Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սայաթ-Նովա» Համոյթի Աննախընթաց Համերգ. «Ձեզի Բերեր Ենք Հայրենիքի Շունչը, Մեր Նախնեաց Օրհնութիւնը Եւ Հայ Անապական Զուլալ Երգը» Ըսաւ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան

Փետրուար 29, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

SayatNova3_022816

Վարագոյրը բացուեցաւ, եւ ահա բեմին վրայ առաջին անգամ ըլլալով կանգնած էր «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը իր շքեղութեամբ, վեհութեամբ ու արտասովոր հմայքով: «Սայաթ-Նովա» համոյթը իր յաղթական խրոխտ կեցուածքով տակաւին կատարումները չսկսած կարծես կ՛ապացուցէր, որ իր  ստեղծագործական կորովը կը ծառայէր հայ ժողովուրդին եւ անոր մշակոյթի զարգացման ու պահպանման: Եւ ահա հնչեց Սայաթ Նովայի «Քամանչա» երգը եւ իսկոյն թրթռաց լիբանանահայ հանդիսատեսին սիրտը:

«Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթին աշուղական եւ հայրենասիրական երգերու այս աննախադէպ համերգը կազմակերպած էր  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը: Համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն էր Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուետագէտ, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան, իսկ գործիքային բաժինի ղեկավար` Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ եւ քամանչահար Վարդան Պաղտասարեան: Համերգը տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ:

SayatNova4_022816

«Սայաթ-Նովա» համոյթին անումով հանդէս եկաւ Արթուր Մնացականեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները  ըսաւ, թէ համայն սփիւռքի հոգեւոր մայրաքաղաքին մէջ այսօր ազգային երգի տօն է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Պէյրութի մէջ ելոյթ կ՛ունենայ «Սայաթ-Նովա» վաստակաւոր համոյթը: Ան նշեց, թէ համերգը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:  Իսկ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով հանդէս եկաւ Յակոբ Գառնէշեան: Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը պատիւ ունի ներկայացնելու «Սայաթ-Նովա» աշուղական վաստակաւոր համոյթը, ապա նշեց, որ  28 փետրուարը կը զուգադիպի Սումկայիթի նահատակներուն խնկելի օրուան, ինչպէս նաեւ «Սայաթ-Նովա» համոյթի վերածնման օրուան, երբ  28 փետրուար 1992-ին Թովմաս Պօղոսեանի ջանքերով երկար ընդմիջումէ ետք կազմուեցաւ համոյթը` հաւատալով, որ աշուղական-գուսանական եւ ժողովրդային նմանօրինակ խումբերու պահպանումը մաս կը կազմէ մեր մշակոյթի առաքելութեան եւ գլխաւոր գրաւականն է հայ երգի անաղարտ պահպանման: Ան համոյթին ու անոր ղեկավարին մաղթեց գոյատեւում եւ նորանոր յաջողութիւններ: Շնորհակալութիւն յայտնեց եւ երախտիքի խօսքեր ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, անհատ բարերարներու եւ հանդիսատեսին: Յակոբ Գառնէշեան խօսքի աւարտին ըսաւ, որ համերգը պիտի ապացուցէ , որ թուրքի սումկայիթեան մշակոյթին կը պատասխանենք սայաթնովեան մշակոյթով: Ելոյթը կը ծառայեցնենք Հայաստան-սփիւռք  կապերու ամրապնդման եւ ազգային մշակոյթի պահպանման ու հարստացման:

SayatNova1_022816
Յակոբ Գառնէշեան

Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան: Ան գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ «Սայաթ-Նովա» համոյթը իր ելոյթով կ՛իրականացնէ վաղեմի երազ մը, որն է` ելոյթ ունենալ Լիբանանի մէջ, ապա հաստատեց, որ հայրենիքի հայութեան համար ալ Լիբանանը երկրորդ հայրենիքի արժէք ունի:

Թովմաս Պօղոսեան ըսաւ, թէ «Սայաթ-Նովա»-ն համերգային պարզ խումբ չէ, այլ Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցն է, որ կ՛առաջնորդուի բացառապէս ազգային սկզբունքներով եւ արժէքներով` պահպանելու ազգային երգը իր վսեմ անապական տեսակով եւ եկող սերունդները դաստիարակելով բացառապէս այդ արժէքներով: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Երգերու գեղեցիկ փունջով կ՛ակնկալենք յագեցնել ձեր պապակ ու ծարաւ սրտերը. ձեզի բերեր ենք հայրենիքի շունչը, մեր նախնեաց օրհնութիւնը, հայ անապական զուլալ երգը»:

Հերթաբար հնչեցին Աշուղ Հայկազունի, Աշուղ Րաֆֆիի, Սայաթ Նովայի, Ջիւանիի, Ֆահրատի, Մուրատ Մշեցիի անզուգական երգերը, ինչպէս նաեւ ազգային-հայրենասիրական երգերու փունջ մը: Ուշագրաւ էր արցախեան մշակոյթէն պատկերի մը կատարումը:

Երգիչներուն հիասքանչ ձայնը, գեղեցիկ կատարումները տուին իւրայատուկ ջերմութիւն մը` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն եւ երբեմն ալ գնահատական բացագանչութիւններուն: Համոյթը իր երգերով պատմեց հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, երգեց հայու փառքն ու յաղթանակը, գովերգեց հայ մշակոյթը:

Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ջիւանիի անուան դպրոցի սաներէն` լիբանանահայ երգչուհի Քարմէն Աճէմեան:

Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան սրտագին շնորհաւորութիւններ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համոյթին եւ ըսաւ, թէ սփիւռքեան տարածքներուն վրայ հայութիւնը ինքզինք գօտեպնդած է երգով, ապա ողջունելով համոյթին ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ, կոչ ուղղեց, որ վերստին փարի ժողովուրդը իր ազգային աւանդներուն, յատկապէս երաժշտութեան, ժողովրդային երգերուն, որոնք հայութեան սեփականութիւնն են, որոնք միայն հայութեան միջոցով կրնան ապրիլ եւ ապրեցնել:

SayatNova2_022816

Խօսքի աւարտին Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Սեպուհ Այնթապլեան եւ առաջնորդ սրբազան հայրը  անմահացուցին համերգը յուշանուէրով մը, զոր յանձնեցին փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանին:

«Ախ իմ հայրենիքի ջուրը» եւ «Հայեր միացէք» երգերով համերգը իր աւարտին հասաւ: Պէտք է հաստատել, որ «Սայաթ-Նովա»-ն իրօք եղաւ կենդանի ապացոյց մը, ոչ միայն աշուղական-հայրենասիրական երգեր մեկնաբանելու, այլեւ սերմանելու հայրենասիրութիւն եւ հայապահպանման առաքելութիւնը իրականացնելու:

 

 

Նախորդը

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Զոհերուն Յիշատակի Հաւաքին Շեշտուեցաւ Մարտահրաւէրները Միասնական Ուժով Դիմագրաւելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Բարի Լոյս 20. Հայ Դպրոցը` Ի Պատուի

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?