Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով. Կարօ Յովհաննէսեան Եւ Ժիրայր Դանիէլեան Ներկայացուցին Կիրակոսեանի «Կարծես Երազ Մը Ըլլար» Վէպը

Յուլիս 21, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Guiragossian2_72016

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 20 յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի, յետմահու հրատարակուած «Կարծես երազ մը ըլլար» խորագրեալ վէպի շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ անոր յիշատակը յարգող բազմութեան:

Guiragossian1_72016Guiragossian3_72016Guiragossian6_72016Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան, որ սեղմ գիծերու մէջ նշեց ձեռնարկին առիթն ու կարեւորութիւնը: «Սարգիս Կիրակոսեան անխոնջ ընթերցող մըն էր հայ գրականութեան, ուսումնասիրող մը», ըսաւ դոկտ. Այնթէպլեան եւ աւելցուց. «Ուրախալի է, որ իր բանաստեղծութիւնները սիրելի ու գնահատելի պիտի ըլլան նաեւ հայրենի գրական շրջանակներու մէջ»: Այնթէպլեան թուեց Սարգիս Կիրակոսեան մտաւորական մարդուն ազգանուէր գործունէութիւնը` լիբանանահայ հասարակութեան, գրական, մշակութային թէ կրթական մարզերուն մէջ: «Համազգայինի ընտանիքը եւ իր ընտանեկան պարագաները տարի մը առաջ կորսնցնելով Սարգիսը, բաց մը զգացինք մեր հաւաքական կեանքին մէջ, սակայն այսօր Սարգիս Կիրակոսեան մեզ այստեղ կը համախմբէ ուրախ առիթով, հաւաքուած ենք հոս, իր գիրքին` «Կարծես երազ մը ըլլար» վէպի շնորհահանդէսին», ընդգծեց Սեպուհ Այնթէպլեան:

Այս առիթով խօսք առաւ մտաւորական, կրթական մշակ Ժիրայր Դանիէլեան, որ անդրադարձաւ Սարգիս Կիրակոսեանին հետ իր ծանօթացման ու գործակցութեան պայմաններուն` Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթէն մինչեւ «Բագին» գրական հանդէս ու «Ազդակ» օրաթերթ:

Ժիրայր Դանիէլեան ներկայացուց Սարգիս Կիրակոսեանի կենսագրականը, ըստ որուն, ան աւարտելէ ետք Հալէպի Քարեն Եփփէ ճեմարանը հետեւած է Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայր Յովհաննէս Մսըրլեանի հաստատած հայագիտական դասընթացքին: Ան նաեւ անդրադարձաւ բանաստեղծին գրական ու առհասարակ անոր բազմակողմանի եւ բազմաբնոյթ ձիրքերուն` մէջբերում կատարելով բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի խօսքերէն` գեղապաշտ սերունդին մօտ տիրած լեզուի ու ոճի խնամքին գծով: Այս առիթով Ժիրայր Դանիէլեան ցոյց տուաւ 7 փետրուար 2003-ին հիմնուած Լիբանանահայ գրողներու միութեան ձեռագիր կանոնագիրը, որուն ձեռագիրը կը պատկանի Սարգիս Կիրակոսեանին:

«Մենք նրանով վայելում էինք սփիւռքը» մէջբերեց Դանիէլեան, հայրենի գրողներու գնահատական խօսքերէն:

Օրուան յաջորդ բանախօսն էր խմբագիր, գրաքննադատ, կրթական մշակ Կարօ Յովհաննէսեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Սարգիս Կիրակոսեանի գրական աւանդին ու անոր արժանիքներուն: Յովհաննէսեան սեղմ գիծերու մէջ պարզեց Ս. Կիրակոսեանի «Կարծես երազ մը ըլլար» վէպին լոյս ընծայման պայմանները: Ըստ Յովհաննէսեանի, հանգուցեալ բանաստեղծը իր ապաքինման քայլերէն աւելի, մտահոգ էր իր գրական գործերով եւ յատկապէս նշեալ վէպի ամբողջացումով, «որուն գաղափարը կու գար 1980-ական թուականներէն»:

«Զինք յաճախ վերացած վիճակի մէջ կը գտնէինք ընծայարանի դասընթացքի ընթացքին», նշեց Կ. Յովհաննէսեան` յատկապէս կեդրոնանալով հանգուցեալ Կիրակոսեանի գրական ոճի բծախնդրութեան վրայ, մանաւանդ որ բանաստեղծը մէկէ աւելի անգամներ կը փոխէր ու կը ջնջէր իր գրածը, տեղը նոր մը շարադրելով: «Դասական իմաստով վէպ մը չէ» «Կարծես երազ մը ըլլար»-ը, դասական հերոսի բնութագրումը չենք տեսներ այս վէպին մէջ, կեդրոնական տիպարները ամբողջական չեն, արտերկրային, երազային տիպարներ են երբեմն», ընդգծեց Յովհաննէսեան` նշելով, որ Կիրակոսեան իր գրութիւններուն մէջ դժգոհութիւն ցոյց կու տայ, յուսախաբութիւններ ունի: «Միալար մակընթացութեան» մէջ օրինակ, արտաքինէն աւելի ներքին աշխարհն է, որ կ՛արտացոլայ, հոն հեղինակը կը խօսի ինք իր անձին մասին», շեշտեց Կարօ Յովհաննէսեան` յիշեցնելով, որ «Սարգիսը երազներ ունէր, յօդուածներ, գրական նշմարներ, ընդամէնը տասը գիրք, որոնցմէ մէկն է «Կարծես երազ մը ըլլար» վէպը, ու մեզի կը մնայ ժամանակի ընթացքին հրատարակել միւսները: Սարգիս երազներ ունէր, կարծէք ինք երազ մը ըլլար, կարծէք ի՛նք երազ մըն էր», եզրափակեց Կարօ Յովհաննէսեան:

Guiragossian4_72016Guiragossian5_72016Guiragossian8_72016Այս առիթով Համազգայինի անձնակազմէն` Նանոր Տէր Սարգիսեան ընթերցեց հայրենի գրող, մտաւորականներու` Ռոմէն Կոզմոյեանի Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակին գրած գիրը, նաեւ` «Բանաստեղծից բաժանում չկայ» խորագրեալ եւ Հենրիկ Էդոյեանի, Երուանդ Տէր Խաչատրեանի, Յակոբ Աւետիքեանի եւ Յակոբ Մովսէսի միացեալ ստորագրութիւնը կրող յիշատակի գիրը:

Նմանապէս, ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի 2016-ի շրջանաւարտներէն Պետիկ Ալեքսանեան եւ Հանրի Իշխանեան անջատաբար ելոյթ ունեցան դաշնակի վրայ:

Աւարտին, Սարգիս Կիրակոսեանի «Կարծես երազ մը ըլլար» անդրշիրիմեան վէպի խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեան ներկաներէն իւրաքանչիւրին մակագրեց ու տրամադրեց նշեալ վէպէն օրինակ մը:

 

 

Նախորդը

«Ասիկա Սովորական Յաջողութիւն Մը Չէ, Այլ` Հաւաքական, Եւ Ճիշդ Այդ Պատճառով Հաւաքաբար Կը Շնորհաւորենք Զիրար» Հաստատեց Սիւզի Սեմերճեան

Յաջորդը

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?