Նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, հինգշաբթի առաւօտեան լիբանանեան բանակը Կեդրոնական Պէյրութի Շաֆիք Ուազզանի անուան պողոտային վրայ կատարած իր դասական զինուորական տողանցքով նշեց Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը:
Տողանցքին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Սաատ Հարիրի, հանրապետութեան նախկին նախագահներ զօր. Միշել Սլէյման եւ Ամին Ժեմայէլ, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա, Նեժիպ Միքաթի եւ Թամմամ Սալամ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի, ինչպէս նաեւ նախարարներ, երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ, տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետեր, օտար դիւանագէտներ, տարբեր դեսպանատուներու զինուորական կցորդներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Նախ տողանցքին վայրը հասաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, որ պատուոյ պահակագունդին դիմաց ողջունեց զինուորական տողանցքին մասնակիցները, ապա հասաւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ, որուն յաջորդեցին Պըրրի ու Հարիրիի:
Խորհրդարանի նախագահին ու վարչապետին ժամանումէն վայրկեաններ ետք, տողանցքին վայրը հասաւ նախագահ Աուն, որուն արժանավայել կերպով դիմաւորելու համար արձակուեցան թնդանօթի 21 հարուածներ:
Նախագահ Աուն ծաղկեպսակ մը զետեղեց անծանօթ զինուորի յուշարձանին եւ վարեց անկախութեան ջահը` լիբանանեան քայլերգի եւ մահերգի նուագակցութեամբ: Ապա ան պաշտպանութեան նախարարին ու բանակի հրամանատարին ընկերակցութեամբ յատուկ ինքնաշարժով մը անցաւ տողանցքի պատրաստ միաւորներուն առջեւէն` ստուգելով անոնց պատրաստուածութիւնը:
Արարողակարգային այս ծիրին մէջ սկսաւ տողանցքը, որուն ընթացքին բանակին տարբեր զօրասիւներուն եւ բաժանումներուն անդամ զինուորներ գունդ առ գունդ տողանցեցին պատուոյ թրիպիւնին մէջ իրենց տեղերը գրաւած իշխանութեան պետերուն եւ հիւրերուն դիմաց:
Տողանցքին մասնակցեցան նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու, ընդհանուր ապահովութեան ուժերու, մաքսատնային ոստիկանութեան, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու եւ այլ զօրաբաժանումներու անդամներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանի ուսանողներ:
Տողանցքին աւարտին, բանակին շեփորախումբը իր կարգին քալեց պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն:
Նշենք, որ հինգշաբթի օրուան տողանցքին ընթացքին ներկաներուն տրուեցաւ տողանցքի յայտագիրը խորհրդանշող պրակ մը, որ պատրաստուած էր բանակի հրամանատարութեան կողմէ:
Պրակը կ՛ընդգրկէր նաեւ նախագահ Աունի խօսքը, որուն մէջ ան շեշտած էր, թէ անկախութիւնը կերտուած է պատմութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցած մարդոց կողմէ: Մարդիկ, որոնք ազատութեան համար պայքարած են եւ երկրին սահմանները ապահոված հերոսներու թափած արեամբ:
Իր խօսքը ուղղելով բանակայիններուն` նախագահ Աուն նշած էր, թէ զինուորականները կը հսկեն հայրենիքի փառքին եւ ժողովուրդին արժանապատուութեան: Ան հաստատած էր նաեւ, որ եթէ հայրենիքին նկատմամբ հաւատարմութիւնը սերունդէ-սերունդ կարելի չըլլայ փոխանցել, ապա Լիբանանի անկախութիւնը իր փայլքը կրնայ կորսնցնել:
Ան խոստացած էր բանակին զօրավիգ կանգնիլ` անկախութիւնը վերածելու համար յոյսի եւ աւելի փայլուն ապագայի մը առաջնորդող խոստումի:
Պաապտայի Մէջ
Տողանցքէն ետք նախագահ Աուն, Պըրրի եւ Հարիրի ուղղուեցան Պաապտայի պալատ եւ «25 մայիս»-ի դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորութիւններ պետական, նախարարական, խորհրդարանական, վարչական, հոգեւորական, զինուորական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններէ ու պատուիրակութիւններէ:
Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով նախագահական պալատ բարձրացան նաեւ հասարակական, քաղաքացիական, մշակութային, մարզական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ մարզերու մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք անկախութեան 75-ամեակին առիթով յայտնեցին իրենց շնորհաւորութիւնները:
Նշենք, որ նախքան շնորհաւորութիւններ ընդունիլը, իշխանութեան երեք պետերը ունեցան քառորդ ժամուան դռնփակ հանդիպում մը:
Պաապտայէն մեկնումի պահուն վարչապետ Հարիրի պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն նշեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող հարցին լուծումը իր մօտ չի գտնուիր: Իսկ Պըրրի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն կայ:
Երեկոյեան նախագահ Աուն եւ Առաջին տիկին Նատիա Աուն, ընդառաջելով բանակի հրամանատարի հրաւէրին, ուղղուեցան «Քազինօ տիւ Լիպան»` ներկայ գտնուելու անկախութեան 75-ամեակին առիթով կազմակերպուած համերգին:
Անկախութեան տօնին առիթով պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ, ծաղկեպսակ մը զետեղեց նախարարութեան մուտքին գտնուող իշխան Ֆախրէտտինի յուշարձանին, իսկ զօր. Աուն Եարզէի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց բանակի նահատակներուն յուշարձանին:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով շնորհաւորագիրներ ստացաւ Ֆրանչիսկոս պապի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի, Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի, Պելճիքայի Ֆիլիփ թագաւորին, Զուիցերիոյ նախագահ Ալեն Պերսէի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի կողմէ:
Անոնք հաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ կայունութեան: