Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան եկած էր Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեանը, որուն հետ «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ` իմանալու ուսանողներուն յատկացուող «Աւրորա» կրթանպաստի եւ համալսարանի վերջին շրջանի գործունէութեան մասին:
«ԱԶԴԱԿ».- «Աւրորա» կրթանպաստը ի՞նչ նպատակով կ՛իրագործուի:
ԱՐՄԷՆ ՏԷՐ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ.- Այս գաղափարին հովանաւորներն են Ռուբէն Վարդանեանը եւ իր կինը` Վերոնիքա Զոնապենթը: Անոնք Ռուսիայէն եկած են Հայաստան: Վերոնիքան նաեւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ է եւ կրթութեամբ` շատ հետաքրքրուած: Անոնք նաեւ Դիլիջանի UWC քոլեճը հիմնած են, եւ Վերոնիքան այդ քոլեճին ալ հոգաբարձութեան ատենապետն է: Հաւանաբար գիտէք, որ Աւրորան երիտասարդ աղջիկ մըն էր Արշալոյս անունով, որ ջարդէն ետք մեծ դժուարութեամբ ազատած եւ Ամերիկա հասած էր: Իր մասին ժապաւէններ պատրաստուեցան, եւ դրամ հաւաքուեցաւ հայերուն օգնելու համար: Ուրեմն Ռուբէն Վարդանեանը եւ իր կինը` Վերոնիքան, հիմնեցին «Աւրորա» կրթանպաստը` որպէս գնահատանք եւ որպէս շնորհակալութիւն այն երկիրներու քաղաքացիներուն համար, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք հայերուն ապաստան տուած էին, ինչպէս` Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Եգիպտոս, Յորդանան, նաեւ` Պարսկաստան, Ռուսիա եւ Վրաստան: Ութ երկիրներ: Ուրեմն առաջին տարին միայն առաջին հինգ երկիրները ներգրաւուած էին, անցեալ տարի աւելցան Ռուսիան, Վրաստանը եւ Իրանը: Կրթանպաստը սկսանք նախորդ տարի եւ 10 ուսանող ընդունեցինք, իսկ այս տարի` 15 ուսանող: Այս կրթանպաստը կը տրուի, երբ ուսանողը համալսարան կը մտնէ, նախ պէտք է ան համալսարան ընդունուած ըլլայ, ապա պէտք է ըլլայ քաղաքացի այդ երկիրներուն: Սկիզբը ոչ հայերուն համար էր, բայց հիմա հայերն ալ ընդգրկուած են այդ ծրագիրին մէջ: Ուսանողի կարիքին համեմատ է, կան ուսանողներ, որոնք լրիւ կրթանպաստ կը ստանան, կան, որոնք կէսը կը ստանան: Կ՛ուզենք, որ շատ թիւով ուսանողներ օգտուին, որովհետեւ դիմողներուն թիւը մեծ է: Ուսանողները կը շարունակեն ստանալ կրթանպաստը` իրենց ամբողջ ուսման տեւողութեան ընթացքին, այն պայմանով, որ իրենց նիշերը բաւական բարձր ըլլան: Անոնք պէտք է ամէն տարի յաջողին, եթէ թոյլ ուսանող են, կը կորսնցնեն այդ կրթանպաստը: Այնքան ժամանակ, որ իրենք կը պահպանեն իրենց լաւ ուսանողի կարգավիճակը, կը շարունակեն կրթանպաստ ստանալ:
Մենք շատ կ՛ուզենք թէ՛ սփիւռքէն եւ թէ՛ ոչ հայ ուսանողներ ներգրաւել Հայաստանի մեր համալսարանը, քանի որ այդ բազմազանութիւնը կը հարստացնէ բոլոր ուսանողներուն փորձը, մանաւանդ` Հայաստանի նման երկրի մը մէջ, ուր քաղաքացիները ազգութեամբ հայ են: Մեր ուսանողները լայն եւ սիրալիր ձեւով կ՛ընդունին դուրսէն եկած ուսանողները, զիրենք կը հետաքրքրէ, որովհետեւ տարբերութիւն կը տեսնեն մշակոյթի, փորձառութեան, ուտելիքի, ամէն պարագայի, կը կարծեմ, որ շատ լաւ բան է թէ՛ Հայաստանի համար, թէ՛ համալսարանին համար, թէ՛ հայաստանցի ուսանողներուն եւ թէ՛ այցելու ուսանողներուն համար: Մենք շատ կ՛ուզենք տեսնել, որ աւելի մեծ թիւով լիբանանահայեր դիմած են մեր համալսարանը, բնական է, ոչ բոլորը կը ստանան այս կրթանպաստը, որովհետեւ սահմանափակ է, բայց այն լիբանանահայերը, որոնք 10 տարուան վիզա կը ստանան, իրենց կրթաթոշակը նոյնը կ՛ըլլայ, ինչ որ հայաստանցիներունն է:
Համալսարանի ամէն մէկ ուսանողի ծախսը մօտ 8000 տոլար է, հայաստանցիները կը վճարեն 4000 տոլար, իսկ օտարները` 8000, հետեւաբար մեր նուիրատուները այդ բացը կը գոցեն:
«Ա.».- Համալսարանը նոր ծրագիրներ ունի՞:
Ա. Տ. Կ.- Մենք անընդհատ կ՛ընդլայնենք մեր պայմանները եւ ծրագիրները` շէնքերու տեսանկիւնէն: Սեպտեմբեր 25-ին բացինք մեր ուսանողական հաւաքատեղին: Հիանալի տարածք է: Ունի ընկերային լաւ դահլիճ մը, ուր ուսանողները կը խաղան, կը խօսին, կ՛ուտեն, կը խմեն, իսկ երկրորդ դահլիճը սորվելու տեղ է, ուր աւելի լուռ կը մնան եւ մեծ մասամբ իրենց համակարգիչներով եւ գիրքերով կը սորվին, կայ նաեւ գրասենեակ, ուր Ուսանողական խորհուրդի ժողովները կամ տարբեր ակումբներու ժողովները տեղի կ՛ունենան, ուսանողական թերթի խմբագրական աշխատանքներն ալ այդտեղ տեղի կ՛ունենան: Սենեակ մըն ալ ունինք, ուր մեծ աստիճանի ուսանողները կ՛օգնեն աւելի փոքրերուն` իրենց դասերուն մէջ: Դասախօսներու համար ալ կեդրոն բացած ենք, որպէսզի հաւաքուին, ժողով ընեն, զրուցեն, ակադեմական հարցեր քննարկեն: Նոր ամփիթատրոն ալ բացած ենք, ուր ուսանողները երաժշտական ձեռնարկներ, զրոյցներ կը կազմակերպեն:
Ըսեմ նաեւ, որ նոր հանրակացարան կը կառուցենք հիմա. ուրեմն երեք տարի առաջ Ճորճ եւ Քարոլին Նաճարեանները կիսաւարտ երկու շէնք նուիրեցին մեզի` USAID-ի օգնութեամբ: Շէնքերէն մէկը մէկ տարի ետք պատրաստ կ՛ըլլայ` որպէս հանրակացարան, արդիական յարմարութիւններով: Երկրորդ շէնքը պէտք է աւարտենք մէկուկէս տարի ետք, ատիկա պիտի ըլլայ AUA Najarian Center for Social Entrepreneurship կեդրոն: Հիմա համալսարանին մէջ մենք շատ մեծ կարեւորութիւն կու տանք նորարարութեան: Կեդրոն մը բացած ենք Entrepreneurship եւ product innovation center (EPIC), ուր նոր ընկերութիւններ կը ստեղծուին, ուսանողները գաղափարներով կը դիմեն, որ կ՛ուզեն նոր գործ եւ նոր ընկերութիւն ստեղծել. ուրեմն անցեալ ամիս 34 խումբ դիմեց, եւ 9-ը ընդունուեցաւ, որոնք հիմա այդ կեդրոնին մէջ կ՛աշխատին, եւ մենք իրենց խորհրդատուներ կ՛ապահովենք, միակ կեդրոնն է, որ 24 ժամ բաց է, որովհետեւ շատ պէտք է աշխատին: Քանի մը բացառիկ յաջողութիւններ եղած են, եւ ընկերութիւններ ստեղծուած են եւ ունին յաճախորդներ ալ:
Վերջապէս, ես կ՛ուզեմ քաջալերել, որպէսզի Լիբանանէն երիտասարդներ գան Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, վկայական ստանան, գան ու նաեւ որոշ նիւթերու հետեւին, ամառնային դասեր առնեն, այս բոլորին մասին մեր կայքէջի վրայ կարելի է մանրամասնօրէն կարդալ: Ունինք մօտ 20 լիբանանահայ ուսանողներ, բայց կը կարծեմ, որ աւելի մեծ թիւով ալ կրնանք ունենալ: