99 տարեկան հասակին մահացաւ ֆրանսացի լրագրող Ժաք Ֆերան, երէկ յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ժաք Ֆերան Եւրոպայի ախոյեաններու բաժակի մրցաշարքի (այժմ` «Չեմփիընզ լիկ»)-ի եւ «ոսկիէ գնդակ»-ի մրցանակին հիմնադիրներէն մէկն է:
Ան նաեւ երկար ժամանակ ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթին գլխաւոր խմբագիրը եղած է: