Երէկ, Լիբանանի տարբեր շրջաններ, կլիմային «զոհ»-ը երթալով, կրեցին զանազան միջին եւ ծանր վնասներ: Կէսօրուան ժամերուն ջերմաստիճանի կտրուկ նուազումը, հովի արագութիւնը, տեղատարափ անձրեւը եւ բաւական մեծ հատիկներով կարկուտը պատճառ դարձան, որ անգամ մը եւս անդամալուծուին Լիբանանի ճամբաները, յատկապէս մայրաքաղաքին մէջ: «Աւստրալիա փողոց»-ին մէջ շէնքը պատող եւ շինարարութեան համար օգտագործուող երկաթներ փուլ եկան` վնասելով տասնեակ մը ինքնաշարժներ: Սան Սիմոն շրջանին մէջ տուներուն տանիքները թռան: Վերտանի մէջ առեւտրական կեդրոն մը ջուրով ողողուեցաւ: Ջուրով ողողուեցան նաեւ Ֆանարի լիբանանեան համալսարանի դասարանները եւ Էշրեֆիէի ճամբաները: Ծովեզերեայ մայրուղիին շարքին գտնուող շարք մը ելեկտրական սիւներ հովէն ծռեցան` քաղաքացիները ահ ու սարսափի մատնելով: Ալ Պիրա շրջանի մէջ ջուրին յորդումին պատճառով յառաջացած ելեկտրահարութենէն կին մը մահացաւ: Նապաթիէի շրջանին մէջ ընդհատուեցան ելեկտրականութիւնն ու համացանցի գիծերը:
Լիբանանը հարուածած փոթորիկին պատճառով Պուրճ Համուտի մէջ դժբախտ պատահարի մը զոհ գնաց լիբանանահայ երիտասարդ, 1991-ի ծնունդ Յարութ Յուսիկեան: Արդարեւ, ան փոթորիկի ժամանակ, երբ կը նորոգէր պատշգամին վարագոյրը, ուժեղ հովը գլորեց զինք 9-րդ յարկէն վար, եւ տեղւոյն վրայ մահացաւ երիտասարդը:
Ջուրով եւ հողով ողողուեցան նաեւ Այնճարի հայկական թաղամասերն ու եկեղեցին, եւ ապահովական ուժերու օգնութեամբ կարելի եղաւ դուրս բերել ջուրի առատութենէն բանտարկուած հայորդիները:
Փոթորիկը պիտի շարունակուի այսօր եւս: Կը նախատեսուի, որ ջերմաստիճանը նուազի, շարունակուին յորդառատ անձրեւն ու հովը մինչեւ երեկոյեան ժամերուն` 90 քմ/ժամ արագութեամբ, իսկ ծովուն ալիքը պիտի բարձրանայ մինչեւ 4 մեթր: 2000 բարձրութեան վրայ ձիւն պիտի տեղայ: Կլիման պիտի սկսի հաւասարակշռուիլ այսօր ուշ ժամերուն եւ պայծառանայ շաբաթավերջին:
Նուազ վնասներու յոյսով` բարի օր: