Արա Կիրակոսեան Հմայեց
Իր Ունկնդիրները
Հալէպահայ երաժշտասէր ընտրանին եւ պետական աւագանիէն մաս մը, մարտ 31-ի երեկոյեան, յուսախաբ չեղան, երբ փութացին «Սէրքլ կաթոլիկ»-ի սրահը, երաժշտական վայելքի մը համար:
Արդարեւ, Սուրիոյ 8 մարտի յեղափոխութեան 3-րդ տարեդարձին առիթով, Համազգային մշակութային ընկերակցութեան հրաւէրով, լիբանանահայ թենոր Արա Կիրակոսեան, ճոխ յայտագիրով մը հայկական հին ու նոր երգերու գեղեցիկ փունջ մը նուիրեց, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիբանանի ազգային երաժշտանոցի ուսուցիչ Ժան Հազարապետեանի:
Յայտագիրը կը բաղկանար տասնհինգ հայ դասական եւ վիպական երգերէ.- Ա. Տիգրանեանի «Դաւիթ բէկ» օփերայի «Գուսանի երգ»-ը եւ Սանթուրի արիան ու սիրերգը եւ «Անոյշ»-ի Սարոյի սերենատը եւ արիան, Կոմիտասի «Կռունկ»-ը, Տ. Չուխաճեանի «Գարուն»-ը, Ա. Սպենդիարեանի «Այ վարդ»-ը, Բ. Կանաչեանի «Ցայգերգ»-ը, Ա. Պապաջանեանի «Երեւան եւ երգ առաջին սիրոյն», Կ. Օրբելեանի «Երեւան եւ գարունը իմ սրտում»-ը: Ն. Բալանթոյեանի «Ո՞ւր ես»-ը, Վ. Կոտոյեանի «Ինչպէս երազ»-ը եւ այլն:
Արա Կիրակոսեանի հայ երգի հաճելի այս երեկոյին փայլը աւելցուց յատկապէս իր հերոսական ձայնը:
Կիրակոսեան գիտէ առինքնել հայ երգի կարօտ ունկնդիրները, մանաւանդ իր ձայնի ճկունութեամբ եւ բարձր ու մեղմ ելեւէջներով: Ունի գրաւականը արուեստի գերագոյն բարձունքները հասնելու եւ արդէն կը քալէ անմահ Արմենակ Շահմուրատեանի ճամբայէն:
Հալէպահայութիւնը սիրեց Արային ձայնը: Կիրակոսեան կրցաւ սրահի խուռներամ ունկնդիրներուն խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցնել: Յաջողութեամբ մեկնաբանեց յատկապէս Տիգրանեանի օփերաներու հատուածները եւ Կոմիտասի «Կռունկ»-ը:
Դաշնակահար Ժան Հազարապետեան կարեւոր դեր մը ունեցաւ Արա Կիրակոսեանի յաղթանակին մէջ:
ԶԱՒԷՆ
«Հալէպ»
Հայ Կեանք
ՀՕ Միութեան Նիւ Պրըթընի
Տարեկան Ձեռնարկը
Նիւ Պրըթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայ օգնութեան միութեան 56-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը հացկերոյթով եւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով:
Բացման խօսքը կատարած է ատենապետ Արաքսի Ետկարեան: Խօսք առած են Տիգրան Սարգիսեան` յանուն ՀՅԴ տեղւոյն կոմիտէի, Նուարդ Հայթայեան եւ Տաթեւ քհնյ. Գալուստեան: Եղած են սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
ՀՕ Միութեան 56-րդ Տարեդարձը
Լին – Սէյլըմի Մէջ
Լին – Սէյլըմի մէջ եւս, ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը տօնակատարած է միութեան 56-րդ տարեդարձը:
Բացման խօսքը արտասանած է ատենապետ Մարգրիտ Տօնիկեան: Խօսք առած է ՀՅԴ տեղւոյն կոմիտէի կողմէ Յակոբ Ասլանեան: Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: Նոյնպէս եղած են նուիրատուութիւններ:
Յովհաննէս Շիրազի Օրը
Նիւ Եորքի Մէջ
Հայրենի բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան յիսնամեակին նուիրուած հրապարակային հանդէս մը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ:
Խօսք առած են Վազգէն Յովհաննէսեան եւ Սուրէն Մանուէլեան: Արտասանուած են Շիրազի հայրենաշունչ քերթուածներէն:
Պուրճ Համուտի ՀՅԴ «Զաւարեան»
Աշակերտական Միութեան
Թատերական Ցերեկոյթը
Շաբաթ, 9 ապրիլ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահը լեցուն էր հայ աշակերտներով:
Ճեմարանի թատերախումբը, մեծամասնութեամբ կազմուած 9-րդ դասարանի աշակերտներէ, ներկայացուց Յ. Պարոնեանի «Շողոքորթը» բաւարար յաջողութեամբ:
Բոլոր դերակատարները ջանացին տալ իրենց լաւագոյնը եւ արժանացան գնահատանքի:
Պուրճ Համուտի եւ քաղաքի զանազան դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներուն միջեւ սերտ կապ ստեղծելու համար, «Զաւարեան» աշակերտական միութեան կազմակերպած միջդպրոցական ձեռնարկները արժանի են ամէն գնահատանքի:
Արդարեւ, օրինակելի երեւոյթ մը եղաւ «Շողոքորթը»-ի ներկայացման առիթով ստեղծուած աշակերտական ջերմ մթնոլորտը: