Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանը Ունեցաւ 30 Նախարարէ Եւ 6 Նոր Նախարարութիւններէ Բաղկացող Իր Կառավարութիւնը

Դեկտեմբեր 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hariri_berri_aoun_121816

Իր նշանակումէն 48 օր ետք, վարչապետ Սաատ Հարիրի կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը` օժանդակութեամբ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, բացի Փաղանգաւոր կուսակցութենէն, որ մերժեց մաս կազմել երկրին կառավարութեան:

Վարչապետ Հարիրի երէկ երեկոյեան ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, որուն յանձնեց նոր կառավարութեան կազմին անուանացանկը:

Նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի հանդիպումին միացաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:

Այսպիսով, նախագահական պալատէն երէկ հրապարակուեցան երեք շրջաբերականներ, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերէր նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականին, երկրորդը` Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումին, իսկ երրորդը` կառավարութեան նոր կազմին:

Առաջին եւ երկրորդ շրջաբերականները վաւերացուեցան նախագահ Աունի կողմէ, իսկ երրորդը` նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի կողմէ:

Կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել նախագահական պալատէն յայտարարեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան հրաժարականը, վարչապետ Սաատ Հարիրիի նշանակումը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմը, որ կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

hariri-2_121816

– Սաատ Հարիրի` վարչապետ

nakharar_121816

nakharar2_121816

– Ղասսան Հասպանի` փոխվարչապետ եւ առողջապահութեան նախարար
– Աւետիս Կիտանեան` զբօսաշրջութեան նախարար
– Մարուան Համատէ` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար
– Թալալ Արսլան` գաղթականներու հարցերու նախարար
– Ղազի Զաայթեր` երկրագործութեան նախարար
– Միշել Ֆարաոն` ծրագրաւորումի հարցերու պետական նախարար
– Ալի Քանսօ` խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար
– Ալի Հասան Խալիլ` ելեւմուտքի նախարար
– Մոհամետ Ֆընէյշ` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար
– Ժան Օղասապեան` կիներու հարցերու պետական նախարար
– Եաագուպ Սարրաֆ` պաշտպանութեան նախարար
– Ժըպրան Պասիլ` արտաքին գործոց նախարար
– Հիւսէյն Հաժ Հասան` ճարտարարուեստի նախարար
– Սելիմ Ժրայսաթի` արդարութեան նախարար
– Նուհատ Մաշնուք` ներքին գործոց նախարար
– Մոհամետ Քապպարա` աշխատանքի նախարար
– Այման Շքէյր` մարդկային իրաւունքներու հարցերու պետական նախարար
– Ժամալ Ժարրահ` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար
– Մույին Մերեհպի` տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար
– Ղաթթաս Խուրի` մշակոյթի նախարար
– Փիեռ Ռաֆֆուլ` հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար
– Նիքոլա Թուէյնի` փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար
– Թարեք Խաթիպ` կենսոլորտի նախարար
– Ինայա Իզէտտին` վարչական բարեկարգումի պետական նախարար
– Եուսեֆ Ֆընիանոս` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար
– Մըլհեմ Ռիաշի` տեղեկատուութեան նախարար
– Փիեռ Ապի Ասի` ընկերային հարցերու նախարար
– Սեզար Ապի Խալիլ` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար
– Ռաէտ Խուրի` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար

Կառավարութեան կազմի յայտարարութենէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մըն է:

Ան շեշտեց, որ կառավարութեան գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումը, «հետեւաբար ան իր կարճատեւ ծառայութեան ընթացքին պիտի ջանայ լուծել շարք մը տագնապներ, որոնցմէ են աղբի, ելեկտրականութեան եւ ջուրի հարցերը», ըսաւ ան:

Հարիրի ընդգծեց, որ կառավարութեան հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ գործակցիլ խորհրդարանին հետ եւ յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը, որ հիմնուած է համամասնական օրէնքին վրայ եւ կ՛ապահովէ արդար ներկայացուցչութիւն:

Ան լաւատեսութեան շեշտով մաղթեց մօտիկ ապագային ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը` ընդգծելով, որ պէտք է պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ Լիբանանը զերծ կացուցել Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն:

Ան նշեց, որ քաղաքական գրեթէ բոլոր կողմերը զիջումներ կատարած են` ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու համար, բացայայտելով, որ ինք Փաղանգաւոր կուսակցութեան առաջարկած է պետական նախարարի պաշտօն, սակայն ան մերժած է, հակառակ զայն համոզելու իր բոլոր փորձերուն:

Վարչապետը ըսաւ, որ ինք կառավարութեան աշխատանքը պիտի սկսի կազմելով նախարարական յատուկ  յանձնախումբ մը` մշակելու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, որուն հիմքը պիտի կազմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած երդման ճառը:

Ան գործակցութեան կոչ ուղղեց բոլորին` ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն ապահովումին, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան պահպանումին:

Վարչապետը աւելցուց, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ ընտրական նոր օրէնքին պարագային ապահովելու համար կիներու ներկայացուցչութեան 30 առ հարիւրի մասնաբաժինը:

Նորակազմ կառավարութիւնը իր պաշտօնական լուսանկարը պիտի ստանայ նախագահական պալատին մէջ,  չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին, ապա  կառավարութիւնը Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը, որուն պիտի նախագահէ հանրապետութեան նախագահը:

Նշենք, որ կառավարութեան ընդգրկած վեց նոր նախարարութիւններն են

ծրագրաւորումի հարցերու, տեղահանուածներու հարցերու, փտածութեան դէմ պայքարի, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու, կիներու հարցերու եւ մարդկային իրաւունքներու հարցերու նախարարութիւնները:

Կենսագրութիւն Զբօսաշրջութեան
Նախարար Աւետիս Կիտանեանի

avedis-guidanian_121816Աւետիս Կիտանեան ծնած է 21 նոյեմբեր 1966-ին, երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունքը:

Անդամ է ՀՅ Դաշնակցութեան: Ստանձնած է կուսակցական զանազան պաշտօններ: Ընտրուած է ՀՅԴ ԶՈՄ-ի վարչութեան ատենապետ եւ 1992-էն սկսեալ տարբեր ժամանակաշրջաններու ստանձնած է ՀՅԴ Ընտրական կեդրոնական մեքենայի պատասխանատուութիւնը: Եղած է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը Լիբանանեան կուսակցութիւններու համախմբումին մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ն ներկայացուցած է զանազան համագումարներու եւ երկու անգամ Ղազախստանի ու Քամպոտիոյ մէջ մասնակցած Ասիոյ քաղաքական կուսակցութիւններու միջազգային համագումարին:

Առաջին անգամ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընտրուած է 1998-ին: 2001-2005 վարած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գործավարի պաշտօնը: 2009 թուականէն սկսեալ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն է: 2015-ին ընտրուած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ:

Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:

 

Նախորդը

Շաբաթասկիզբին Նախագահ Աունին Փոխանցելու Միտումով. Ընտրական Օրէնքին Գծով Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Իր 80-Ամեակը Նշած Է 8 Անտուններու Հետ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?