Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսուա Ռոշպլուան. «Ես Ղարաբաղցի Եմ. Մեզ Լռեցնելու Ազրպէյճանի Բոլոր Փորձերը Ապարդիւն Պիտի Մնան»

May 25, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

240516Rochebloine&Rouqe-Info

«Արցախփրէս» կը հաղորդէ, թէ 24 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած են Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուանն ու Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի նախագահ Ռընէ Ռուքէն, որոնք հանդիպումներ ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ:

Նախագահ Սահակեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախի եւ Ֆրանսայի խորհրդարաններու, հասարակական ու քաղաքական շրջանակներու միջեւ կապերու զարգացման առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային գործընթացներուն:

Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է հիւրերուն` երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ տարուող մեծ եւ սկզբունքային գործունէութեան համար` զայն որակելով անկեղծ բարեկամութեան եւ մարդասիրութեան օրինակելի դրսեւորում:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:

Անկէ ետք ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարները Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցած են օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու, գիտակրթական հաստատութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ghoulian_Rochebloine_Rouqe_52416

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ, «Ղարաբաղ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար Աշոտ Ղուլեան` ողջունելով հիւրերը, բարձր գնահատած է «Ֆրանսա-Ղարաբաղ» բարեկամութեան ծիրին մէջ տարուող գործունէութիւնը` Արցախի մասին իրականութիւնը միջազգային հանրութեան ներկայացնելու առումով: Ա. Ղուլեան ողջունած է բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար կազմին կողմէ տրուած որոշումը` Արցախ այցելելու եւ տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ ունենալու ազրպէյճանական յարձակման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած կացութեան մասին:

Ան հաստատած է, որ անկախ նետուած մարտահրաւէրներու ձեւէն եւ բովանդակութենէն, Արցախ կը շարունակէ պայքարը` յանուն ժողովրդավարական արժէքներու եւ ազատութեան, եւ այդ պայքարին մէջ կարեւոր նկատած է նոյն արժեհամակարգը կրող ժողովուրդներու, նաեւ միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը:

Ֆրանսուա Ռոշպլուան ըսած է. «Ես ղարաբաղցի եմ: Այսօր մենք աւելի քան երբեւէ համերաշխ ենք Արցախին հետ, եւ մեզ լռեցնելու Ազրպէյճանի բոլոր փորձերը ապարդիւն պիտի մնան: Եթէ ես նախապէս կ՛ըսէի, որ Ազրպէյճան ունի ահաբեկչական պետութեան կեցուածք, ապա ապրիլեան դէպքերէն ետք հաստատ կերպով կը յայտարարեմ` Ազրպէյճան ահաբեկչական պետութիւն է: Ազրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք նպատակ ունին լուծարելու Ֆրանսայի եւ Արցախի շարք մը քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամական համաձայնագիրները, մեզ կը մղեն աւելի համախմբուած ըլլալու: Արցախցիները կրնան նկատի ունենալ, որ մենք լիովին կ՛աջակցինք ու կը զօրակցինք իրենց»:

Ան մտահոգութիւն յայտնած է ազրպէյճանական յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք Արցախի մէջ զոհուած զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն ճակատագիրին գծով` նկատել տալով, որ անոնք զոհուած են անընդունելի պայմաններու մէջ:

«Ոգեւորիչ է, որ հակառակ այս բոլորին, բազմաթիւ արցախցիներ ապրիլեան զինուորական գործողութիւններու առաջին իսկ օրերէն կամաւորագրուեցան հայրենիքի եւ ազատութեան պաշտպանութեան ի խնդիր: Մենք այցելեցինք սահմանամերձ Թալիշ եւ Մատաղիս, ուր հանդիպեցանք զինուորականներու, որոնք վստահօրէն ու հանգիստ կերպով իրենց գործը կը կատարեն: Այդ ոգեւորութիւնն ու մեր տեսածը մենք կը փոխանցենք մեր միւս խորհրդարանականներուն, կառավարութեան ու Եւրոպական հարցերու քարտուղարին», նշած է Ֆրանսուա Ռոշպլուան` ողջունելով Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` խաղաղ ուղիով հարցը լուծելու ուղղութեամբ:

Ֆրանսացի երեսփոխանը յոյս յայտնած է, որ յունիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու նախատեսուող հանդիպումին ընթացքին իսկական արդիւնքներ արձանագրուին:

Ռընէ Ռուքէն ըսած է, որ իրենք մօտէն կը հետեւին Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ միշտ անոր կողքին պիտի ըլլան: «Ամէն ինչ պիտի ընենք` իրականութիւնը տեղ հասցնելու համար», ըսած է ան` աւելցնելով, որ իրենց քարոզչական աշխատանքէն ետք եւրոպացի գործընկերներէն շատեր արդէն շատ բան գիտեն Արցախի մասին:

«Այդ ջանքերուն շնորհիւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին քննարկման չեն դրուած այն բանաձեւերը, զորս Ազրպէյճան ներկայացուցած է ապրիլեան յարձակման օրերուն, երբ կը ռմբակոծուէին Արցախի բնակելի շրջանները», յայտնած է Ռընէ Ռուքէն` աւելցնելով, որ արդէն նկատելի է ազրպէյճանական կողմէ յարձակողական կեցուածքը, որ պիտի ուղղուի ինքնին Ազրպէյճանի դէմ:

 

 

Նախորդը

Ակնարկելով Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւի Որդեգրումի Հարցին` «Այս Բանաձեւին Մէջ Պիտի Դատապարտուին Հայ Ժողովուրդի Դէմ Կատարուած Տեղահանումները, Ջարդերը Եւ Բռնութիւնները» Ըսաւ Պունտեսթակի Փոխնախագահը

Յաջորդը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Անդամները Այցելեցին «Ազդակ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.