Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Խօսքը Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութեան

Յունիս 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-27-15_Armen-ArslanianՅարգելի՛ եւ սիրելի սգակիցներ,

Արմէն Արսլանեանի մահը որքան ցաւ ու ցասում կը պատճառէ բոլորիս, նոյնքան ալ զարմանքի առիթ կու տայ. իր մահը անտարակոյս հաւատքի խախտումի դուռը կը բանայ ըլլա՛յ բնազանցական արդար կարծուող աներեւոյթ ուժերու հանդէպ, ըլլա՛յ մեզի ժամանակակից ոչ արհամարհելի յաճախականութեամբ մը շեփորուող  առողջապահութեան սկզբունքներուն եւ այդ մարզէն ներս վիճակագրական անվիճելի կերպով հաստատուած եւ օրէնքի ուժ ստացած որոշ յանձնարարութիւններու հանդէպ: Մարմնամարզական իր փայլուն անցեալը եւ կեանքի ամէնէն անմեղ մոլութիւններէն ինքզինք բծախնդրօրէն հեռու պահած մեր տարաբախտ ընկերը ահա մեկնեցաւ կեանքէն` խոր սուգի մէջ մատնելով իր հարազատները եւ զինք սիրել սորված մտերիմներու բաւական մեծ զանգուած մը:

Մենք Պէյրութի մէջ շատ առիթ չենք ունեցած Արմէնին հետ միասին ըլլալու, սակայն հազուադէպ հանդիպումները բաւարար եղած են տեսնելու իր մէջ մարդկային ազնուագոյն յատկանիշները: Նկատած ենք, օրինակի համար, որ Արմէն, հակառակ առաջին վայրկեանէն իսկ զգալի դարձող եւ զինք յատկանշող պատանեկան ամօթխածութեան,  իր տեսակէտներն ու համոզումները, թէեւ անառարկելի քաղաքավարութեամբ, միաժամանակ սակայն զանոնք բուռն կերպով պաշտպանողն էր:

Իր անհատական բարեմասնութիւններու կողքին, Արմէնի ամէնէն աչքի զարնող կէտը հայ դպրութեան եւ մշակոյթին հանդէպ իր անկեղծ պաշտամունքն էր, անոր տածած գուրգուրանքը` հայ գիրին պահպանման, պաշտպանութեան եւ զարգացման համար: Իր էութեան անբաժան մասնիկն էր հայ մանուկին եւ պատանիին հայերէնի եւ հայկական մշակոյթին հանդէպ սէրը արթնցնելու կամ զայն վառ պահելու մտատանջութիւնը: Ուրկէ՞ այս տեւական հոգածութիւնը հայ դպրութեան վերաբերմամբ մէկու մը քով, որ իր գիտակից կեանքի մեծագոյն բաժինը ապրած է եւրոպական ոստաններու մէջ, հեռու` հայահոծ միջավայրերէ: Աղբիւրներէն մէկը վստահաբար ատենին իր յաճախած դպրոցն էր, միւսը`  իր անդամակցած հայկական մարզական միութիւնը, որոնք իրեն փոխանցած են  հայկական արժէքներու հանդէպ սէրը: Բայց կասկածէ վեր է, որ ամէնէն վառ եւ ուժեղ ազդեցութիւնը եկած է իր անմիջական ընտանեկան շրջանակէն: Ընտանիքի երէցները իրենց անձնական օրինակով ճամբայ ցոյց տուած են իրենց զաւակներուն, որոնց կարգին նաեւ` Արմէնին: Արդարեւ, նախ Մելանքթոն Արսլանեանի, իսկ յետոյ նաեւ Հայկ Արսլանեանի իշխանական նուիրատուութիւններով կարելի դարձաւ ներկայիս իրենց անունը կրող Համազգայինի ճեմարանի նոր համալիրին կառուցումը, առանց որուն` Ճեմարանը լուրջ դժուարութիւն պիտի ունենար Լիբանանի մէջ իր կրթական գործը հեզասահ կերպով շարունակելու: Լիբանանի երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմի հանգրուանի մը այլեւս կարելի եղաւ տեսնել, որ քաղաքի Պէյրութի կեդրոնը գտնուող Նշան Փալանճեան ճեմարանի կառոյցը գէթ ժամանակի մը համար մատչելի պիտի չըլլար ճեմարանի աշակերտութեան մեծամասնութեան համար: Քանի մը տարի ժամանակաւոր կայքի մը մէջ իր դպրոցի  գործունէութիւնը կազմակերպելով` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ձեռնարկեց Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի շինութեան պատերազմէն անմիջապէս առաջ իր սեփականութիւնը դարձած հողաշերտին վրայ` Անթիլիասի բարձունքներուն: Մեր օրերուն դպրոցը կը գործէ անխափան` արձանագրելով նորանոր յաջողութիւններ: Բնական է` Արմէնը մեծ խանդավառութեամբ դիտեց կատարուող աշխատանքները եւ իր այցելութիւններով նաեւ ուղղակի ականատես եւ մասնակից եղաւ անոնց:

Ասիկա՞ եղաւ արդեօք Արմէնի Պելճիքայի՛ մէջ ալ Համազգայինի աշխատանքը ծաւալելու մտադրութեան մեկնակէտը: Ի՛նչ ալ ըլլայ պատճառը, Արմէնը նոյն խանդավառութեամբ փարեցաւ այս գործին եւ յատկապէս իր ճիգերով 2009-ի փետրուարին վերակազմակերպուեցաւ Պելճիքայի Համազգայինի կորիզը, որուն հիմնական աշխատանքներէն մէկը հանդիսացաւ  Մեխելենի «Լեւոն Շանթ»  շաբաթօրեայ դպրոցին խնամատարութիւնը: Արմէնի աչքերուն մէջ յաճախ նշմարած ենք մտահոգութիւն այս դպրոցի յանձանձման պարագայական դժուարութիւններուն պատճառով, նոյնքան ալ ուրախութիւն եւ ցնծութիւն` դպրոցի ձեռքբերումները հաղորդող իր բանաւոր կամ գրաւոր արտայայտութիւններուն մէջ:

Մէկ խօսքով, սփիւռքի դժուար ու շատերը յուսահատեցնող պայմաններուն մէջ Արմէնը հանդիսացաւ հայերէնի եւ ընդհանրապէս հայագիտութեան հաւատաւոր եւ ամուր յենարաններէն մէկը, որ բծախնդրօրէն հետապնդեց կամաւոր կերպով ստանձնած իր բոլոր պարտականութիւնները:

Իսկ այսօր ինք անողոք հիւանդութեան մը հարուածով պարտադիր վերջնական հրաժեշտը կ՛առնէ մեզմէ: Ափսո՜ս: Սփիւռքը այնքա՜ն պէտք ունի հայոց լեզուին եւ հայկական մշակոյթին արժէքը գիտցող նուիրեալներու: Համազգայինը եւ անոր նման այլ կազմակերպութիւններ այնքա՜ն պէտքը կը զգան Արմէն Արսլանեանի եւ այլ Արմէններու քաջալերանքին, օժանդակութեան եւ անոնց աշխատանքներուն գործօն մասնակցութեան: Մեր համահայկական հաւաքականութիւնը այսօր կ’ապրի իր պատմութեան ճակատագրական հանգրուաններէն մէկը: Այստեղ պէտք է նշել, որ Արմէնը եւ ընդհանրապէս Արսլանեան ընտանիքի անդամները ճիգ թափած են հայութեան զոյգ ճակատներուն վրայ հաւասարապէս: Համազգայինի աշխատանքներուն իրենց կատարած եւ դեռ կատարելիք շօշափելի ներդրումով անոնք բարձրացուցած են եւ կը շարունակեն բարձրացնել  սփիւռքահայութեան դիմադրողականութեան աստիճանն ու անոր զարգացման կարելիութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս իրենց կատարած ներդրումներով նպաստած են հայրենիքի տնտեսական վերելքին:

Արմէնին` վարձքը կատար: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ամբողջ Համազգայինի եւ աշխարհացրիւ համազգայնականներու անունով կը ցաւակցի իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն:

Համազգայինը այսօր սուգի մէջ է Արսլանեան մեծ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին հետ միասին: Արմէնի կեանքին մնացորդը իրե՛նց թող երթայ, որպէսզի աւելիո՛վ հետապնդեն Արմէնին, ինչպէս իրմէ առաջ  Մելանքթոնին եւ Հայկին գործերը:

Խոնարհելով իրենց յիշատակին առջեւ անգամ մը եւս իրենց կը յայտնենք մեր եւ մեր կառոյցներու անվերապահ   երախտագիտութիւնը:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Ատենապետ Համազգայինի
Կեդրոնական վարչութեան

Անվերս,  23  մայիս  2015

Նախորդը

Խօսք Յիշատակի

Յաջորդը

Տե՛ս Մօրդ Արցունքը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?