ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հալէպի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ» գիրքը, մեկենասութեամբ` Միմի եւ Արմէն Յարութիւնեաններուն: Գիրքը նուիրուած է հայոց Մեծ եղեռնի հարիւրերորդ տարելիցին: Հեղինակ-կազմող` Հրազդան Թոքմաճեան, խմբագիր` Սվետլանա Պօղոսեան: Գիրքը բաղկացած է հայերէն եւ անգլերէն բաժիններէ:
Գալէմքեարեանները պղինձի եւ արծաթի մշակման մեծ վարպետներ եղած են Այնթապի մէջ: Աւանդութեան համաձայն անոնց նախահայրը` դերձակ Յակոբ Ջուղա քաղաքէն եղած է:
Յակոբի որդին` տիրացու Մելքոն եղած է կլայեկագործ: Որդիներէն հօր արհեստը շարունակողը եղած է Կարապետ, որ միաժամանակ զբաղած է պղնձագործութեամբ: Միաժամանակ ան համբաւի տիրացած է իբրեւ փորագրիչ, պղինձի վրայ բազմատեսակ զարդեր փորագրող: Իր օրով ընտանիքը կոչուած է Գալէմքեարեան (գալէմ կամ ղալամ արաբերէն կը նշանակէ գրիչ, սրածայր մետաղէ գործիք` փորագրութեան համար. այսինքն Գալէմքեարեան կը նշանակէ ղալամով աշխատող, շահող կամ փորագրիչ): Կարապետ մահացած է 1885-ին:
Կարապետի որդին` Մելքոն, ծնած` 1859-ին, հօր արհեստը շարունակողը եւ հայ պղնձագործութեան մեծագոյն վարպետներէն եղաւ:
Գալէմքեարեաններուն համբաւը հասաւ մինչեւ Պոլիս եւ այլ քաղաքներ: Պալատներու եւ ապարանքներու մէջ անոնց գործերը իրենց պատուաւոր տեղը ունէին:
Մելքոն վարպետի անուան հետ կապուած է պղնձագործութեան մէջ լայնօրէն օգտագործուող զօդանիւթի (լեհիմ) պատրաստութիւնը:
Այնթապի մզկիթներէն մէկը կոչուած է Գալէմքեր ճամիսի. մզկիթին «Մելքոնաշէն» գմբէթը կանգուն է մինչեւ այսօր:
Գալէմքեարեաններուն արհեստանոցը հաւաքատեղի եղած է Այնթապի վաճառականներուն, ուսուցիչներուն, հոգեւորականներուն եւ բանաստեղծներուն համար:
Մելքոն Ուստայի կարեւոր աշխատանքներէն է Այնթապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ջահը:
Գալէմքեարեաններուն հօրենական տունը կը գտնուէր Այնթապի միջնաբերդին մօտակայ Գալա-Ալթը շրջանին մէջ:
1915-ի բռնագաղթի օրերուն Գալէմքեարեանները կը հասնին Հալէպ, ուրկէ Ճեմալ փաշայի տնօրինումով կը տեղափոխուին Դամասկոս:
Մելքոն վարպետ Դամասկոսի Սուք Սարուճա շուկային մէջ խանութ կը վարձէ, ուր կը շարունակէ իր արհեստը:
Մելքոն մահացած է Դամասկոսի մէջ, 1918-ին, դաշնակից զօրքերուն կողմէ քաղաքի գրաւումէն քիչ առաջ:
Պատերազմի աւարտէն ետք Գալէմքեարեանները վերադարձած են Այնթապ:
Մելքոն վարպետի անդրանիկ զաւակը` Յարութիւն, ծնած` 1886-ին, արհեստը սորված էր հօրմէն: Անոր փորագրութիւնները մեծ բաւականութիւն կը պատճառէին գնորդներուն: Յարութիւն ամուսնացած էր Սանդուխտ Պիւլպիւլեանի հետ եւ ունէր չորս զաւակ. Անահիտ, Արաքսի, Մելքոն եւ Յովհաննէս: Ան մահացաւ 1967-ին:
Աւետիս Մելքոն ուստայի կրտսեր որդին էր, ծնած` 1888-ին: Հօր եւ եղբօր նման առաջնակարգ արհեստաւոր, ան նաեւ Այնթապի 1920-ի ինքնապաշտպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն եղած էր:
Այնթապի հայաթափումէն ետք Գալէմքեարեանները բնակութիւն հաստատեցին Հալէպի մէջ, ուր Խանտակ փողոցին վրայ արհեստանոց բացին: Անոնց պատուիրատուներէն յիշենք Ճապրիները, Հանանոները եւ Սուրիոյ նախագահ Շուքրի Քուաթլին:
Աւետիս Գալէմքեարեան մահացաւ 1961-ին, Հալէպի մէջ:
Յովհաննէս Գալէմքեարեան, Յարութիւնի կրտսեր որդին, ծնած` 1939-ին, շարունակեց պապենական արհեստը: Խանտակի արհեստանոցը վաճառուած էր եւ ան նոր արհեստանոց բացաւ Ազգային առաջնորդարանի գետնայարկի մէկ խանութին մէջ: Ան աշխատած է ոչ միայն Հալէպի նշանաւոր ընտանիքներու, այլեւ Սուրիոյ նախագահական պալատի, Յորդարանի եւ Յունաստանի թագաւորներուն համար: Լայն սպառում ունէին յատկապէս արծաթեայ խմորեղէնի ու պաղպաղակի ամանները եւ մատուցարանները:
Հայ եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ մինչեւ այսօր ալ փնտռուած են վարպետ Յովհաննէսի պատրաստած արծաթեայ եւ պղինձէ սպասները եւ գաւազանները, քշոցներն ու սկիհները: Շուրջ երեք տասնամեակվ տեւած անոր բեղմնաւոր աշխատանքը մեծ ներդրում է հայ արծաթագործութեան մէջ:
Այս շրջանին գործին մէջ կը ներգրաւուին աւագ եղբայրը` Մելքոն եւ ապա որդին` Արթուն:
Մելքոն ժամանակ մը աշխատած է Քուէյթ իբրեւ երկաթագործ. յետոյ վերադառնալով Հալէպ, 1987-էն մինչեւ մահը աշխատած է եղբօր` Յովհաննէսի մօտ: Գլխաւորաբար դրուագանման գործեր կատարած է: Ան մահացած է 1995-ին:
Այս ժամանակ գործը վերելքի մէջ էր: Յովհաննէսի հետ կ՛աշխատէր նաեւ քրոջ որդին` Աւետիք Պայրամեան: Շուրջ տասնամեակ մը Գալէմքեարեաններուն հետ աշխատած է ուրֆացի Յարութիւն Ղարիպեան եւ մեծ հմտութեամբ մասնակցած է դրուագման աշխատանքներուն:
Յովհաննէս Գալէմքեարեան 1969-ին ամուսնացած էր Սօսի Սարգիսեանի հետ. զաւակները` Արթուն, Բալիկ եւ Դալար:
Արթուն ամուսնացած էր Գայեանէ Էլիզպարեանի հետ:
Բալիկ արուեստագիտութեան մագիստրոս է, 2003-ին աւարտած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը: Ամուսնացած է թաւջութակահար եւ մանկավարժ Կոնստանդին Բոքովի հետ:
Դալար բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ. մանկավարժութեան մագիստրոս է եւ աշխատանքի մտած Քուէյթի Ազգային ճեմարանին մէջ: Ամուսնացած է Անթոնին Տաղլեանի հետ:
Յովհաննէս Գալէմքեարեան մահացած է 2015-ին:
Յովհաննէսի որդին` Արթուն ծնած է 1971-ին,
Քուէյթ: Եղած է հօր կարեւոր գործընկերը: Անոր նկարազարդումները մեծ յաջողութեամբ ընդունուած են:
Արթուն 1998-ին մեկնած է Երեւան, ուր երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է: 2003-ին վերադարձած է Հալէպ եւ երիտասարդ տարիքին հիւանդանալով 2008-ին մահացած է:
* * *
Գալէմքեարեանները կը պատրաստէին թասեր, սափորներ, բաժակներ, մատուցարաններ, բաղնիքի թասեր, ծաղկամաններ, ճաշամաններ, դոյլեր, ափսէներ, պնակներ, կաթսաներ, խորանի խաչեր, վարդապետական եւ եպիսկոպոսական գաւազաններ, մոմակալներ, միւռոնաթափ աղաւնի, միւռոնի սափոր, նշխարի աման, կոնքի թաս, ջրօրհնէքի կաթսայ, կանթեղներ, քշոցներ, աշտանակներ, սկիհներ, սկիհի պահարաններ, բուրվառներ, ձեռագիր մատեաններու համար դրուագազարդ արծաթեայ կազմեր, ժամագիրքի կազմեր, Սուրբ գիրքի կազմեր, խնկամաններ, տապանակներ, գինիի թասեր, մասնատուփեր, կրակարաններ, զովացուցիչ ըմպելիներ պատրաստող գործիքներ, պաղպաղակի սպասներ, գաւաթներ, պտղամաններ, թէյամաններ, շաքարամաններ, կլկլակներ, սափրիչի թասեր, տուրմի մատուցարաններ, ունելիներ, ապարանջաններ, դրամապանակներ եւ գարեջուրի գաւաթներ:
Թանով լեցուն մեծ թասը կը դրուէր ճաշասեղանին վրայ. իւրաքանչիւրը կ՛ունենար շերեփանման դգալ եւ անով կ՛առնէր իրեն բաժին թանը: Թասերը, պատրաստութեան տեսակէտով, ունէին քանի մը առանձնայատկութիւն:
Այնթապի մէջ բոլոր ընտանիքները ունէին ջուրի համար նախատեսուած քանի մը դոյլ: Վարպետներու պատրաստած դոյլերը ունէին բնորոշ առանձնայատկութիւն մը: Հետագային, Հալէպի մէջ պատրաստուած դոյլերը փոխած են իրենց ձեւը:
Մածունի համար պատրաստուած դոյլը ունէր իր առանձնայատկութիւնը:
Մետաղեայ սպասները գեղազարդելու քանի մը միջոց կայ. անոնցմէ մէկը փորագրութիւնն է:
Գալէմքեարեաններու աշխատանքները ընդհանրապէս գեղազարդուած են հարուածային ձեւով: Դրուագման հարուածային երեք ձեւ կայ. փորագրութիւն սալի վրայ, միակողմանի հարուածային եւ երկկողմանի հարուածային:
Գալէմքարեան եղբայրները տասնամեակներ շարունակ գեղեցիկ կրակարաններ պատրաստած են. կրակարանի քանի մը տեսակ կայ:
Գալէմքեարեաններու պատրաստած պղինձէ եւ արծաթէ թասերը կը յատկանշուին շարք մը առանձնայատկութիւններով:
Ձեռագիր մատեաններու դրուագազարդման արծաթեայ կազմեր պատրաստելը միշտ ալ ծախսալից գործ եղած է, սակայն Գալէմքեարեան եղբայրները զանոնք հանրամատչելի ձեւով գեղազարդելու միջոց որդեգրած են: Մոգերու երկրպագութեան, խաչելութեան եւ յարութեան դրուագումները Յարութիւն Գալէմքեարեանի գործերն են: Վարպետը հետեւելով յայտնի ստեղծագործութիւններուն, գեղեցիկ դրուագումներ կատարած է:
Յարութիւն այսպիսի բազմաթիւ գործերու հեղինակ է: Ան միշտ ունէր պատրաստի դրուագումներ, որոնք շատ արագ կ՛ամրացուէին գիրքի թաւշապատ կազմին վրայ: Կարեւոր առիթներով փորագրազարդ կազմով Սուրբ գիրք նուիրելը Հալէպի հայերու սովորութիւններէն եղած է:
* * *
Գիրքին վերջին բաժինը` յաւելուածը կը ներկայացնէ Հալէպի Խանտակ փողոցը: Այդ փողոցին վրայ կը գտնուէին Գալէմքեարեաններուն եւ այլ հայ անուանի արհեստաւորներու աշխատանոցները: Տրուած է նաեւ հայ պղնձագործներու անուանացանկը: