Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ չորեքշաբթի օր իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին:
«Երէկ հեռաձայնեցի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որպէսզի զինք շնորհաւորեմ վերանշանակման առիթով եւ ողջունեմ Հայաստանի ժողովուրդին դեկտեմբերին կատարած ազատ եւ անկախ ընտրութիւնները: Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Փաշինեանի ջանքերուն` Հայաստանի համար բարգաւաճ ապագայ մը ապահովելու», գրած է Պոլթըն: