Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կիները» Վաւերագրական Ժապաւէնը

Հոկտեմբեր 26, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ ըսաւ, թէ «1915-ի կիները» ժապաւէնին դրական արձագանգները այնքան առատ են, որ աշխարհի չորս ծագերուն անիկա արժանացած է բուռն գնահատանքի եւ տասնեակէ մը աւելի մրցանակներու, ապա աւելցուց, որ Պարէտ Մարոնեան ճանաչում գտած արուեստագէտ է, «1915-ի կիները» ժապաւէնը կը ներկայացնէ հայ կինը իր բոլոր երեսներով` գեղջուկը, հայրենասէրը, ֆետային, ստեղծագործողը, ասեղնագործողը, մայրը: 12 ենթաբաժանումներով եւ յաւելուածական մէկ բաժինով ներկայացուած ժապաւէնին մէջ հայ կնոջ կերպարէն զատ կան նաեւ օտար կիներ, հասարակական գործիչներ, ուսուցիչներ, միսիոնարներ, որոնք ձգելով իրենց հանգիստն ու խաղաղ կեանքը, մարդասիրական հոյակապ դրսեւորումներով նեցուկ կանգնած են անպատսպար հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Շուրջ մէկուկէս ժամ հանդիսատեսը ժապաւէնին ընդմէջէն վերապրեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը, հայ ժողովուրդի զաւակներուն կրած խոշտանգումները, տառապանքները, մասնաւորապէս հայ կնոջ ապրած տանջանքները, սարսափազդու պահերը, բայց նոյն ատեն նաեւ ոտքի կանգնելու վճռակամութիւնը, ապրելու եւ պայքարելու կամքը, ապրելու եւ իրեն հետ ապրեցնելու նաեւ ուրիշներ: Ժապաւէնը անդրադարձաւ նաեւ այն մարդասէր օտար քոյրերուն, որոնք իրենց հանգիստ երկիրները ձգելով հասած են հայ ժողովուրդին, օգնութեան ձեռք երկարած եւ ամէն գնով աշխատած պահել, գուրգուրալ, եւ կրկին ոտքի հանել հայ որբերը:

Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Պարէտ Մարոնեան, որ ըսաւ, թէ մեծ ուրախութիւն է իրեն համար գտնուիլ Լիբանան, ուր անցուցած է իր մանկութիւնը: Պարէտ Մարոնեան յայտնեց նաեւ, որ ժապաւէնին վրայ մեծ թիւով մարդիկ աշխատած են եւ ան միշտ փորձած է իր երախտագիտութիւնը յայտնել անոնց: Ան նշեց, որ ժապաւէնը միջազգային աշխատանքներով մէջտեղ եկած է. աշխարհի տարբեր կողմերէն հայեր եւ ոչ հայեր սիրայօժար օժանդակած են ժապաւէնի պատրաստութեան: Ան ըսաւ, որ միջազգային տարողութիւն ունեցող պատմութիւններ պատահած են մեզի` հայերուս, եւ մենք ձեւը գտած ենք մեր պատմութիւնները միջազգայնականացնելու եւ ներկայացնելու հազարաւոր մարդոց: Պարէտ Մարոնեան յայտնեց նաեւ, որ «Ցեղասպանութեան որբերը» իր առաջին ժապաւէնը յաջողած է հասնիլ 100 միլիոն հանդիսատեսի, իսկ այսօր կը յայտարարէ, որ նոյն ճամբով պիտի տանի «1915-ի կիները»:

Ան խօսքի աւարտին պարգեւատրեց Սեդա Խտըշեանը, որ երկու ժապաւէններուն ալ նեցուկ կանգնած է իրեն, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեց  Սերուժ Պաղտասարեանը, որ  պատրաստած է երաժշտութեան մեծ մասը Լիբանանի մէջ: Պարէտ Մարոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մայեսթրօ Վարդան Մելքոնեանին` իր ներկայութեան համար:

Ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Պարէտ Մարոնեանը, որ աւարտին պատասխանեց ժապաւէնի մասին իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Բարի Լոյս 34. «Ես Եմ»

RelatedPosts

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին  Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին

Մայիս 16, 2025
Շամխանի. «Իրան Պատրաստ Է Այսօր  Իսկ Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական  Համաձայնութիւնը Ստորագրելու,  Եթէ Իր Պահանջները Ընդառաջուին»
Գլխաւոր լուրեր

Շամխանի. «Իրան Պատրաստ Է Այսօր Իսկ Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական Համաձայնութիւնը Ստորագրելու, Եթէ Իր Պահանջները Ընդառաջուին»

Մայիս 16, 2025
Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ  Համաձայնութեան Հասնելու Մօտ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Մօտ Ենք»

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?