Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Բագրատունիի Եւ Նախարար Կիտանեանի Հանդիպումները Արցախի Մէջ

Յունուար 25, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 24 յունուարին ընդունած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որոնց կ՛ընկերակցէր Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:

Քննարկուած են Արցախի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, սփիւռքի մէջ Արցախի նկատմամբ եղած մեծ հետաքրքրութիւնն ու ուշադրութիւնը, նաեւ տարբեր ձեւերով անոր նեցուկ կանգնելու նախաձեռնութեան առկայութիւնը: Յատկապէս շեշտը դրուած է տնտեսական գետնի վրայ Լիբանանէն Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութեան վրայ, անդրադարձ կատարուած է նման ծրագիրներ իրականացնելու հաւանականութիւններուն եւ այս առումով ի գործ դրուելիք ճիգերուն:

Պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան տեղեկացուցած է, որ մարտ 2019-ին ԱՌԻ-ի (Արցախ ռուց ինվեսթմընց) նախաձեռնութեամբ պիտի այցելէ Լիբանան եւ այդ առիթով նաեւ տարբեր հանդիպումներ պիտի ունենայ: Նախարար Կիտանեան եւ երեսփոխան Բագրատունի վստահեցուցած են, որ իրենց բոլոր կարելիութիւնները պիտի դնեն Արցախի տրամադրութեան տակ`  փորձելով գտնել նաեւ այն միջոցները, գործարարներն ու ներդրողները, որոնք թէ՛ անձնապէս կրնան օգտուիլ Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելով, եւ թէ՛  օգտակար կը դառնան Արցախի զանազան բնագաւառներու, յատկապէս շինարարութեան եւ երկրագործութեան  զարգացման եւ բարգաւաճման:

Հանդիպումին ընթացքին տիրական դարձած է ամէն իմաստով համագործակցելու պատրաստակամութիւնը, որպէսզի առաւելագոյնը կատարուի Արցախի հզօրացման եւ կայացման  աշխատանքներուն զօրակցելու առումով:

22 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ, որ ընդհանրապէս ներկայացուցած է լիբանանեան զբօսաշրջութեան բնագաւառը` դիտել տալով, որ հոն ձեռք բերուած փորձառութենէն մեկնած կարելի է օգտակար դառնալ Արցախին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է իր փորձառութիւնն ու կարելիութիւնները դնելու Արցախի տրամադրութեան տակ:

Նախարարներ Աւետիս Կիտանեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նաեւ քննարկած են Արցախի Հանրապետութենէն մշակութային խումբեր Լիբանան հրաւիրելու կարելիութիւնը լիբանանեան տարբեր փառատօներուն մասնակից դառնալու նպատակով: Անոնք երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնած են այս առումով սերտօրէն գործակցելու եւ նման նախաձեռնութիւններ յաջողցնելու:

 

Նախորդը

Պոլթըն. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Փաշինեանի Ջանքերուն` Հայաստանի Համար Բարգաւաճ Ապագայ Մը Ապահովելու»

Յաջորդը

Անդրադառնալով Ժողովուրդները Խաղաղութեան Նախապատրաստելու Կոչին. «Արցախի Հարցին Մէջ Եղէ՛ք Լաւատես, Սակայն Նախապատրաստուեցէք Յոռեգոյնին» Կ՛ըսէ Համբարեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?