100 տարի առաջ, երբ ՀՄԸՄ-ի` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադիրները Պոլսոյ մէջ հիմը կը դնէին հայ իրականութեան մարզական եւ սկաուտական մեծագոյն միութեան, դժուար թէ կարենային երեւակայել, որ 100 տարի ետք իրենց հիմնած միութիւնը աշխարհով մէկ 100-ամեակ պիտի տօնէր պետական, ազգային եւ ժողովրդային մեծ շուքով:
100 տարի առաջ որբերու խնամքով եւ դաստիարակութեամբ զբաղող միութեան հիմնադիրները դժուար թէ երեւակայէին, որ 100 տարի ետք իրենց յաջորդները պիտի զբաղէին որբացած գաղութներով եւ անոնց հայապահպանման կարիքներով:
100 տարի առաջ Պոլսոյ եւ արուարձաններուն մէջ քանի մը մասնաճիւղով գործող այս միութեան հիմնադիրները դժուար թէ երեւակայէին, որ 100 տարի ետք իրենց սիրելի միութիւնը համահայկական իր կառոյցով պիտի գործէր աշխարհի 110 քաղաքներուն մէջ` աւելի քան 25 հազար երկսեռ անդամներով, մարզական եւ սկաուտական առոյգ շարքերով:
100 տարին երկար ժամանակ է մարդու մը կեանքին համար, սակայն կա՛րճ, շա՜տ կարճ ժամանակ է ազգային հաւաքականութեան մը համար, սովահար, գաղթական եւ որբացած սերունդներէ միտքով ու մարմնով առողջ, ազգային իրենց ինքնութեամբ հպարտ եւ արժանապատիւ սերունդներ կերտելու համար:
Ու զարմանալի բան չկայ ասոր մէջ, որովհետեւ`
Սովորական միութիւն մը չեղաւ ՀՄԸՄ:
Սովորական պայմաններու մէջ չգործեց ՀՄԸՄ:
ՀՄԸՄ ծնաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին ընդմէջէն:
Իր առաջին քայլերը առաւ նորակախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին օրերուն, երբ ազգ ու հայրենիք կը դիմագրաւէին տեսակաւոր մարտահրաւէրներ:
Հազիւ երկու տարեկան` ՀՄԸՄ հեռացա՛ւ, աւելի ճիշդ` հեռացուեցաւ իր հարազատ բնօրրանէն: Դարձաւ սփիւռք եւ ուղիղ 69 տարի գործեց առանց հայրենի հողի` սփիւռքեան իր կեդրոններէն իւրաքանչիւրը վերածելով հայրենի հողի մէկական կտորի:
ՀՄԸՄ գործեց առանց պետական հովանիի: Ընդհակառակն, պատահեցաւ, որ ան հալածուեցաւ, ու մերժուեցաւ իր իսկ սեփական հայրենիքին մէջ: Ան հալածուեցաւ նաեւ Հայաստանէն դուրս, Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ ազգային արժէքներ հարուածող ուժեր փակեցին ՀՄԸՄ-ի արեւելեան Եւրոպայի` Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ 19 մասնաճիւղերը, տասնեակներով ձերբակալութիւններ կատարեցին, հաւատաւորները Սիպերիա աքսորեցին եւ մինչեւ նահատակութեան դափնեպսակին արժանացուցին զանոնք:
ՀՄԸՄ ծանր գին վճարեց ազատ ու անկախ հայրենիքի գաղափարակիրը ըլլալուն համար:
Սփիւռքի մէջ ան երբեք դիւրին պայմաններու մէջ չգործեց:
ՀՄԸՄ մարզախաղեր կիրարկեց` առանց մարզադաշտ ունենալու:
ՀՄԸՄ սկաուտութիւն կազմակերպեց` առանց անհրաժեշտ յարմարութիւններ ունենալու:
Բայց ՀՄԸՄ գործեց եւ շա՛տ լաւ գործեց, որովհետեւ կամաւոր բանակի սկզբունքով անոր անդամներէն իւրաքանչիւրը իր միտքն ու բազուկը ի սպաս դրաւ հաւաքականին, ազգին ու հայրենիքին:
ՀՄԸՄ գործեց, մեծցաւ, ուռճացաւ եւ հզօրացաւ` բացառաբար ապաւինելով իր անդամներու կամաւոր աշխատանքի գիտակցութեան, պատրաստակամութեան եւ զոհողութեան ոգիին:
Այսպէս է, որ քանի մը մասնաճիւղերը դարձան քանի մը տասնեակ մասնաճիւղեր, մասնաճիւղերը վերածուեցան շրջաններու, շրջանները` համագաղութային կառոյցի, իսկ համագաղութային կառոյցն ալ` համահայկական կազմակերպութեան, որ այսօր իր հովանիին տակ կը համախմբէ աշխարհի 26 շրջաններէ 110 մասնաճիւղեր եւ միաւորներ:
ՀՄԸՄ գործեց ամէնուրեք: Գործեց բոլորի՛ն համար: Բոլորի՛ն հետ:
Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄ 69 տարի գործեց հայրենիքէն դուրս, բայց երբեք` առանց հայրենիքի:
Ու երբ պահը հասաւ, 69 տարուան վտարանդիութենէ ետք, ՀՄԸՄ վերադարձաւ հայրենիք` աշխարհասփիւռ իր անդամները կապելով կեդրոնին, արմատի՛ն, ուրկէ անոնք կը ստանան իրենց գոյատեւման շունչն ու աւիշը:
ՀՄԸՄ հայրենիք վերադարձաւ 1989-ին, երբ տակաւին Հայաստան չէր անկախացած: Ան գործեց տագնապալի պայմաններու մէջ: Գործեց ղարաբաղեան պատերազմի, տնտեսական շրջափակման եւ քաղաքական ամէնէն աննպաստ պայմաններու մէջ` բաժնեկցելով իր հարազատ ժողովուրդին դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները:
Դժուարութիւնները, սակայն, փորձառութիւն ներշնչեցին ՀՄԸՄ-ին, փորձառութիւնը` տոկունութիւն եւ յաւելեալ իմաստութիւն: Այսպէս, ՀՄԸՄ ունեցաւ ղարաբաղեան պատերազմի իր նահատակները, մասնակից դարձաւ նոր Հայաստանի կերտման ճիգերուն: Կրթեց ու դաստիարակեց սերունդներ` անոնցմէ պատրաստելով օրինապահ քաղաքացիներ եւ հայրենիքի զինուորագրեալներ:
ՀՄԸՄ գործեց անաղմուկ: Գործեց խոր հաւատքով եւ աննկուն կամքով` իրեն գերագոյն արժէք ունենալով պետականութիւնը, գերիշխանութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը:
ՀՄԸՄ գործեց իբրեւ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութիւն, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ, որ Հայաստանի արժանաւոր ներկայացուցիչը եղաւ Համաշխարհային սկաուտական շարժումի պիւրոյին մէջ` միաժամանակ հիմնադիր եւ գործադիր անդամ ըլլալով սկաուտական եւրասիական բաժանմունքին:
Հայրենիքը կիզակէտը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան: Կիզակէտին շուրջ հիւսուեցաւ անտեսանելի թելերով իրարու կապուած գործունէութիւն մը, որ իրարու կապեց Պուէնոս Այրեսն ու Քուէյթը, Մոսկուան եւ Պէյրութը, Միւնիխն ու Հալէպը, Կլենտէյլն ու Մոնրէալը, Սիտնին եւ Գահիրէն: Թելերու շարքը կարելի է երկարել եւ թուել բազմատասնեակ այլ քաղաքներ եւս, ուր մարմնակրթական այս միութիւնը 100 տարիէ լծուած է մարդակերտման եւ հայակերտման վեհ աշխատանքի` կարելի բոլոր միջոցներով ու անկարելիութեան սահմանները հասնող, աներեւակայելի եռանդով, խանդով ու կամքով:
Այսօր ադամանդեայ յոբելեանի տօնակատարութեան պահն է:
Պահն է յիշելու եւ խոնարհելու յիշատակին դիմաց բոլոր այն ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք անցնող մէկ դարուն եկան ու անցան այս միութենէն` իրենց հետքն ու դրոշմը ձգելով անպայման:
Պահն է յիշելու եւ խոնարհելու յիշատակին դիմաց այն բոլոր հաւատաւորներուն, որոնք անցնող 100 տարիներուն այս աշխարհէն մեկնեցան ազատ մարդու եւ անկախ հայրենիքի երազը իրենց աչքերուն:
Պահն է յիշելու եւ խոնարհելու դիմացը այն կակուղ թաթիկին, մեր այսօրուան նորահաս սկաուտին, որ այսօր ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ իր առաջին թոթովանքին հետ կը սորվի ազգի ծառայութիւն եւ հայրենիքի հաւատարմութիւն:
Պահն է, վերջապէս, յիշելու եւ խոնարհելու դիմացը այն մարզիկին կամ մարզիկուհիին, որ իր յաղթանակներով ազգային խանդավառութիւն եւ հպարտութիւն կը ներշնչէ օրէ օր հայութենէ պարպուող հայ մարդոց:
Ապրի՛ք, տղաք ու աղջիկներ:
Ապրի՛ք եւ ձեզմո՛վ ապրի ՀՄԸՄ-ը, 100-ամեայ վաստակով, բայց միշտ երիտասարդ ու կայտառ կազմակերպութեամբ, միշտ աշխուժ եւ նորարար իր շարքերով:
Յարգելի՛ ներկաներ,
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան յոբելենական այս հանդիսութեամբ իրենց աւարտին կը հասնին միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն 100-ամեակի ձեռնարկները: Այլ խօսքով, 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն եզրափակումն է, որ այսօր կը կատարուի այս սրահին մէջ` բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Ու պատահական չէ, որ 100-ամեակի եզրափակիչ տօնակատարութեան եզրափակիչ խօսքն ալ վերապահուած է մեր սիրելի վեհափառ հօր, որ 100-ամեակի Հայաստանի կեդրոնական ձեռնարկները հովանաւորեց, 100-ամեակի կոնդակ շնորհեց եւ այսօր, ահաւասի՛կ, իր ներկայութեամբ եւ քիչ ետք արտասանելիք հայրապետական պատգամով միութեան առաջին 100-ամեակի էջը պիտի փակէ եւ երկրորդ էջը պիտի բանայ:
Շատերու խոստովանութեամբ, Արամ Վեհափառ ՀՄԸՄ-ականէ մը աւելի լաւ գիտէ ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ-ականէ մը աւելի լաւ կը խօսի ՀՄԸՄ-ի մասին եւ ՀՄԸՄ-ականէ մը աւելի նախանձախնդիր է ՀՄԸՄ-ի դերակատարութեան եւ առաքելութեան անշեղ կերպով շարունակման: Վեհափառ հօր պատգամները, քաջալերանքները, երբեմն նաեւ տեղին նկատողութիւնները բաց սրտով կ՛ընդունուին բոլորիս կողմէ, որովհետեւ անոնք կը բխին հոգիէն ու մտքէն Հայ եկեղեցւոյ արժանաւոր հայրապետէ մը, որուն բովանդակ կեանքը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդական ծառայութենէն մինչեւ կաթողիկոսութեան տարիներ, շաղկապուեցաւ ՀՄԸՄ-ին հետ: Վեհափառ հօր քարոզներով ու կոնդակներով այս միութիւնը ապրեցաւ իր 70-ամեակը, 80-ամեակը, 90-ամեակն ու 100-ամեակը:
Վեհափա՛ռ տէր, մեր սրտագին մաղթանքն է, որ այդ յոբելեանները շարունակուին անվերջ, եւ ձեր պատգամները միշտ հնչեն` իբրեւ ուղեցոյց ներկայ եւ գալիք սերունդներուն:
Անշուշտ, յոբելեանները միջոցներ են միութեան մը կեանքը արժեւորելու եւ ոչ թէ նպատակ են անոր գոյութիւնը փառաբանելու համար:
100-ամեակ տօնել Լիբանանի շրջանին մէջ` կը նշանակէ ըստ այնմ արժեւորել նաեւ շրջանին դերն ու վաստակը միութեան կեանքին մէջ:
ՀՄԸՄ Լիբանանի մէջ ունի 95 տարուան կեանք, սակայն անոր դերն ու վաստակը երբեք չի սահմանափակուիր տարիներու այդ թիւով միայն: Այս շրջանին կատարած մարդակերտումի եւ հայակերտումի աշխատանքը անգնահատելի է: Լիբանանի շրջանի 10 մասնաճիւղերը իրենց մարզական փայլուն յաջողութիւններով եւ սկաուտական օրինակելի գործունէութեամբ ազգային ոգի եւ նկարագիր տուած են հազարաւոր տղոց եւ աղջիկներու:
Լիբանանի շրջանի յաջողութիւնները ազգային խանդավառութիւն եւ հպարտութիւն պարգեւած են ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ` աշխարհասփիւռ հայութեան, որոնք մինչեւ այսօր անհամբեր կը հետեւին այս շրջանի միութենական նուաճումներուն:
Տակաւին, առանց մոռնալու այն փաստը, որ այս շրջանէն սփիւռքեան այլ շրջաններ եւ Հայաստան մեկնած ՀՄԸՄ-ական քոյրերն ու եղբայրներն են, որոնք այսօր կենսունակ կը պահեն միութեան աշխարհասփիւռ բազմաթիւ մասնաճիւղերը:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը ունի ոսկեայ պատմութիւն` ֆութպոլի իր անկրկնելի դէմքերով, պասքեթպոլի աստղերով, փինկ-փոնկի, աթլեթի եւ հեծելարշաւի աննման ախոյեաններով: Այս շրջանը ունի նաեւ սկաուտական հպարտաբեր պատմութիւն, որ կրնայ ուսանելի ըլլալ միութեան բոլոր շրջաններուն եւ ընդհանրապէս հայ սկաուտութեամբ հետաքրքրուողներուն համար:
Չենք կրնար չյիշել նաեւ վարչական ամէնօրեայ մաշեցուցիչ աշխատանք կատարողները, սեւ աշխատանքի ախոյեանները, առանց որոնց` մասնաճիւղերը կանգուն պիտի չմնային, միութեան կառոյցը պիտի չմեծնար եւ պիտի չզօրանար:
Վարձքը կատար բոլորին:
100-ամեակի իր նշանաբանին հաւատարիմ` ՀՄԸՄ, այսօր, պատուաբեր անցեալէն կ’ուղղուի յաղթական ապագայ:
Մենք լաւատես ենք մեր միութեան ապագայով ու ապագայի մեր յաղթանակներով: Մեր լաւատեսութիւնը բարի ցանկութիւններէ չի բխիր սակայն, այլ` մեր աշխատանքէն, կամքէն եւ համոզումէն, միշտ երիտասարդութեան ի սպաս գործելու մեր պատրաստակամութենէն, հայութեան եւ Հայաստանին անմնացորդ ծառայելու մեր երդումէն:
Չմոռնանք, որ մեր ժողովուրդը ՀՄԸՄ-ին տուած է «Կամաւոր բանակ»-ի կոչում եւ պարտականութիւն:
Այդ կոչումն ու պարտականութիւնը մեզի կը թելադրեն միշտ զգօն ու պատրաստ ըլլալ` դիմագրաւելու համար մեր ժողովուրդին սպառնացող ամէն տեսակի մարտահրաւէրները: Ի վերջոյ, մեր կեանքը, սփիւռք թէ հայրենիք, հայապահպանման համար մղուող մէկ մեծ պատերազմ է: ՀՄԸՄ կամաւոր այն բանակն է, որ այդ մեծ պատերազմը փոքր-փոքր կռիւներով, մասնաճիւղ առ մասնաճիւղ կը մղէ երկիրէ երկիր, շրջանէ շրջան: Ի՜նչ փոյթ, եթէ ան տեղ-տեղ կռիւը կը կորսնցնէ: Կարեւորը մեծ պատերազմը չկորսնցնելն է: Կարեւորը հայապահպանման զրահները գետին չդնելն է:
Այլապէս, ՀՄԸՄ-ը յաղթանակներու միութիւնն է:
Փա՜ռք 100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին:
Բի՜ւր յարգանք ՀՄԸՄ-ի պատուաբեր անցեալը կերտած անցեալի նուիրեալներուն:
Պատի՜ւ այսօր պատնէշի վրայ կանգնած սերունդին, որ 100-ամեակի ջահը ձեռքին` կը խոստանայ զայն առաջնորդել դէպի յաղթական ապագայ,
Դէպի միացեա՛լ հայութեամբ,
Միացեա՛լ, արդար ու հզօ՛ր Հայաստան: