Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Լիբանանի ապահովական կայունութեան սպառնացող ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի, այլ խօսքով` հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգներէն բացի, շուրջ տասը օրէ ի վեր Իսրայէլ կը սպառնայ Լիբանանի դէմ նոր պատերազմ մը սանձազերծել:
Իսրայէլեան աղբիւրներուն կողմէ հնչող պատերազմի փողերուն կը պատասխանեն Հըզպալլայի աղբիւրները` հաստատելով իրենց կազմ ու պատրաստ ըլլալու իրականութիւնը` դիմադրելու համար թշնամի Իսրայէլին:
Նախորդ երկու օրերուն ընթացքին Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ կատարեց լայնածաւալ ռազմափորձ մը, որուն ընթացքին օգտագործեց ամէն տեսակի ծանր զէնքեր:
Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մօտակայքը գտնուող բնակեցման վայրերու բնակիչները գրեթէ սարսափահար վիճակի մէջ գտնուեցան` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան ռազմափորձերուն մաս կը կազմէր տասնեակ հազարաւոր իսրայէլացիներու, այլ խօսքով` զիրենք հիւսիսային եւ հարաւային Իսրայէլի մէջ գտնուող բնակեցման վայրերէն դուրս բերելու քայլը:
Իսրայէլեան ծաւալուն ռազմափորձերն ու հնչող սպառնալիքները Հըզպալլան մղած են դառնալու կազմ ու պատրաստ` դիմադրելու թշնամի Իսրայէլի:
Քաղաքական մեկնաբաններ յայտնեցին, որ իսրայէլեան ռազմափորձերը Հըզպալլայի բազկերակը շօշափելու նպատակով կատարուած են` ստուգելու համար Սուրիոյ մէջ կռուելու եւ միաժամանակ Իսրայէլի դիմադրելու անոր կարողութիւնը: Մինչդեռ Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ ընդգծեցին, որ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող Հըզպալլայի մարտիկները հարաւային Լիբանանի սահմանները հսկող ջոկատներուն մաս չեն կազմեր: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Հըզպալլա լուռ կը հսկէ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ գործուելիք որեւէ յարձակումի, եւ բաւարար ինքնավստահութեամբ կը յայտարարէ, թէ ոչ մէկ իսրայէլացի զինուոր պիտի կարենայ լիբանանեան հողին վրայ ոտքը դնել, որովհետեւ այս անգամ տիրող ապահովական տարազը տարբեր է, եւ Հըզպալլա պատրաստ է մուտք գործելու Գալիլիա:
Հըզպալլայի մարտիկները սահմանամերձ շրջանի իրենց դիրքերը հզօրացուցած են Լիբանանի դէմ մղուելիք իսրայէլեան պատերազմին մասին տիրող սպառնալիքներէն ետք: Իսկ այդ սպառնալիքները սկսան շրջանառութեան մէջ մտնել Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրմենի կողմէ իսրայէլեան բնակեցման վայրերը կատարուած այցելութենէն ետք:
Լիպըրմենի այցելութեան յաջորդեցին իսրայէլեան ռազմափորձերը, որոնց ընթացքին իսրայէլեան ուժերը աւելի յաճախականութեամբ սկսան ոտնձգութիւններ գործել լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` օդային թէ ծովային սահմանները խախտելու առումով:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» իսրայէլեան օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի դէմ իր ունեցած վերջին պատերազմէն տասնամեակ մը ետք Իսրայէլ կը պատրաստուի երրորդ պատերազմ մը յայտարարելու Լիբանանի դէմ:
Նոյն օրաթերթին մէջ նշուած է, որ Գալիլիոյ բնակեցման վայրերու պատասխանատու Կիորա Զիլից հաստատած է, որ հակառակ բնակեցման վայրերը իրենց բնակիչներէն անմիջապէս պարպելու առումով կատարուած ռազմափորձերուն, եթէ իսկապէս պատերազմ բռնկի, ապա իրենք պիտի ապրին շատ դժուար օրեր:
Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի, Լիբանանի դէմ պատերազմ մը շղթայազերծելու հաւանականութիւնը իսրայէլեան քաղաքական եւ ապահովական հեղինակութիւններուն միջեւ բռնկեցուցած է լայն բանավէճ մը, «սակայն Իսրայէլի մէջ տիրական կարծիքը կը մնայ այն, որ անցնող տասնամեակին 500 իսրայէլացի սպաներ մասնակցեցան լիբանանեան վերջին պատերազմէն դասեր քաղելու յատուկ մարզումներու, իսկ պատերազմի յայտարարութեան պարագային` անիկա պիտի ըլլայ երկարատեւ», նշուեցաւ օրաթերթին մէջ:
Իսրայէլի կրթութեան նախարար Նաֆթալի Պենեթ շեշտեց, որ Իսրայէլ կը հաւատայ, որ Հըզպալլա համազօր է Լիբանանի տարազին, «հետեւաբար յաջորդ պատերազմի պարագային` ոչ միայն Հըզպալլան պիտի ըլլայ Իսրայէլի թիրախը, այլ` ամբողջ Լիբանանը», շեշտեց ան:
Իր կարգին, իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան պետ Հերցի Հելվի շեշտեց, որ Հըզպալլայի մասին իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւնները բաւական հարուստ են, եւ անկարելի է նախատեսել անոնց աղբիւրները:
Հելվի նշեց, որ Լիբանանի դէմ յաջորդ պատերազմը բաւական քանդիչ պիտի ըլլայ, «սակայն եթէ երկու կողմերը որոշեն պահպանել լռութիւնն ու խաղաղութիւնը, ապա ան կրնայ նաեւ այլ տասնամեակ մը եւս տեւել», աւելցուց Հելվի:
Իսրայէլեան ապահովական աղբիւրներ կը հաստատեն նաեւ, որ Լիբանանի դէմ պատերազմի սանձազերծումը դիւրաւ կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել` նկատի ունենալով լիբանանեան բանակին ու Հըզպալլայի մարտիկներուն կազմ ու պատրաստ վիճակը, ինչպէս նաեւ` այն իրականութիւնը, որ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու բնակիչները իրենց բանակին վրայ հաւատք չունին, այլ մնայուն կերպով կը յիշեն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սպառնալիքը, թէ` հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումին պարագային Հըզպալլա մուտք պիտի գործէ Գալիլիա:
Միւս կողմէ` Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը սահմանափակ թիւով մարտիկներով կը կատարուի, աւելցնելով, որ եթէ կարիքը զգացուի յաւելեալ ուժերու, ապա իրենք պատրաստ են յաւելեալ մարտիկներ գործուղելու Սուրիա:
Ան նշեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը քաջալերող բոլոր կողմերը պէտք է լաւ իմանան, որ Հըզպալլայի ուխտը ամբողջ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն պաշտպանութիւն է:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ իսրայէլեան գոյացութեան կատարած ծաւալուն ռազմափորձին` շէյխ Քաուք շեշտեց, որ անիկա սէուտական վարչակարգին կամ հաւատադրժողական եւ զինեալ խմբաւորումներուն դէմ չէ, որ կը կատարուի, այլ Լիբանանի մէջ գործող Դիմադրութեան վախէն է, որ Իսրայէլ կը կատարէ այդ ռազմափորձերը: «Իսրայէլ Դիմադրութենէն կը սարսափի եւ ոչ` սէուտական զէնքէն, կամ անոր դաշնակիցներէն, կամ Արաբական լիկայէն ու իսլամական երկիրներու վեհաժողովէն: Մեզի համար հպարտութիւն է, որ Իսրայէլ կը վախնայ Դիմադրութենէն», շեշտեց Քաուք:
Բայց եւ այնպէս այս բոլորը տակաւին կը մնան հոգեբանական պատերազմի սահմաններուն մէջ, որոնք իւրաքանչիւր ամրան հետ կը կրկնուին: