: Տարօնի մէջ ան կ՛ըլլայ յեղափոխական գործունէութեան ղեկավար: Գէորգ Չաւուշին հետ անցնելով շրջանի մարտական ուժերուն գլուխը` կը վերակազմէ ֆետայական շարժումը, կը մասնակցի բազմաթիւ հերոսական կռիւներու, որոնց գլխաւորներէն է Սուլուխի կռիւը:

1907-1908 թուականներուն բազմիցս բանակցած է քիւրտ զինեալներու հետ: Առաջնորդուելով ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովի որոշումներով` ան կարճ ժամանակի մէջ Տարօնը դատարկած է ֆետայիներէ` զանոնք ուղարկելով Կովկաս:

1908-ին կը հռչակուի օսմանեան սահմանադրութիւնը, եւ կը դադրի յեղափոխական գործունէութիւնը: Սակայն Ռուբէն համոզուած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութեան պէտք չէ վստահիլ եւ պէտք է զբաղիլ կուսակցական-կազմակերպական գործունէութեամբ:

1909-ին Ռուբէն կ՛անցնի Վառնա եւ կը մասնակցի ՀՅ Դաշնակցութեան Է. Ընդհանուր ժողովին: Ան իր ուսումը շարունակելու համար կը մեկնի Ժընեւ` քիմիաբանութիւն ուսանելու համար եւ կը մնայ մինչեւ 1913: Նոյն թուականին կուսակցութեան հրահանգով, անաւարտ ձգելով ուսումը,  կը վերադառնայ Տարօն եւ կ՛անցնի կազմակերպական աշխատանքի: Ռուբէն ընդհանուր պատասխանատուն էր Դուրան-Բարձրաւանդակի եւ Տարօն աշխարհի ՀՅԴաշնակցութեան:

1914-ին կը պայթի Ա. Աշխարհամարտը, որուն կը յաջորդէ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Տարօնի ժողովուրդը զոհ չդառնալու համար, Ռուբէնի գլխաւորութեամբ, կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան: Սոյն հերոսամարտը կը տեւէ եօթը ամիս, որմէ ետք Ռուբէն կ՛անցնի Կովկաս:

1917-ին տեղի կ՛ունենայ Ռուսիոյ յեղափոխութիւնը: Կը կազմուի Անդրկովկասի կառավարման համար Սէյմը: Ռուբէն եւս կը մասնակցի Սէյմի աշխատանքներուն եւ կ՛անդամակցի Հայոց ազգային խորհուրդին, ան մեծապէս աջակցած է փախստականներու տեղափոխման ու աջակցութեան գործին:

1918-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Ռուբէն կ՛ընտրուի Հայաստանի խորհրդարանի անդամ: 5 մայիս 1920-էն մինչեւ 24 նոյեմբեր եղած է ռազմական նախարար, աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է 1919-1920 թուականներուն թուրք-թաթարական խռովութիւններու եւ 1920-ին պոլշեւիկեան մայիսեան խռովութեան ճնշման գործին մէջ: Այս պաշտօնին հետ մէկտեղ ան նաեւ տարբեր ժամանակահատուածներուն իրականացուցած է ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակատարի լիազօրութիւնները:

1920-ին Ռուբէն կը մեկնի Բաշ Գեառնի` այնտեղ գտնուող հայդուկներուն զգաստութեան հրաւիրելու, որպէսզի չենթարկուին պոլշեւիկեան լուծին: Հոնկէ կ՛անցնի Սիւնիք ու կը ստանձնէ նախագահութիւնը ինքնավար Սիւնիքի կառավարութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք Ռուբէն կ՛անցնի Իրան, ապա` Ֆրանսա, Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս:

Երեսուն տարի յաջորդաբար Ռուբէն եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ: Ռուբէն, միջազգային դիւանագիտական ընկալման առումով, կատարեալ մասնագէտ էր նաեւ միջինարեւելեան շրջանի քաղաքական հարցերուն:

Վտարանդի կեանք վարելով սփիւռքահայ տարբեր համայնքներու մէջ` Ռուբէն միշտ հաւատարիմ կը մնայ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարներուն ու ամբողջ կեանքը կը նուիրէ ազատագրական ու յեղափոխական գործերուն: Ան 1948-ին վերադառնալով Ֆրանսա` կը մահանայ 27 նոյեմբեր 1951-ին:

Յակոբ Տէր Յակոբեան


Յակոբ Տէր Յակոբեան.- պետական գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի աւագ քարտուղար, հասարակական գործիչ, գրող, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1881-ին, Գողթան գաւառի վերին Ազա գիւղը: Կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի եւ ապա Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ:

Ճեմարանի ուսումը աւարտելէ ետք նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին` միաժամանակ ստանձնելով ազգային եւ կուսակցական պատասխանատու պարտականութիւններ` Կովկասի եւ Իրանի մէջ:

1916-1917 թուականներուն պաշտօնավարած է Սալմաստի մէջ:

Ռուսիոյ Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք 1917-ին, վերադառնալով Կովկաս, Յակոբը կը լծուի կուսակցական, կրթական եւ պետական-հասարակական աշխատանքներու` մասնակցելով Երեւանի, Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) ու Անդրկովկասի գիւղացիական համագումարներուն եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հետագայ բոլոր շարժումներուն:

Կ՛ընտրուի Երեւանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ, միաժամանակ կ՛աշխատի համագործակցական (կօօպերատիւ) շարժման մէջ` ժողովրդականացնելով եւ տարածելով այդ շարժումը իր գրութիւններով եւ գործնական մասնակցութեամբ:

Յակոբ Տէր Յակոբեանը կ՛ընտրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անդրանիկ խորհրդարանի անդամ եւ իբրեւ առաջին քարտուղար, 5 օգոստոս 1919-էն մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920,  ձեռնահասութեամբ կը կատարէ այդ աշխատանքը:

Հայաստանի բռնագրաւման օրերուն Յակոբը կը մնայ Երեւան` բախտը կապելով ժողովուրդի ճակատագրին: Շուտով ան կրկին աշխատանքի կը լծուի` որպէս Փետրուարեան ապստամբութեան առաջնորդներէն մէկը եւ 18 փետրուարին ապստամբ ուժերու հետ Կոտայքէն Երեւան կ՛իջնէ:

Փրկութեան կոմիտէի կառավարութեան մէջ կը ստանձնէ պարէնաւորման նախարարի պաշտօնը, սակայն ամբողջ ժամանակ կը գտնուի Ղամարլուի ճակատը` իբրեւ հսկող ու ղեկավարող եւ թեւ ու թիկունք` կռուող ժողովրդային ուժերուն:

Փակուելով Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան պատմութեան էջը, ժողովրդային ուժերը` հետապնդուած Կարմիր բանակէն, կ՛անցնին Պարսկաստան: Յակոբ Տէր Յակոբեանը Արաքսը անցնողներուն վերջինը եղած է:

Թաւրիզի մէջ մեծ դեր կատարած է` իբրեւ Հայաստանի վերջին կառավարութեան ներկայացուցիչ:

Յակոբը կրկին ընտրած է ուսուցչութեան ասպարէզը եւ երկար տարիներ ղեկավարած է տարրական եւ միջնակարգ դպրոցներ` Իրանի քանի մը քաղաքներու մէջ:

1946-էն մինչեւ 1950 ստանձնած է Պաղտատի ազգային դպրոցներու տեսուչի պաշտօնը, ապա ստիպուած եղած է վերադառնալ Թեհրան:

Աշխատակցած է` «Յուսաբեր»-ին, զոյգ «Հայրենիք»-ներուն, «Վէմ»-ին, «Այգ»-ին, «Ալիք»-ին, «Նաւասարդ»-ին եւ «Լոյս»-ին եւ այլ թերթերու ու պարբերականներու` Յ. Իրազեկ գրական անունով:

Յակոբ Տէր Յակոբեանը 19 յունիս 1953-ին սրտի կաթուածով յանկարծամահ եղած է:

Մամիկոն Տէր Սարգսեան


Մամիկոն Տէր Սարգսեան.- Ծնած է 1897-ին, Ելիզավետպոլ (Գանձակ) նահանգի Էրքեջ գիւղը:

Զինուորական ծառայութեան անցած է 1914-ին, եղած է ցարական բանակի անձնակազմի պատասխանատու սպայ: 1918-ին եղած է 6-րդ հրաձգային գունդի 4-րդ վաշտի հրամանատար, աւագ սպայ (պոդպորուչիկ),

1918-ին, երբ թուրքերը յարձակած են Օրգովի եւ Իգտիրի հայկական զօրանոցներուն վրայ: Այդ տարածաշրջանը ուղարկուած էր 6-րդ գունդի գումարտակ մը` մասնակցելու շրջանի կայունացման: 20 մայիսին լուր կը ստանան, որ թուրքերը գրաւած են Ալեքսանդրապոլը (այժմ` Գիւմրի): Ստացած են նահանջելու հրաման: Հասած են Մարկարա, այնտեղէն ալ` Էջմիածին:

Մասնակցած է խորհրդային կարգերու հաստատման, շարունակած է ծառայել բանակին մէջ` իբրեւ անձնակազմի պատասխանատու սպայ: Խորհրդայնացումէն ետք, որպէս հին սպայ, աքսորուած է Ռեազան, այնուհետեւ համաներումի արժանացած է եւ վերադարձած` Երեւան: 17 տարի ծառայած է հայկական զօրամիաւորումին մէջ: Եղած է գլխաւոր հաշուապահ, 1937-ին բռնադատումներու ենթարկուած է: 3 դեկտեմբեր 1937-ին ՆԿՎԴ-ի (Ներքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիատ) կողմէ ձերբակալուած է: 5 դեկտեմբեր 1937-ին եռեակի կողմէ 10 տարի ժամկէտով աքսորուած է Գորկիի երկաթագիծի Սուխոպեզվոտնի կայարան-աքսորավայրը: Արձակուած է 23 հոկտեմբեր 1947-ին: Այդ ժամանակէն մինչեւ 2 փետրուար 1949 աշխատած է Կոտայքի շրջանի Քանաքեռ աւանի գործարանին մէջ: 3 փետրուար 1949-էն մինչեւ 7 յունիս աշխատած է Կիրովականի հագուստեղէնի գործարանին մէջ: 17 օգոստոս 1949-էն մինչեւ 1 մարտ 1950 Սեւանի մէջ գրասենեակային աշխատանք վարած է: 22 ապրիլ 1955-ին վերանայած են անոր գործը եւ ՀՍՍՀ Գերագոյն դատարանի խորհուրդին կողմէ արդարացուած է` դատին մէջ մեղադրանքներ չգտնուելուն պատճառով:

Մամիկոն Տէր Սարգսեանը մահացած է 1976-ին:

Յովհաննէս Տէվէճեան


Հասարակական-քաղաքական գործիչ, գրող, լրագրող, մանկավարժ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Յովհաննէս Տէվէճեան (Արմէն Սեւան) ծնած է Մաշկերտ (Արաբկիր), 1892 յունուարին:

1907-1911 տարիներուն երկրորդական ուսումը ստացած է մանկավարժ Ռէթէոս Պէրպէրեանի Կ. Պոլսոյ մէջ հիմնած Պէրպէրեան վարժարանին մէջ:

1911-1914 տարիներուն հետեւած է Կ. Պոլսոյ Իրաւաբանութեան պետական համալսարանի դասընթացներուն:

Երբ 1914-ին կը պայթի Ա. Համաշխարհային պատերազմը, խուսափելու համար թուրք բանակին մէջ զինուորագրուելէ, կ՛անցնի Պուլկարիա եւ անոր հայաշատ Փլովտիւ քաղաքը կը հաստատուի եւ կը զբաղի ուսուցչութեամբ:

1918-ին, Հայաստանի անկախութենէն ետք, կը հաստատուի Երեւան եւ մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը` կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի քարտուղարի պաշտօնը:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն (2 դեկտեմբեր 1920) ետք, 18 փետրուար 1921-ին, ի հետեւումն ապստամբութեան հետեւանքով կազմուած Փրկութեան կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնը կը ստանձնէ, եղած է Լեռնահայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան եւ կրթութեան նախարար: Այնուհետեւ, 1922-ին ողջ մնացած իր գաղափարակից ընկերներուն հետ կ՛անցնի արտասահման եւ կը վերադառնայ Պուլկարիա:

Բ. Համաշխարհային պատերազմի (1939-1945) վերջաւորութեան, երբ խորհրդային բանակը կը ներխուժէ Պուլկարիա եւ Ռումանիա, Յովհաննէս Տէվէճեանը, իր գաղափարակից ընկերներուն նման, կը ձերբակալուի եւ կը քշուի Խորհրդային Միութեան աքսորավայրերը: Յ. Տէվէճեանն ու Նժդեհը եղած են գաղափարական ընկերներ, յետոյ յայտնուած են նոյն բանտախցիկը, միասին ճաշակած են խորհրդային վարչակարգի, յատկապէս` ստալինեան բռնատիրութեան շրջանի դառնութիւնները: Եւ երբ 1953-ին կը մեռնի Ստալինը, քաղաքական բանտարկեալներէն ողջ մնացածները 1955-ին ներման կ՛արժանանան եւ կ՛ուղարկուին իրենց բնակավայրերը:

Յովհաննէս Տէվէճեանը տեղեկանալով, որ 1948-ին իր ընտանիքի անդամներ գաղթած են Հարաւային Ամերիկա եւ հաստատուած` Արժանթին, 1956-ին կը մեկնի հոն, կը միանայ անոնց, ուր եւ կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ Արմէն Սեւան ծածկանունով:

Տէվէճեանը խմբագրած է քանի մը թերթեր Սոֆիայի մէջ` «Հայաստան» (1918) եւ «Արաքս» (1925-1934), Պուքրէշի մէջ` «Արազ» շաբաթաթերթը` Յակոբ Սիրունիի հետ, եւ այլն, բանտէն ազատելէ ետք Պուէնոս Այրեսի մէջ` «Արմենիա» օրաթերթը:

Յովհաննէս Տէվէճեանը, մահացած է 1976 մայիսին, Պուէնոս Այրես:

(Շար. 21)

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի Խօսքը` ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 100-ամեակի Տօնակատարութեան

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?